Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օսմանեան Կայսրութեան Հայերը» Աշխատութեան Ա. Հատորի Շնորհահանդէսը

May 16, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_3133Հովանաւորութեամբ Հայկազեան համալսարանին, գործակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` հինգշաբթի, 15 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» աշխատութեան Ա. հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» գիտաժողովին ծիրին մէջ, որ սկիզբ առած էր չորեքշաբթի, 14 մայիսին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով արտասանեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որ նշեց, թէ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի հանգրուանին մէջ, եւ ցեղասպանը կը ցուցաբերէ աշխուժ գործունէութիւն, հայութիւնը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ծառայեցնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման` ներազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Դոկտ. Վահէ Թաշճեան
Դոկտ. Վահէ Թաշճեան
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

Գիտական լուրջ ուսումնասիրութիւններու, ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը աւելիով խորացնելու աշխատանքներու ծիրին մէջ պէտք է դիտել «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» գիրքին հրատարակութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ընդգծեց հրատարակութեան հիմնական յատկանիշները` նշելով, որ յուշամատեանի հրատարակութեան այս պատկերագիրքը կը յատկանշուի խօսքի եւ նկարի միաձուլումով: Հատորը շօշափելի կը դարձնէ երեւակայութեամբ պատկերուածը, կը շնչաւորէ զայն ու կը կենդանացնէ, անցեալի պատումը կը վերածէ ներկայի, եւ վերակերտելով կը վերականգնէ անցեալը:

Ապա խօսք առաւ, «Յուշամատեան» կայքի տնօրէն, պատմաբան դոկտ. Վահէ Թաշճեան, որ ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի եւ Գերմանիոյ Պամպերիկի համալսարանի թրքագիտութեան բաժանմունքին գործակցութեամբ եւ «Յուշամատեան»-ի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» աշխատութեան Ա. հատորը:

Դոկտ. Վահէ Թաշճեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատելով տպագիր հրատարակութիւններու մնայուն արժէքը, անդրադարձաւ նաեւ «Յուշամատեան»-ի համացանցային տարբերակի աշխատանքներուն, որոնք սկսած են 2010 թուականին, սակայն տպագրուած օրինակի գաղափարին յաջողութիւնը եկաւ մէկտեղելու եւ յաւերժացնելու աշխատանքին արդիւնքը, որ իր առաջին հատորով լոյս տեսաւ, եւ յոյսով ենք, որ հատորներու շարքին հրապարակումը շարունակուի, նշեց ալպոմ-գիրքի խմբագիրը:

Ապա դոկտ. Թաշճեան անդրադարձաւ հրատարակութեան մէջ տեղ գտած պատկերներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց հինգ յօդուածները եւ յօդուածագիրները:

IMG_3106

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցան «Լիբանանի Հայերը» Գիտաժողովի Ա. Եւ Բ. Նիստերը

Յաջորդը

Նոր Զոհ Հալէպի Մէջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.