Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս 79-35 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հուփսի, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 9-12, 7-24, 13-24 եւ 6-19:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Նաթալի Սվաճեան (27), ապա` Մեղրի Թորոսեան եւ Սանտրա Նաժըմ (13-ական):
Նշենք, որ մրցումը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):


