Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

July 6, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԳԱՒԱՌԸ

Այրարատ Հայաստանի կեդրոնական երկրամասն է եւ հայ ժողովուրդին համար քաղաքական, հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն եղած է:

ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԴԱՇՏԸ

Արարատեան դաշտը

Հայոց աշխարհի կեդրոնը, Այրարատ պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն եղած է երկրին քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային կեդրոնը: Այրարատ Մեծ Հայքի տասնհինգ նահանգներէն մէկն էր: Հոն գտնուած են Հայաստանի յաջորդական մայրաքաղաքները` Արմաւիր, Երուանդաշատ, Արտաշատ, Վաղարշապատ, Դուին, Բագարան, Երազգաւորս, Կարս, Անի եւ Երեւան:

 

Արարատեան դաշտը ընդարձակ հարթավայր մըն է 800-էն 1000 մեթր բարձրութեան վրայ եւ Արարատ, Արագած, Գեղամայ եւ Հայկական Պար լեռներով շրջապատուած է: Արաքս գետը դաշտը կը բաժնէ հիւսիսային, հիւսիս-արեւելեան եւ հարաւ-արեւմտեան մասերու: Իսկ Գայլի դրունքով Արարատեան դաշտը կը բաժնուի Նախիջեւանի հարթութենէն:

Ընդհանրապէս չոր եւ անջրդի կիսանապատային դաշտավայրին մէջ կան ճախճախուտներ. տարածուած են ջրային, աղասէր թփուտները` գեղածնկիկ, հազարտերեւուկ եւ բուրումնաւէտ օշինդրներ, իսկ Արաքսի եւ Սեւջուրի ափերը ծածկուած են եղէգնուտներով: Գետերն են` Արաքսը իր վտակներով` Քասաղ, Հրազդան, Ազատ, Վետի եւ Սեւջուր (Մեծամօր), որոնք կը վարարին գարնան եւ ամրան սկիզբը եւ յաճախ կը փոխեն իրենց հունը: Ամրան գետերուն մէկ մասը բոլորովին կը ցամքի:

Կլիման չոր ցամաքային է. ամառը` սաստիկ տաք, եւ ջերմաստիճանը 24-էն մինչեւ 42-ի կը բարձրանայ: Իրիկնադէմին սակայն, լեռներէն փչող հովերը տաքը կը մեղմեն. յիշենք Կոմիտաս վարդապետին «Հով արէք սարեր» երգը: Ձմեռը ցուրտ է, ամպամած եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 4-էն 6 կ՛իջնէ. երբեմն ալ` զերոյէն վար մինչեւ 33 աստիճան: Գարունը կարճատեւ է եւ փոփոխական, իսկ աշունը` տաք եւ արեւոտ: Տարեկան տեղումները 250-էն 350 միլլիմեթր են:

Կենդանիներէն տարածուած են օձը, մողէսը, մորեխը, ուտիճը, մրջիւնը, կարիճը, գայլը, արջը, աղուէսը, եղէգնակատուն, այծեամը, նապաստակը, ճագարամուկը, կզաքիսը եւ գորշուկը. կան տեսակաւոր թռչուններ: Անցեալին միջատի տեսակ մը կար որմէ կը ստացուէր որդան կարմիր ներկը: Այդ միջատը յայտնաբերուած է աղուտներուն մօտ:

Արհեստական ոռոգման շնորհիւ զարգացած է երկրագործութիւնը. կը մշակեն գլխաւորաբար խաղող, ծիրան, խնձոր, դեղձ, կեռաս, սերկեւիլ, ընկոյզ եւ բանջարեղէն. կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ թռչնաբուծութեամբ:

ՍՈՒՐՄԱԼՈՒ

Սուրմալու կ՛ընդգրկէ Արաքսի աջ ափը. արեւմտեան կողմէն` Կաղզուան եւ արեւելեան կողմը երկու Մասիսներուն միջոցները:

Իգդիրէն Կողբ երկարող ճամբուն վրայ, Ղարաղալայէն (պատմական Երուանդակերտ) քիչ մը հեռու, Արաքսի ափին գտնուող Սուրմալու գիւղը մնացորդն է Սուրմալի բերդին, ուր Վեստ Սարգիս Գագիկ Բ. թագաւորին գանձերը յափշտակելով ապաստանեցաւ: Աւանդութեան համաձայն Սուրմալու շրջանի Սուրբ Մարի եկեղեցւոյ անունէն սերած է: Տեղացիք իրենց գաւառը կը կոչեն Սհաթափոս, որովհետեւ իւրաքանչիւր ժամ տեսակ մը եղանակ կ՛ունենայ, իսկ փոս` որովհետեւ խոր հարթավայր է:

Արաքսէն սկսելով հարթութիւնը կը ցածնայ դէպի լեռներու ստորոտները, դէպի Մասիս եւ Բարթողեան լեռնաշղթան: Մեծ Մասիս կը բարձրանայ հարաւ-արեւելեան կողմը, իսկ Փոքրը շատ քիչ տեղերէ կ՛երեւի:

Սուրմալու պտղատու գաւառ է. հարուստ է բազմազան վայրի հաւերով ու կենդանիներով եւ անցեալին հարուստ էր որդան կարմիրով:

ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌԸ

Արարատ

Արարատ կամ Մասիս լեռը կը գտնուի Արարատեան դաշտին հարաւը: Յանգած հրաբխային լեռնազանգուածը բաղկացած է երկու գագաթներէ. Մեծ Մասիսը ունի 5156 մեթր բարձրութիւն, Հայաստանի բարձրագոյն գագաթն է եւ յաւերժական ձիւնով ծածկուած է. իսկ Փոքր Մասիսը ունի 3925 մեթր բարձրութիւն. անոր գագաթը միշտ ձիւնածածկ չէ: Երկու Մասիսներն ալ լերկ են, զուրկ ակերէ եւ աղբիւրներէ եւ բնականաբար` շատ աղքատ բուսականութեամբ: Ժայռոտ գագաթը 12 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունի: Լանջերը ձորերով ու հեղեղատներով կտրատուած են: Հիւսիս-արեւելեան խորխորատը յայտնի է Վիհ Մասեաց անունով: Լեռնալանջերը քարակարկառներով ծածկուած են, ծանօթ` «քարէ ծովեր» անունով: 1500-էն մինչեւ 3500 մեթր բարձրութեամբ լանջերուն փռուած են արօտավայրեր եւ թփուտներ: Իսկ 1500 մեթրէն վար տարածուած են չոր թփուտներ. ճախճախուտներուն մէջ` եղէգնուտներ:

 

Արարատ հայ ազգին համար նուիրական եւ սուրբ կը համարուի, խորհրդանիշը հայութեան յաւերժութեան: Սուրբ Գիրքին մէջ Արարատ ներկայացուած է իբրեւ ջրհեղեղէն փրկուած Նոյ նահապետի նաւակայանը, նոր մարդկութեան խանձարուրը եւ ազգերու սփռման արձակարանը:

Իր վեհաշուք գեղեցկութեամբ, դժուարամատոյց բարձրութեամբ եւ բնական ներգործումներով` երկրաշարժներ, սառցասահումներ, վիմագլորումներ եւ սարսափազդու դղրդիւններ, Արարատ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է եւ արժանացած պաշտամունքի ու առասպելաբանութեան: Մասիս քաջաց ոգիներու դիցարան նկատուած է: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ Արտաւազդ թագաւոր շղթայակապ արգելափակուած է հոն եւ կը ջանայ դուրս գալ վիհէն:

Հայ եկեղեցին Արարատի սրբութեան նոր գունաւորում տուաւ, եւ քաջաց ոգիներու աւանդութիւնը փոխեց Նոյի սրբազան տապանի պահապան հրեշտակներով: Տրդատ Գ. թագաւոր Սուրբ Էջմիածնի հիմերը դրաւ եւ Հռիփսիմէի վկայարանը կառուցեց Մասիսէն բերուած քարերով:

Յակոբ Մծբնայ հայրապետ, Դ. դարուն, Նոյի տապանը տեսնելու յոյսով փորձեց բարձրանալ Արարատի գագաթը: Աստուած, տեսնելով սուրբին ապարդիւն ջանքերը եւ անսալով անոր պաղատանքին, հրեշտակի միջոցով տապանի փայտերէն կտոր մը ուղարկեց անոր: Փայտի այդ կտորը պահուած է Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

Արարատի լանջին, Ակոռի գիւղէն քիչ մը վեր կար Սուրբ Յակոբայ մենաստանը: Վանքին մօտակայքը, վիհի եզրին սառնորակ աղբիւր մը կար, որ աւանդութեան համաձայն Սուրբ Յակոբի արտասուքէն գոյացած է: Անհատական կամ Անահտական կոչուող աղբիւրը ուխտատեղի էր եւ ամուլ կիներ բուժելու յատկութիւն ունէր: Աղբիւրին ջուրը կը սրսկէին դաշտերուն վրայ, բերքը մարախներէն պաշտպանելու համար:

Արարատի հիւսիսային ստորոտէն կը բխի Արաքսի հարկատու Միջին Սեւջուրը: Արեւելեան կողմէն Սեւջուրին կը միանայ Գինոյ գետակը, ոռոգելով Ակոռիի դաշտերն ու այգիները: Գինոյէն հիւսիս-արեւմուտք, Սիսի ստորոտը կը գտնուէր Երեւանի Սարտար Հիւսէյն խանի ամարանոցը` Սարտար-պուլաղը` իր սառնորակ աղբիւրով:

Առաջին անգամ 1829 սեպտեմբերին Արարատի գագաթը բարձրացաւ Դորպատի համալսարանի փրոֆեսէօր Ֆրիտրիխ Պարրոտ, իբրեւ ուղեկից ունենալով Խաչատուր Աբովեանը, ակոռեցի երկու գիւղացիներ եւ ռուս երկու զինուորներ:

1840 յունիս 20-ի երեկոյեան պատահած երկրաշարժը կործանեց Ակոռին, Սուրբ Յակոբայ վանքը` իր աղբիւրով եւ սարտարի պալատը:

Արարատի կլիման  ձմեռը խիստ է եւ բարձունքներուն վրայ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 25 կ՛իջնէ, ստորոտը` զերոյէն վար վեց. ամառը բարձունքներուն վրայ` զերօ, իսկ ստորոտը` 26 աստիճան:

Արարատ հարուստ է կենդանիներով եւ թռչուններով, եւ անցեալին հայոց արքունի որսատեղի եղած է:

ԱՐԱԳԱԾ

Արագած

Արագած կը գտնուի Արարատեան եւ Շիրակի դաշտերուն, Ախուրեան եւ Քասաղ գետերուն միջեւ: Մասիսի նման հանգչած հրաբուխ, գագաթը ունի չորս կատարներ, որոնցմէ Հիւսիսայինը ունի 4090 մեթր բարձրութիւն, Արեւմտեանը` 4080 մեթր, Արեւելեանը` 3916 մեթր եւ Հարաւայինը` 3879 մեթր: Բրգաձեւ, ժայռային կատարներուն միջեւ կը գտնուի 350 մեթր խորութեամբ եւ երեք մեթր լայնութեամբ խառնարան-կրկէսը: Գագաթային գօտիին շուրջ կը տարածուին 2500-էն 3000 մեթր բարձրութեամբ սարահարթերը: Մերձգագաթային սարահարթը եւ լանջերը խոր հովիտներով կտրատուած են: Լեռնալանջերուն պահպանուած են նախամարդու մշակոյթի, ոռոգման հնագոյն ցանցի հետքեր, քանդակուած վիշապներ եւ միջնադարեան ճարտարապետութեան նմուշներ:

 

Արագած, ի տարբերութիւն Մասիսի, երկրագործական յարմարութիւն ունի, լայնանիստ է, հարուստ բուսականութեամբ եւ մարգագետիններով ու արօտավայրերով. տարածուած են անուշահոտ ծաղիկները` մանուշակ, վայրի շուշան, կակաչ եւ զանգակածաղիկ: Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն յիշենք ճագարամուկը, նապաստակը, աղուէսը, գայլը, մողէսը, կրիան եւ օձը. կան տեսակաւոր թռչուններ: Լեռնալանջերուն ամառը մեղմ է, ձմեռը` ցուրտ. իսկ մերձագաթային գօտիին մէջ ամառը զով է, երբեմն` ցուրտ, իսկ ձմեռը` երկարատեւ, սաստիկ եւ ձիւնառատ, եւ տարուան մօտաւորապէս 250 օրը ձիւնով ծածկուած կ՛ըլլայ:

ԱՊԱՐԱՆԻ ԴԱՇՏԸ

Ապարանի դաշտը կամ սարահարթը տարածուած է Արագածի եւ Ծաղկունեանց լեռներուն միջեւ, Քասաղ գետի հովիտին մէջ, 1800-էն մինչեւ 2100 մեթր բարձրութեան վրայ եւ հարուստ է սառնորակ աղբիւրներով, հանքային ջուրերով ու խոտառատ մարգագետիններով: Կը մշակեն գլխաւորաբար ցորեն, գարի եւ բանջարեղէն. զարգացած է անասնապահութիւնը, պանրագործութիւնը եւ թռչնաբուծութիւնը: Ձմեռը ցուրտ է եւ  ջերմաստիճանը զերոյէն վար 9-էն մինչեւ 33 աստիճան կ՛իջնէ: Ամառը մեղմ է. միջին ջերմաստիճանը` 16-էն 32: Բնորոշ կենդանիներէն են դաշտամուկը, ճագարամուկը, գայլը, աղուէսը, նապաստակը, գորշուկը, դաշտային արտոյտը եւ լորը:

Ապարան

Պատմական Նիգ գաւառը կը պատկանէր Գնթունիներու նախարարական տան, իսկ հետագային անցաւ Վաչուտեաններուն: Գլխաւոր բնակավայրը` Ապարան (անցեալին` Բաշ Ապարան):

 

ԿՈՏԱՅՔ

Կոտայք կ՛ընդգրկէ Արարատեան դաշտէն արեւելք եւ հիւսիս-արեւելք տարածուող լեռնային եւ դաշտային գօտին եւ Հրազդան գետի հովիտը: Գաւառին հիւսիս-արեւելեան մասը լեռնային է, ուր կը բարձրանան Գեղամայ լեռնաշղթան մինչեւ 3598 մեթր բարձրութեամբ Աժտահակ գագաթով, Ողջաբերդի լեռները, Հատիսը` 2528 մեթր բարձրութեամբ, Գութանասարը` 2299 մեթր բարձրութեամբ, Կովասարը եւ Ահմանկանը, իսկ Շամիրամի եւ Արայի լեռներուն անունները աւանդութեան համաձայն կապուած է Ասորեստանի Շամիրամ թագուհիին եւ Արա Գեղեցիկին հետ: Հիւսիսային կողմը կ՛երկարին Մարմարիկի վտակներով մասնատուած Փամբակի լեռնաշղթային հարաւային լանջերը: Արեւելեան կողմը Գեղամայ լեռնաշղթային հիւսիս-արեւմտեան լեռնաճիւղերն են:

Կոտայքի արեւմտեան կողմը Հրազդանի կիրճն է: Հրազդան կը բխի Սեւանայ լիճէն: Հովիտը սկիզբը 10-էն 11 քիլոմեթր լայնք ունի եւ գետափը տեղ-տեղ ճահճապատ է, յետոյ գետը նեղ եւ խոր կիրճերէ կը հոսի: Ստորին հոսանքին մէջ հովիտը աստիճանաբար կը լայննայ եւ գետը դուրս կու գայ Արարատեան դաշտ ու կը թափի Արաքսի մէջ:  Հրազդանի գլխաւոր վտակներն են Մարմարիկը, Ծաղկաձորը, Արայի գետը եւ Գետառը:

Ծաղկունեաց լեռնաշղթան կը սկսի Փամբակի լեռնաշղթայէն եւ կը տարածուի դէպի հարաւ-արեւելք: Ջրբաժան է Հրազդան, Մարմարիկ եւ Քասաղ գետերուն միջեւ: Բարձրագոյն գագաթներն են Ծաղկունեացը` 2851 մեթր եւ Թեղենիսը 2820 մեթր:

Կոտայքի հարաւ-արեւմտեան շրջանը դաշտային եւ բարեբեր գօտի է:

Կոտայքի մէջ զարգացած է հացահատիկի եւ պտղատու ծառերու մշակութիւնը, ինչպէս նաեւ անասնապահութիւնը եւ մեղուաբուծութիւնը:

Կլիման ձմեռը բարձրադիր շրջաններուն մէջ ցուրտ է եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 13 եւ մինչեւ 40 կ՛իջնէ, իսկ ցածրադիր շրջաններուն մէջ մեղմ է եւ ջերմաստիճանը 4-էն 5 կ՛ըլլայ: Ամառը բարձրադիր շրջաններուն մէջ զով եւ յաճախ ցուրտ կ՛ընէ եւ ջերմաստիճանը 9-էն 10 ցոյց կու տայ. իսկ ցածրադիր շրջաններուն մէջ տաք կ՛ընէ` 22-էն մինչեւ 38 աստիճան: Տարեկան տեղումները` 600-էն 900 միլիմեթր:

Արշակունիներու օրով արքունի կալուած, Բագրատունիներու օրով շնորհուեցաւ Պահլաւունիներուն: Այնուհետեւ անցաւ Զաքարեաններուն, Խաղբակեաններուն եւ Օրբէլեաններուն:

ՇԻՐԱԿ

Շիրակ կ՛ընդգրկէ Ախուրեան գետի աւազանը եւ ընդարձակ ու ջրառատ լեռնադաշտ մըն է միջին 1500-1600 մեթր բարձրութեամբ: Շիրակի լեռնաշղթային բարձրագոյն գագաթն է Եզնասար` 2250 մեթր: Արաքսի հարկատու Ախուրեանը կը հոսի Շիրակի կեդրոնական գօտիէն եւ զայն երկու մասի կը բաժնէ: Ախուրեանի գլխաւոր վտակներն են` Ձկնջուր, Կարուց, Շիրակաւանու, Մոգուաց, Մաւրիկայ կամ Ծաղկոցաձորի, Տեկոռայ եւ Կարկաչ, որոնք ոռոգելի եւ արգասաբեր դարձուցած են ամբողջ գաւառը: Գաւառին արեւելեան կողմը Փամբակի լեռնաշղթային արեւմտեան լանջերն են:

Երկրագործականօրէն հարուստ գաւառ, Շիրակ հռչակաւոր եղած է իր առատ ցորենով, եւ շատակեր Շարայի որկրամոլութիւնը միայն Շիրակի հարուստ ամբարները կրցած են բաւարարել: Շիրակ անուանի է նաեւ իր քաղցրահամ պտուղներով եւ բանջարեղէնով: Զարգացած է նաեւ անասնապահութիւնը: Հարուստ է շինանիւթերով` տուֆ, պեմզա, պազալթ եւ այլն:

Շիրակի ձմեռը երկարատեւ է եւ ձիւնառատ, եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 7-էն մինչեւ 35 կ՛իջնէ: Ամառը զով է եւ կարճատեւ, եւ ջերմաստիճանը 16-էն մինչեւ 35 կը բարձրանայ: Տեղումներուն քանակը` մինչեւ 800 միլիմեթր:

Շիրակ անտառազուրկ է, բայց գարնան դաշտերն ու բլուրները կանաչ խոտերով կը ծածկուին եւ գեղեցիկ տեսարան կը պարզեն: Կենդանիներէն տարածուած են աղուէսը, գայլը, նապաստակը, դաշտամուկը, խայտաքիսը եւ կզաքիսը. շատ են թռչունները:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 6 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

Յաջորդը

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.