Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Լիբանանի Գայլիկ-Արծուիկ Ճիւղերու «Գարնանային Խաղերու Օր»

May 23, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC00306ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած գայլիկ-արծուիկ ճիւղերու «Գարնանային խաղերու օրը» տեղի ունեցաւ  կիրակի, 11 մայիս 2014-ին:

Միացեալ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 210 գայլիկ-արծուիկներ` ներկայացնելով ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ` վոհմակ-երամներու խմբապետական կազմերն ու նախկին աքելլաներ (նախկին գայլիկ-արծուիկ խմբապետներ):

Սոյն յայտագրին նպատակն էր ստեղծել ընկերային մթնոլորտ մը` համախմբելով ՀՄԸՄ Լիբանանի ընտանիքի մասնաճիւղերու բոլոր գայլիկ  վոհմակներու եւ արծուիկ երամներու  անդամները, զարգացնել անոնց մօտ վեցեակային  դրութիւնը, ինչպէս նաեւ` պատասխանատուները  մարզել, որպէսզի անոնք կարենան տարբեր մասնաճիւղերու անդամներու հետ աշխատիլ` փոխանցելով զանազան  գիտելիքներ հաճելի եւ հետաքրքրական  ձեւերով:

Օգտուելով գարնանային պայծառ եւ հաճելի օրերէն` առաւօտեան ժամը 8:30-ին  գայլիկներն ու արծուիկները հաւաքուեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի բացօթեայ ընդարձակ խաղավայրին մէջ, նոր միջմասնաճիւղային վեցեակներու բաժնուելէ ետք, ուր ամէն վեցեակի համար նշանակուեցաւ նոր պատասխանատու մը, ապա խումբերը սկսան առաջին հանգրուանի խաղերը խաղալու: Խաղերու պատասխանատուներն էին նախկին եւ ներկայ աքելլաներու կազմը:

Առաջին հանգրուանի 12 խաղերը կ’ընդգրկէին չարքաշ, մարզական, նշանառութեան եւ ջուրով խաղեր. վեցեակի բոլոր անդամները պէտք էր մասնակցէին այս խաղերուն, որպէսզի վեցեակը ստանար այդ խաղի յատուկ ամբողջացման նշանը:

Առաջին հանգրուանի խաղերը ամբողջացնելէ ետք գայլիկ-արծուիկները առին ճաշի դադար: Ճաշելէ եւ հանգստանալէ ետք անոնք սկսան խաղալու Բ. հանգրուանի 12 խաղերը, որոնք կ’ընդգրկէին վեցեակային մտային եւ դաստիարակչական խաղեր:

Յայտագիրը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ յայտագիրին մասնակցութեան յատուկ յուշանուէրը: Բոլոր գայլիկներն ու  արծուիկները շատ ուրախ եւ հաճելի յիշատակներով վերադարձան իրենց  ակումբները:

Նախորդը

Այս Անկիւնէն. Ծրագրում (Ա.)

Յաջորդը

«Ա. Աշճեան» Կեդրոնին Մէջ. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն Դէպի Ամբողջական Հայաստան» Նիւթով Միօրեայ Աշակերտական Սեմինար

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։