Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մայրերու Օր» Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանին Մէջ

May 17, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1005harach-(1)Շաբաթ, 10 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային «Յառաջ  Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի մանկապարտէզի բաժինի կազմակերպութեամբ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու տօնին նուիրուած  հանդիսութիւն:

Օրուան պատգամախօսն էր  Ուսումնական խորհուրդի անդամ, հոգեբան եւ Եու. Էս.Ճի. համալսարանի դասախօս  Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Աշգարեան-Ստամպուլեան, որ  վեր առնելով մայրութեան  զոհողութեան գաղափարը` հաստատեց, որ ուսուցչուհիները գիտակից իրենց առաքելութեան` որպէս իսկական մայրեր գրկաբաց կ՛ընդունին բոլոր փոքրիկները, անոնց փոխանցելով հայկական ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն:

1005harach-(2) Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց նորաբաց լեզուով արտասանելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու իրենց ծնողներուն` մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններով: Այնուհետեւ երգչախմբային կատարումին զուգահեռ ներկայացուեցաւ պարային բեմադրութիւն մը` պատկերելով մօր տիպարն ու զոհողութիւնները:

Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն արաբերէն արտասանութեան յաջորդեց Ծաղիկ դասարանի «Mothers Day» բառերու կազմութիւնը եւ «Մեր մայրերուն» խօսքը:

Գարունն ու Մայրերու տօնը միաձուլուած ներկայացուեցան բեմին վրայ Ծաղիկ դասարանի «Գարուն-գարուն» պարով եւ Բ. դասարանէն Լիւսի Հերկելեանի եւ Ա.դասարանէն Սոֆի Գալուստեանի ասմունքով:

Լուիզա Պապոյեան -  Ազէզեան
Լուիզա Պապոյեան – Ազէզեան

Օրուան պատգամախօս Լուիզա Պապոյեան, Ազէզեան իր խօսքը սկսաւ հարց տալով ներկաներուն երեւակայել աշխարհ մը առանց մօր` ու աւելցուց` ըսելով, որ Աստուած նոյնիսկ մօր կարիքը զգալով` մարդկութեան նուիրած է Սուրբ Աստուածածինը:

Ապա անդրադառնալով հայ ժողովուրդի հնադարեան պատմութեան` ան ներկաներուն յիշեցուց, որ հայերս հեթանոսական դարերէն պաշտած ենք  մայրութեան աստուածուհին` Անահիտը, որուն տօնը կը տօնէին օգոստոս ամսուան  կիսուն, զոր Գրիգոր Լուսաւորիչ վերածեց Տիրամօր` Աստուածածնայ տօնին:

Պատգամախօսը  հաստատեց, որ մայրութիւնը կոչում է, որմէ ստացած դաստիարակութիւնը միակ ազդեցիկ կրթութիւնն է, որ մարդ իրեն հետ կը տանի մինչեւ ծերութիւն:

Ան հայ մայրերը «իսկական գանձեր» որակելով` ըսաւ, որ այն ձեռքերը, որոնք օրօրոց կը շարժեն, կրնան մարդկութեան ճակատագիրը կերտել, ու շարունակելով այդ գաղափարը` ան հաստատեց ,որ տիպար ընտանիքը շրջահայեաց  եւ գիտակից մօր բերդը կը հանդիսանայ, որուն բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով սնուցանողը դարձեալ ինքն է` Հայ Մայրը:

Ապա պատգամախօսը  հիմնաւորուելով  Յ.Շիրազի «Մեր տան Աստուածն է մայրս» խօսքին վրայ` յայտնեց, որ հայ մայրը սիրոյ վաւերական մարմնացումն է, իսկ մենք` հայերս, զայն պաշտողը, որովհետեւ մեր աւանդական ու ազգային  արժէքներուն որպէս մակդիր` գործածած ենք «Մայր» բառը: (Մայր Հայրենիք, Մայր Աթոռ, Մայր Հայաստան…)

Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան  իր պատգամը եզրափակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հօր խօսքով. «Առանց հայ մօր ճառագայթող ներկայութեան` անգոյն է մեր կեանքը»:

Ապա 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Լիլիթ Աբրահամեան անգլերէնով փառաբանեց մօր զոհողութիւնը, որուն յաջորդեց 5-6 դասարաններու ազգագրական ճոխ պարը:

Հանդիսութեան աւարտին, բախտաւոր մօր ընտրութենէն ետք, վարիչ մանկապարտիզպանը  բեմ հրաւիրեց վարժարանի երեք բաժիններու տնտեսուհիները ու անոնց գեղեցիկ ծաղիկներ յանձնելով` երախտագիտութիւն յայտնեց ամբողջ աշակերտութեան եւ անձնակազմին կողմէ:

Նախորդը

Մարզական Միացեալ Օր` Այնճարի Մէջ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ Վարժարաններու

Յաջորդը

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մոսկուայի Բանակայինները Հանդիսացան Ախոյեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.