
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ երբ խորհրդարանը իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգեց, խոստացաւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, սակայն այդ իմաստով ան ոչինչ կատարեց:
Քանաան հաստատեց ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան այլ երկարաձգում մը անբաղձալի է:
«Ընտրական օրէնքը բացառութիւն է եւ խորհրդարանը կրնայ զայն վաւերացնել` նոյնիսկ երբ նախագահական աթոռը թափուր է», ըսաւ Քանաան:
Ան կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան ուխտի ճշգրիտ գործադրութեան, ինչպէս նաեւ իսկական գործընկերութեան:
Անդրադառնալով Իսրայէլի մէջ գտնուող լիբանանցիներուն` Քանաան վերյիշել տուաւ թիւ 194 օրէնքը, որ ներկայացուած է զօր. Աունի կողմէ եւ վաւերացուած 2011-ին:
Այս օրէնքին հիման վրայ գործակալ եզրը քաղաքական բառարանէն ջնջուած է, իսկ օրինական առումով նշեալ անձերը կը նկատուին Իսրայէլ ապաստանած լիբանանցի քաղաքացիներ:


