Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սթաթիւս Քոյի Ակամայ Ամրապնդման Ծառայող Յայտարարութիւն Մը

May 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

2205vahoՊաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Այն բոլոր քայլերէն ետք, որ Ռուսիա ձեռնարկեց Խրիմի մէջ, ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել, թէ Մոսկուա կամ այլ երրորդ կողմ մը ինչպէ՛ս ստեղծուած կացութիւնը պիտի օգտագործէ»: Յայտարարութիւնը տագնապին առնչակից երկու կողմերը վախցնելով` տագնապին լուծումը յառաջ մղելու փորձ մըն էր: Մինչ Մոսկուայի նշումը յստակ էր, որ Ազրպէյճանին համար էր` «երրորդ կողմ»-ի ինքնութեան ընկալումը դիւանագիտական ճարպիկ հնարքով մը ձգուած է զայն ընկալող կողմին: Հայաստանի համար «երրորդ կողմը» Թուրքիան է, իսկ Ազրպէյճանի համար` Իրանը` նկատի ունենալով Պաքու-Թեհրան յարաբերութեանց մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները:

Դեսպանին յայտարարութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ ամերիկեան կողմին ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերուն մէջ վերջերս նշմարուող աշխուժացումը ուղղակիօրէն կապուած է Ուքրանիոյ զարգացումներուն:

Սակայն դժուար թէ ամերիկեան կողմը այն պատրանքը ունենայ, թէ կրնայ ղարաբաղեան տագնապը լուծել ինքնուրոյն` առանց ռուսական կողմին: Վերջինս դժուար թէ ձեռնածալ մնայ ի տես այդպիսի փորձի մը:

Իրողութեան մէջ ամերիկեան կողմի ցուցաբերած աշխուժութիւնը Ռուսիոյ ուղղուած տողատակի սպառնալիք մըն է: Գաղտնիք չէ, որ ներկայ սթաթիւս քոն Ռուսիոյ կողմին կը տրամադրէ ազդեցութեան լծակներ: Ամերիկեան կողմէն հնչող յայտարարութիւններուն նպատակը տագնապի լուծման նպաստելը չէ, այլ առնչակից կողմերը հակազդելու մղելով` յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծել եւ այդպիսով վտանգել Ռուսիոյ համար այնքան նպաստաւոր սթաթիւս քոն: Ուքրանական ճգնաժամէն թելադրուած ամերիկեան ժամանակաւոր մարտավարութեան վերջնական արդիւնքը պիտի ըլլայ ներկայ սթաթիւս քոյի ամրապնդումը, որովհետեւ երկխօսութեան մթնոլորտի ստեղծման չի նպաստեր, այլ կեցուածքներու կարծրացման:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Յաջորդը

Ըստ Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան. Հարկադիր Աշխատանքը Միլիառաւոր Եկամուտներ Կ՛ապահովէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։