Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրըն Շըպպեքի Եւ Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուներուն Մէջ . Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Յարգանքի Տուրք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտիչներու Յիշատակին

June 2, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0106HokehankisdՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտիչներէն ոմանց դամբարանները ընդգրկող Ֆրըն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` մասնակցութեամբ Լիբանանի թեմի քահանայից դասի անդամներուն:

0106Hokehankisd1Հոգեհանգստեան արարողութիւններէն ետք,  ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Արշակ Յովհաննէսեանի` Հայաստանի խորհրդարանի անդամ, Մուշեղ Աւետիսեանի`  խմբապետ Մուշեղ Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մարտերուն մասնակից, Նիկոլ Աղբալեանի` Հայաստանի Լուսաւորութեան նախարար, Լեւոն Շանթի` խորհրդարանի փոխնախագահ, Հրաչ Փափազեանի` Նեմեսիս գործողութեան մասնակից, Վարդան Շահպազի` Ղարաքիլիսէի ճակատամարտի մասնակից եւ Ցրօնքցի Մուրատի` մայիսեան կռիւներու մասնակից դամբարաններուն:

Ծաղկեպսակները զետեղուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Զաւարեան ուսանողական միութեան, Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կողմէ:

Ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւնը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած մահերգով:

Յակոբ Տէր Ղուկասեան
Յակոբ Տէր Ղուկասեան
Կարօ Յովհաննէսեան
Կարօ Յովհաննէսեան

Ապա «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ գերեզմանատան մէջ իրենց վերջին հանգիստը գտած եւ հայոց պատմութեան մէջ գլխագիրով իրենց անունը փորագրած անձնաւորութիւններուն հերոսական գործունէութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ կերտել 1918-ի անկախութիւնը:

«Մայիս 28-ի անառարկելի իրականացումներէն մէկը այդ օրերուն դժուար պայմաններու ու ճգնաժամային վիճակի մէջ Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը ժողովրդավար կարգով օժտելն էր: Իսկ այս բոլորին ետին կանգնած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իր գործիչներով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնն էր դերակատարը ճակատամարտերուն ընթացքին եւ պետականութեան կերտման մէջ:

Յ. Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ նման առիթներ հայ ժողովուրդին ուղղուած մնայուն կոչ են ու պատգամ` հաւատարիմ մնալու եւ կառչելու իր հերոսներու եւ նուիրեալ գործիչներու յիշատակին, «որովհետեւ ժողովուրդի մը ապագան կը կերտուի անցեալէն ձեռք ձգուած փորձառութիւններուն, փառքին ու նուաճումներուն հիման վրայ: Սակայն պէտք չէ գինովնալ լոկ անցեալով, այլ նորանոր ձեռքբերումներ կերտել, որպէսզի իբրեւ ժառանգ փոխանցենք նոր սերունդներուն: Ուստի այսօր մենք ազգովին կոչուած ենք այդ փառքի կերտման մէջ ներդրում ունեցողներուն յիշատակը անմար պահելու, անոնց պատգամն ու աւանդը փոխանցելու սերունդէ սերունդ եւ շարունակելու անոնց բացած ճամբան` ի փառս հայութեան եւ անոր սրբազան նպատակներուն», յայտնեց ան:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան, շեշտեց, թէ մահը կը չքանայ, երբ կայ նպատակը, երբ կայ անոր հասնելու համոզուած մօտեցումը:

Պատգամախօսը յայտնեց, որ մահ չունի այն անհատը կամ հաւաքականութիւնը, որ ինքնավստահ կը նետուի գաղափարի մը իրագործման առջեւ:

0106Hokehankisd2«Այսօր, երբ Հայաստանի պետականութիւնը մեծ շուքով կը տօնէ Մայիս 28-ը, կը նշանակէ, որ իր արժանաւոր տեղը գտած է արդէն այս մեծ թուականը մեր պատմութեան մէջ: Այլ մանաւանդ կը նշանակէ, որ Մայիս 28-ի մեծագործութիւնը նսեմացնելու կամ ուրանալու ամէն տեսակի փորձերը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն ա՛լ: Կը նշանակէ դարձեալ, որ պատմութիւնը կարելի չէ գրել կամայականութեամբ եւ հատուածական նկատումներով: Ժողովուրդներու կամքն ու հերոսներու թափած արիւնն է, որ կը գրէ պատմութիւնը», ընդգծեց Կ. Յովհաննէսեան:

Ան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ յաւակնութիւնը ունենալ թաղելու ճշմարտութիւնը, որ ուշ կամ կանուխ կը յայտնաբերուի: «Այդպէս է, որ 96 տարի ետք, այսօր այս գերեզմանատան մէջ, մենք կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր մեծ մեռելներուն` իբրեւ ճշմարտութեան յաղթանակ մը, մեր մեռելներուն արժանապատուութեան յաղթանակը, բռունցքի՛ յաղթանակը, արեա՛ն յաղթանակը: Սակայն չի բաւեր յիշել մեռելները, հաղորդուիլ անոնցմէ եւ խոնարհիլ անոնց առջեւ: Յարգանքի միակ իրական արտայայտութիւնը անոնց ճամբէն քալելն է», աւելցուց Կ. Յովհաննէսեան:

Ան եզրափակեց ըսելով, որ մեր մեռելները առաքեալներ էին եւ հայոց հանրային կեանքին անոնց տուած նպաստը կը շարունակէ ապրեցնել մեզ:

«Մեծ է անոնց հմայքը, որովհետեւ մեծ է անոնց զոհողութեան ոգին, սկզբունքներուն ուժը եւ հաւատքին խորութիւնը: Վստահ պէտք է ըլլալ, որ մեր մեռելները ձայն ունին գերեզմաններէն ալ անդին», ըսաւ ան:

Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն յիշատակին մատուցուած յարգանքի տուրքը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Ապա Ֆրըն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ հաւաքուած բազմութիւնը ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը ՀՅ Դաշնակցութեան Պանթէոնին, ուր կը  ննջեն Հայաստանի Ա. անկախութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան, 1918-ի անկախութեան շրջանին Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Աւետիք Սահակեան (Ծանօթ` իբրեւ Հայր Աբրահամ), Ա. անկախութեան շրջանին Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունի, Մալխաս եւ հայութեան անմնացորդ ծառայած անձնուրաց այլ դէմքեր:

Ծաղկեպսակի զետեղման պաշտօնական արարողութիւնը աւարտեցաւ ներկաներուն կողմէ «Վէրքերով լի» խմբերգով:

 

 

Նախորդը

Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճին Մէջ. Մայիսեան Յաղթանակին Նուիրուած Ժողովրդային Եզրափակիչ Տօնախմբութիւն

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Մշտանորոգ Կենսունակութեան Ընդմէջէն Լիբանանահայութիւնը Վերանորոգեց Իր Նուիրաբերումն Ու Հաւատարմութիւնը Մայիս 28-ի Խորհուրդին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.