Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանի

May 23, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2205VartanTashjianՀԲԸՄ-ի  Մելքոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի Սանուց միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` հինգշաբթի, 22 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներ»-ու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ նուիրուած գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանի: Բարի գալուստի խօսքէն անմիջապէս ետք Մելքոնեանի շրջանաւարտները հրաւիրուեցան բեմ եւ միասնաբար երգեցին Մելքոնեանի քայլերգը: Բացման խօսքը կատարեց Րաֆֆի Տօնէրեանը: Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Շաքէ Փոտոյեան,  որ ջութակի ընկերակցութեամբ ընթերցեց Վ. Թաշճեանի կտորներէն «սիրերգ» եւ «Հեռուներէն ամայի», եւ Խաժակ Խաչատուրեան, որ ջութակով նուագեց «Սուրերու պար»-ը:

Խօսք առաւ Արմէն Իւրնեշլեան եւ ներկայացուց Վարդան Թաշճեանը` իբրեւ տաղանդաւոր մարդ, բեղուն ուսուցիչ, վաստակաւոր արուեստագէտ, լուսարձակի տակ առնելով անոր նուաճումներն ու աշխատանքը: Հակիրճ տողերով ներկայացուց նաեւ Վ. Թաշճեանի կենսագրական գիծերը: Ան յիշեց Մելքոնեան հաստատութիւնը, որ հայ իրականութեան ամէնէն ծանր օրերուն մարմին առաւ ու կոփելով հայ միտքը, պատրաստեց հայ հասարակութեան մտաւորականները, ազգային գործիչները եւ ուսուցիչները:

Թաշճեան ունի հարիւրէ աւելի անհատական ու հաւաքական ցուցահանդէսներ աշխարհի աւելի քան 10 երկիրներու մէջ:

Ապա Թաշճեանի արուեստին ու քիչ մըն ալ կեանքին  մասին նկարագրող վաւերագրական տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցան Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը, Մելքոնեանի սանուց տնօրէն Արմէն Իւրնեշլեան, Մ. Ս. հոգաբարձութեան ատենապետ Սարգիս Փչաքճեան, եւ տեղի ունեցաւ Վարդան Թաշճեանի հանդիսաւոր պարգեւատրումը:

Իր սրտի խօսքը ուղղեց գեղանկարիչ Վ. Թաշճեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց մեծարանքի երեկոն մտայղացողներուն եւ կազմակերպիչներուն:

Ան չմոռցաւ յիշելու անցեալի սերմնացանները, որոնք վառ պահեցին հայ մշակոյթի սէրը սերունդներուն մէջ, ապա անդրադարձաւ արուեստի ներգործութեան մարդու ներաշխարհին մէջ: «Արուեստը կը վերապրեցնէ մարդը, հոգեպէս զինք առողջ կը պահէ» ,ըսաւ ան, ապա «յաջողութիւնը երջանկութեան բանալին չէ, այլ երջանկութիւնն է յաջողութեան բանալին» խօսքով եզրափակեց իր  խօսքը: Այս առիթով սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց բժիշկ Թորոս Թորանեան, ապա Րաֆֆի Տօնէրեան շնորհակալութեան խօսքով փակեց ձեռնարկը:

 

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլ Եւ Ռիատի Պէյրութ` Առաջին Դիրքին Վրայ

Յաջորդը

Վաստակաւոր Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Պարգեւատրուեցաւ Մշակոյթի Նախարարութեան Կողմէ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.