Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

July 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի մեծ ընտանիքը` տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտներ, ծնողներ ու հարազատներ անձկութեամբ կը սպասէին շաբաթ, 4 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին` ներկայ գտնուելու մանկապարտէզի շրջանաւարտից հանդիսութեան:

Երեկոն սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բեմը, որ սկզբնական հմայքով կը ներշնչէր ներկաները` «օլտիզ»ի մթնոլորտով, կենդանացաւ, երբ մանկական անմեղ ու քաղցր ներկայութեամբ ու տպաւորիչ ինքնավստահութեամբ շրջանաւարտներ հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն ու փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները` նախ մանկական, ապա ազգային երգերով, որոնց ընթացքին ներկաներուն բաժնուած դրօշներու ծածանումը խանդավառեց բոլորը ու ոգեւորեց զանոնք ազգային հպարտութեամբ:

Նկատելի տաղանդներով օժտուած ծաղիկ դասարանի փոքրիկները ելոյթ ունեցան «Էլի եարօ» պարով ու իրենց հեզաճկուն ու միաժամանակ կրակոտ հմայքով հրապուրեցին ներկաները` արժանանալով անոնց բուռն ծափահարութեան: Կոկոն դասարանը յաջորդաբար ներկայացուց «Եալլա նաամմըր» երգը ու «Նորից գարուն» պարը, որուն յաջորդեց բողբոջ դասարանի «Սիլոյի պարը», որուն աւարտին երբ աշակերտները դէպի բեմ դարձան անգամ մը եւս ապացուցեցին իրենց սէրը իրենց վարժարանին նկատմամբ: Անոնք իրենց կռնակներուն վրայ կը կրէին «Մենք կը սիրենք ԿԲՎ» գրութիւնը:

Շրջանաւարտները անգամ մը եւս բեմ բարձրանալով` ներկայացուցին արտասանութիւններու ու երգերու գեղեցիկ փունջ մը: Գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ կոկոն դասարանի «Սիրելու համար» պարով: Ուշագրաւ ու հմայիչ էին գունազարդ ու իւրայատուկ ոճով պատրաստուած տարազները ու սրտագրաւ` աշակերտներուն զուարթ ու եռանդով լեցուն նկարագիրը եւ դէպի փայլուն ապագայ սլանալու հայու անխախտ հաւատքը:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց մանկապարտէզի կենսուրախ մթնոլորտն ու հոն դրոշմուած անջնջելի տպաւորութիւնները յաւերժացնող նկարներու ցուցադրութիւնը:

Մանկապարտիզպան Անիթա Քէլէշեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս տարուան շրջանաւարտները` ծաղիկ դասարանի շնորհալի ու տաղանդաւոր փոքրիկները, Աստուծոյ փառքին համար ի գործ դրին իրենց բոլոր կարողութիւնները: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք  իրենց զաւակները վստահած են Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, որպէսզի անոնք ունենան աստուածահաճոյ կեանք ու գօտեպնդուին ազգային պատկանելիութեամբ ու հպարտութեամբ: Ան շեշտեց հայ դպրոցի ինքնուրոյն դերին կարեւորութիւնը հայ մանուկին կեանքին մէջ ու եզրափակեց ըսելով, որ հայ դպրոցը Լուսաւորիչի այն կանթեղն է, որուն ճառագայթներուն տակ հայ մանուկը ո՛չ միայն կը դաստիարակուի ու գիտելիքներ կ՛ամբարէ, այլ նաեւ կը կազմուի անոր ազգային նկարագիրն ու պատկանելիութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ սէր, հոգատարութիւն ու գուրգուրանք ցուցաբերած են մանկապարտէզի գործունէութիւններուն նկատմամբ:

Հասած էր սպասուած վայրկեանը: Սրտապնդիչ պահ էր, երբ շրջանաւարտներու հայրերը` ընկերակցելով իրենց մատղաշ զաւակներուն, բեմ առաջնորդեցին զանոնք, որպէսզի անոնք ստանան իրենց առաջին վկայականները: Վկայականներու տուչութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեանի: Կը տիրապետէր իսկական տօնական մթնոլորտ: Այս վայրկեանները անջնջելի յուշեր պիտի դառնային իւրաքանչիւր աշակերտի, անոր ծնողներուն ու հարազատներուն սրտին ու մտքին մէջ:

Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ եկեղեցւոյս հովիւ վեր. Ս. Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հրաժեշտի նախորդող վայրկեաններուն հնչեցին շնորհաւորական երգեր ու տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Վկայականներ ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Գազազեան Վանայ, Գարակէօզեան Սէրլի, Գարավարդանեան Դալար, Գասպարեան Յակոբ, Եթիմեան Սերժ, Զէյթլեան Արէն, Էճիտեան Քրիստ, Թօփէեան Սէրլի, Խանճեան Ռուպի-Մերի, Կէյիքեան Սելին, Հալլաճեան Վանայ, Մարաշլեան Լոռի, Մարտօ Քրիսթիան, Մելքոնեան Մէյսըն, Միսիսեան Սերժիօ, Մոզեան Ճօ, Նազարեան Էնտրու, Նազարեան Գօգօ, Չուլճեան Նաթալի, Սարաֆեան Սիրենա, Տէր Կարապետեան Փաթիլ, Տէր Խաչատուրեան Թամար:

Նախորդը

ԿԷՐԹՄԷՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Յաջորդը

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԱՅՆՃԱՐ. ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.