Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի Սկաուտական Շարժման Բոցավառ Ջահը Կը Փոխանցուի Սերունդէ Սերունդ

May 22, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1026Երկար տարիներ շարունակ կատարուած ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական շարժումը վերականգնելու ճիգերը, որոնց վերջինը 2010-ի ամրան էր, եւ մերօրեայ Եգիպտոսի 25 յունուարի յեղափոխութեան եւ անոր հետեւող քաղաքական անկայուն եւ անապահով պայմանները, որոնց հետեւեցաւ պատասխանատու ՀՄԸՄ-ականներու երկրէն մեկնումը, պատճառ դարձան սկաուտական շարժման վերածննդեան աշխատանքներուն յետաձգումին:

Սակայն մեկնելով այն իրողութենէն, որ «կեանքը պէտք է շարունակուի», ՀՄԸՄ «Արարատ» հարիւրամեայ միութեան սկաուտական շարժումը 60 գայլիկ-արծուիկներով, արի-արենուշներով եւ երէց-պարմանուհիներով պաշտօնական վերածնունդ առաւ ապրիլեան օրերուն, երբ հայրենիքն ու սփիւռքը կ՛ոգեկոչէին Մեծ եղեռնի 99-րդ ամեակը` հայապահպանման առաքելութիւնը փոխանցելով ՀՄԸՄ-ի շունչին տակ նորահաս սերունդին:

Այս նպատակով 23 ապրիլ 2014-ին ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի ակումբին մէջ սկաուտական շարժման խմբապետական կազմը կազմակերպեց հսկումի երեկոյ մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին:

0117Մարզադաշտին կեդրոնը սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած էր Եղեռնի յուշակոթողի փոքրակերտ օրինակ մը: Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ խորհրդանշական երթ` Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանին եւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեանին առաջնորդութեամբ, դէպի բոցավառ խարոյկը, որպէս անմար կրակի խորհրդանիշ, անցնելով տարազաւոր սկաուտներու շարքերուն մէջէն, որոնք բռնած էին Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու անուններով ցուցատախտակներ` վերյիշեցնելով 100 տարիներ առաջ ջարդերու վայրերը: Խարոյկին շուրջ 12 սկաուտներ շրջանակ կազմած էին, ինչպէս` անմար կրակին շուրջ գտնուող հսկայ խոնարհած քարերը: Ներկաները զետեղեցին ծաղիկներ, որոնք մուտքին կը տրամադրուէին: Ապա ներկաները ուղղուեցան մարզադաշտին կից գտնուող տարածք, ուր տեղի ունեցաւ ծառատնկում Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին, ձեռամբ եւ օրհնութեամբ սրբազան հօր:

Մոմերով երթէն եւ ծառատնկումէն ետք ներկաները ուղղուեցան ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի «Մէօթեմետեան» սրահ, ուր մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնը:

Ապա հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսք կատարեց ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական կազմի խմբապետ Արա Քէօհնելեան, որ  յայտարարեց Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական շարժման պաշտօնական վերածնունդը:

Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութեան` լուսարձակի տակ առնելով այդ բոլորէն ետք ծնունդը ՀՄԸՄ-ին:

«Ան կը մկրտուի ջարդին արիւնով եւ կը կոչուի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն` ՀՄԸՄ, որուն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ յաւիտեան ծառայել հայ ժողովուրդին, առողջ ու ամուր նկարագիրով հայ մարդը պատրաստելու նպատակով:

«Արեւելքէն արեւմուտք, մինչեւ օրս 105 մասնաճիւղերով ՀՄԸՄ-ը Ցեղասպանութեան օրերուն դարձաւ հազարաւոր որբերու ծնողը, խնամողը, դպրոցն ու դաստիարակողը: Անմեղ որբերը դարձան իր զաւակները` զիրար կոչելով քոյր եւ եղբայր», ըսաւ Ա. Քէօհնելեան:

Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական շարժման պաշտօնական վերածնունդին մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ  պարտինք ամէն գնով նոր սերունդին փոխանցել մեր պապերէն ժառանգած հայապահպանման դրօշը, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի գաղափարաբանութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ կեանքը պէտք է շարունակուի, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները:

Իր խօսքի աւարտին Արա Քէօհնելեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են ՀՄԸՄ-ի  եւ իրենց լուրջ մասնակցութիւնը կը բերեն սկաուտական շարժման յաջողութեան:

Աւարտին այս վերածնունդը օրհնեց եւ իր բարի մաղթանքները փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Զոյգ Հատորներու Եւ Հաւատքի Մարդու Մը Մասին*

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.