Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

June 3, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hamaz-logoՀամազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր Է. Պատգամաւորական ժողովին բացումը կատարեց Երեւանի մէջ 29 մայիս 2014-ին` ներկայութեամբ 16 շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներու, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարներուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ու արտակարգ դեսպանին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին, ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ «Արարատ» միութեան ներկայացուցիչներուն եւ հայրենի մտաւորականներու:

Իրերայաջորդ չորս օրերու վրայ երկարող 13 նիստերով ժողովը հանգամանօրէն քննեց նախ ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, իր օրակարգին վրայ տեղ գտած կրթական եւ մշակութային նիւթերը, ապա անցաւ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար իր համահայկական  գործունէութեան ծրագիրի մշակման:

Համազգայինի կազմակերպական վիճակը քննարկման ենթարկելով` ժողովը ծանրացաւ շարքերը երիտասարդացնելու, Համազգայինի ընտանիքին աշխարհագրական ընդարձակումի հրամայականին վրայ եւ առ այդ տուաւ գործնական որոշումներ: Մշակութային եւ կրթական գործունէութեան ծիրին մէջ` իբրեւ մարդուժի բացառիկ աղբիւր, ժողովը շեշտեց Համազգայինի Ճեմարաններուն վերանորոգ դիմագիծ եւ աւելի լայն տարողութիւն տալու աշխատանքի կարեւորութիւնը, Հայաստան-սփիւռք կրթական եւ մշակութային գործակցութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի աշխատադաշտի ընդարձակման կարեւորութիւնը, հրատարակչատան գործունէութիւնը յաւելեալ ծաւալով յառաջ տանելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստան-սփիւռք մշակութային եւ կրթական գործակցութեան ծիրին մէջ, ժողովը գնահատեց Համազգայինի հայաստանեան բեղուն գործունէութիւնը եւ որոշեց աւելի ընդարձակել անոր դաշտը:

Սուրիոյ ճգնաժամին պատճառով հոն բնակող հայ ժողովուրդի հատուածին կրած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, մշակութային եւ մանաւանդ ազգային վնասներուն անդրադառնալով` ժողովը որոշեց ամէն ձեւով զօրակցիլ սուրիահայութեան գոյատեւման ու վերականգնումի ճիգերուն:

Մեկնելով Համազգայինի աւելի քան ութ տասնամեակներու գործունէութենէն եւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» անսակարկելի առաջադրանքէն` ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտադրեց թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ գործօն ներկայութիւն ըլլալու ծառայական առաքելութիւնը:

Ժողովը ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրը, ինչպէս նաեւ` Երեւանի պետական համալսարանին հետ ստորագրուած համաձայնագիրը` հայագիտական մասնագիտացման ծրագիրի գծով:

Եզրափակելով իր աշխատանքները` ժողովը կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին աշխարհին պահանջատիրական ոգիով եւ վճռակամութեամբ ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը:

Աւարտին ժողովը ընտրեց նոր Կեդրոնական վարչութիւնը` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կազմուած է հետեւեալ ձեւով`

Վաչէ Փափազեան (Լիբանան)
Վարանդ Ալեքսանտրեան (Լիբանան)
Մկրտիչ Եափուճեան (Լիբանան)
Եսայի Հաւաթեան (Լիբանան)
Կարօ Պայթարեան (Լիբանան)
Թամար Գապագեան-Հաշէօլեան (Լիբանան)
Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան)
Սպարտակ Ղարաբաղցեան (Հայաստան)
Կարօ Մանճիկեան (Սուրիա)
Աննա Յովհաննէսեան (Եւրոպա)
Վիգէն Թիւֆենքճեան (Քանատա)
Վիգէն Եագուպեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Հրայր Պարոնեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ
ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Է. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Երեւան, 1 յունիս 2014

Նախորդը

Ոչ Իշխանական Քառեակին Կողմէ Քննարկում` Նոր Կառավարութեան Ներկայացուելիք Պահանջներուն

Յաջորդը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.