Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ Է, ԻՍԿ ԵՐԿՐԻՆ ՔԱՆԴՈՒՄԸ` ՈՃԻՐ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

July 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նիստը դարձեալ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն սպանութիւնը շահագործած է` իր բարկութիւնն ու ատելութիւնը արտայայտելու համար Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան դէմ, «հակառակ այն իրողութեան, որ իրենք մերժեցին կառավարութեան մաս կազմելու իրենց ուղղուած կոչերը: Ընդհակառակն` անոնք գրաւ դրած էին, որ կառավարութիւնը կարելի պիտի չըլլայ կազմել եւ երկիրը պիտի մնայ անիշխանութեան ներքեւ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ լիբանանեան հանրային կարծիքին սխալ ուղղութիւն տալու քայլը առնուեցաւ «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ, ուր շեշտուեցաւ, թէ կառավարութիւնը կը մերժէ արդարութիւնը բանեցնել, մինչդեռ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին 14-րդ կէտը կը հաստատէ, որ անհրաժեշտ է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան առումով արդարութիւն բանեցնել եւ ճշմարտութիւնը բացայայտել` մեկնելով այն իրականութենէն, որ կառավարութիւնը կը յարգէ միջազգային բանաձեւերը եւ յանձնառու կը մնայ ճշմարտութեան բացայայտման:

«Լիբանանեան հանրային կարծիքը շեղելու գագաթնակէտը կը կայանայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յայտարարած այն կեցուածքին մէջ, թէ կառավարութիւնը կ՛անտեսէ նահատակներուն թափած արիւնն ու անոնց արժանապատիւ յիշատակը, մինչդեռ մեղադրող կողմերը գիտեն, թէ ո՛վ պատրաստ էր նահատակներուն թափած արեան հաշուոյն համաձայնութիւններ ստորագրելու` իշխանութիւնը պահելու նպատակով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնները արձանագրուած են փաստաթուղթերու վրայ եւ շօշափելի են բոլորին համար:

Հաղորդագրութիւնը մերժեց կառավարութիւնը յեղաշրջումի կառավարութիւն որակելու մօտեցումը եւ հարց տուաւ, որ արդեօք միայն «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուողնե՞րը լիբանանցիները ներկայացնելու իրաւունք ունին:

«Միքաթիի կառավարութիւնը կը ներկայացնէ լիբանանեան հանրութեան բոլոր շերտերը եւ նահատակութեան ու երկրին համար նահատակուելու արժէքը բարձր կը գնահատէ եւ ոչ ոքի վկայութեան կարիքը ունի, յատկապէս անոնց, որոնք նահատակները կը յիշեն այն առիթներուն միայն, երբ անոնց երեւան գալու կարիքը կը զգան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ եւ հաստատուեցաւ, որ վարչապետ Միքաթի կառչած կը մնայ արդարութեան, ազատութեան եւ կայունութեան` ոչ թէ այս կամ այն կողմը գոհացնելու համար, այլ` նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակին հաւատարիմ մնալու համար:

«Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կ՛ըսենք, որ ընդդիմութիւնը օրինական իրաւունք է, սակայն երկրին քանդումը` ոճիր: Հետեւաբար, պէտք է ընդգծել, որ երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումը կարեւոր են: Իսկ արաբական պետութիւններէն եւ միջազգային հանրութենէն պահանջելը, որ անոնք Լիբանանի կառավարութեան հետ իրենց գործակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեն, կը փաստէ «Պրիսթոլ»ի մէջ գտնուող անձնաւորութիւններուն սաստիկ բարկացած վիճակը», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀՅԴ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.