Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ու «Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի Սենեկային Համոյթի Ելոյթները

June 3, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0102hamazՀամազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 1 յունիս 2014-ին,  երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբն ու «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթը ելոյթ ունեցան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ անդրադարձաւ, թէ Համազգայինի արուեստի բոլոր միաւորները իրենց տարեկան ելոյթներով  հանդէս եկան լիբանանահայ մշակութասէր հանդիսատեսին, իսկ այսօր առիթը «Գուսան» երգչախումբին եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթինն է: Ապա բարձր գնահատելով հաղորդակցութեան միջոցներու նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի ներկայութիւնը սոյն ձեռնարկին, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին պատկերը կրող դրոշմաթուղթի հրատարակման որոշումը տալուն եւ գաղափարը իրականացնելուն համար: Ան հաստատեց, որ յուշարձանը  հայութեան միասնական պայքարի խորհրդանիշն է: Իր խօսքի աւարտին, Աբրահամեան իբրեւ երախտագիտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց Սահնաուիին: Իր կարգին, Նիքոլա Սահնաուի խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց յուշանուէրին համար եւ ըսաւ, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով հայերու վերաբերող դրոշմաթուղթ կը տպուի, ինչ որ անհրաժեշտ է ու շահեկան: Սահնաուի աւելցուց. «Այսօր Լիբանանի ժողովուրդին անունով կու գամ ըսելու, որ 1915-ին ձեր կրած ցաւը մեր ալ ցաւն է միաժամանակ, մենք իբրեւ մէկ պետութեան պատկանող ժողովուրդ, պարտաւոր ենք զգալ մէկզմէկու ցաւը, մենք միշտ մէկ ենք եւ այդպէս ալ կը մնանք:

0102hamaz2Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» սենեկային երգչախումբը` Գրիգոր Ալլոզեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի Ս. պատարագը, ինչպէս նաեւ «Խորհուրդ խորին», «Միայն սուրբ, միայն Տէր», «Ամէն հայր սուրբ» շարականները` մենակատարութեամբ Աւետիս Ագրապեանի, «Սիրտ իմ սասանի»` մենակատարութեամբ Մարալ Շաննաքեանի, «Սուրբ սուրբ», «Լուսնեակը լոս ի. Բաբօ» եւ «Ելա տանիս» կտորները:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթը` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի: Այս բաժինով հնչեցին հայ եւ օտար մեծանուն դասական եւ աշխարհահռչակ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: Յաջորդաբար ներկայացուեցան Ռոսսինիի «Տը պարպըր աֆ Սեվիլ օվըրթուր», Պախի «Քոնչերթօ ֆոր վայոլին էնտ օրքեսթրա»՝  մենակատարութեամբ Նարօտ Սուրճեանի, Կոմիտասի «Հայ ազգային օրհնութիւն», Հայտընի «Թիւ 45 Ֆերուել» համանուագը: Տպաւորիչ էր  մանաւանդ Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինքը», որուն դաշնաւորումը կատարած է Կարօ Աւեսեան: Արամ Խաչատուրեանի «Երգ Երեւանի մասին» եւ Շոսթաքովիչի «Ուալթզ թիւ 2» կտորներով վերջ գտաւ երկրորդ բաժինը:

0102hamaz1Յայտագիրի վերջին մասով կրկին ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» երգչախումբը: Յաջորդաբար ներկայացուեցան Կարօ Քէշիշեանի մեկնաբանութեամբ «Ես սարէն կու գայի» եւ Շողիկ Թորոսեանի մեկնաբանութեամբ «Ծիրանի ծառ» ժողովրդական երգերը: Բարձր ճաշակով հնչեց հարսանեկան շարքը` «Թագւոր բարով», «Էն դիզան» երգերը, ինչպէս նաեւ «Առնեմ երթամ իմ եարը»: Բաւական խանդավառութիւն ստեղծեց «Չինարի ես» երգը: Ապա ներկայացուեցաւ Բ. Կանաչեանի «Հայրենի կարօտ»-ը, Է. Յովհաննէսեանի «Նանարի նար», «Լեպհո լէ լէ» եւ «Ալագեազ»երգերով ելոյթը իր աւարտին հասաւ:

 

 

Նախորդը

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Քաոսային Վիճակ` Հալէպի Մէջ

Յաջորդը

Նշմար. Հայկական Մանկամսուրը` Հայ Ծնողքին Փրկութեան Լաստը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.