Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Արաբական Լեզուական Առնչութիւններու Ներկայացում` Դամասկոսի Համալսարանի Գիտաժողովին Ընթացքին

May 19, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դամասկոսի Համալսարանի նախագահը կը պարգեւատրէ դոկտ. Նորա Արիսեանը
Դամասկոսի Համալսարանի նախագահը կը պարգեւատրէ դոկտ. Նորա Արիսեանը

12-14 մայիսին Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակոյթն ու լեզուն» վերնագիրով գիտաժողով մը, զոր կազմակերպած էր «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ը` Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Ամեր Մարտինիի հովանաւորութեամբ:

Գիտաժողովը կը շօշափէր տարբեր նիւթեր, ինչպէս` սուրիական մշակոյթը, ասորերէն լեզուն եւ Մալուլա քաղաքը, քրտերէնի զարգացումը, հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնները եւ այլն:

«Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի նախագահ դոկտ. Մէյսաա Սիուֆի բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ գիտաժողովը առիթ մըն է հաստատելու Դամասկոսի համալսարանին մէջ լեզուներու եւ մշակոյթներու զարգացումը, ինչպէս նաեւ հայերէնի եւ քրտերէնի բաժիններու բացման հանգամանքը:

Ներկայ էին համալսարանի նախագահն ու ուսումնարանի նախագահը, համալսարանի բաժանմունքներու տնօրէններն ու դասախօսները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան:

Այս առումով գիտաժողովի լսարանին մաս կազմեցին համալսարանական եւ գիտական շրջանակները, ինչպէս նաեւ ասորի եւ քիւրտ շրջանակները:

Գիտաժողովին առաջին օրը հայոց լեզուի բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան ներկայացուց «Հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնները եւ քաղաքակրթութեան փոխազդեցութիւնը» վերնագիրով ելոյթը, որով պատմական ակնարկով ներկայացուց լեզուական եւ մշակութային առնչութիւնները երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Ան շեշտեց այն կարեւոր հանգամանքը որ հայ-արաբական յարաբերութիւնները գոյութիւն ունեցած են դարերու ընթացքին եւ ոչ թէ Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք: Արիսեան Դամասկոսի համալսարանի նախագահութեան կոչ ուղղեց սերտ կապեր հաստատելու Հայաստանի մէջ Երեւանի պետական համալսարանի արաբագիտութեան ամպիոնին եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկին հետ, որոնք փոխազդեցութեան դրսեւորումներ կը հանդիսանան:

Առաջին օրուան նիստի աւարտին դեսպան Արշակ Փոլատեան գնահատանքի խօսք ուղղեց Դամասկոսի համալսարանի եւ հիմնարկի ղեկավարութեան` հայոց լեզուի բաժանմունք յառաջացնելու ջանքերուն համար:

Նշենք, որ գիտաժողովի աւարտին, իր կատարած ներդրումներուն համար Դամասկոսի համալսարանի նախագահ դոկտ. Ամեր Մարտինին պատուոյ գիր շնորհեց դոկտ. Նորա Արիսեանին:

 

Նախորդը

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Արդիւնաւէտ Սովորութեան Վերածուած Բացօթեայ Դասընթացք

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.