Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծիծեռնակին Բոյնը

May 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

cfec7475c867b0d897f4a34def47bc9c«Ծիծեռնակը բոյն կը շինէ
Բոյն կը շինէ եւ կ՛երգէ
Ամէն մէկ շիւղ, որ կպցնէ
Իր հին տունը կը յիշէ»5

Այս տողերը երգելով, թաց աչքերով փակեցի Հալէպի մեր տան դուռը` քանի մը օր ետք վերադառնալու յոյսերով:

2012-ի օգոստոսն էր, երբ պատերազմի մահուան մագիլները սկսած էին մխրճուիլ Հալէպ… ճամբուն ընթացքին կրկին թաց աչքերով կ՛երգէի այս երգը, յիշատակներու կարաւան մը կը խեղդէր զիս, կը յիշէի հօրս ժպիտը, երբ երկու տարուան երազս իրականացուց այդ տան բանալիով, կը խորհէի` որքան յոգնութիւններու առջեւ կանգուն մնացած էր, որքան Քեսապի բարձունքներուն վրայ իր խնձորի ծառերուն պատմած էր այդ փոքրիկ տան մասին… կը նայէի անոր դէմքին… կը հաշուէի ճակատի գիծերը… ո՜հ, որքա՜ն շատցած էին, մէկ տարի առաջ չկային այդ գիծերը, կը նայէի անոր ձեռքերուն` կը պատմէին սիրոյ քաղցր պատմութիւն մը ծառերուն եւ իր ձեռքերուն մէջ… Կը խորհէի հօրս դէմքի գիծերն ու ամրացած ձեռքերը թոյլ տուած էին նոր բոյն մը շինէ Հալէպ…

21 մարտի առաւօտն էր, Հալէպ ապրած վիշտս ետ կը կրկնէի, կրկին մեր տան դուռը քաշելով` կը հեռանայի Քեսապի տունէս, այս անգամ մահուան մագիլները հասած էին Քեսապ: Բիրտ, դաժան,  արիւնարբու թուրքին մագիլները հասած էին իմ քաղցրիկ Քեսապիս… Քեսապ սկսած էի առաջին քայլերս, հայաշունչ գիւղին մէջ թոթոված էի առաջին բառերս հայերէն, Գարատուրանի ծառերուն մէջ վազվզելէն դեռ չէի յոգնած, Չալմայի ջուրէն դեռ չէի կշտացած… Հիմա տունս թողած` կը հեռանայի Քեսապէն:

Հօրս ճակատին գիծերն ու ամրացած ձեռքերը  կը պատմէին ծիծեռնակին չարչարանքը, թափած քրտինքը, մինչեւ այդ բոյնը սարքէր, չէի կրնար խղճալ անոր, ծիծեռնակը հզօր էր, առիթ չէր տար, որ ոչ ոք խղճայ իրեն:

Այսօր ծիծեռնակը նոր պատմութիւն կը գրէ… այս անգամ ալ ծիծեռնակը նոր բոյն պիտի շինէ, սակայն պիտի չբաւարարուի իր հին բոյնը յիշելով: Պիտի դառնայ իր բոյնը` ի՛ր Քեսապը, խիստ գիտէ դաժան իրականութիւնը` նոր գիծեր պիտի աւելնան անոր դէմքին վրայ, երբ տեսնէ, որ իր բոյնը դարձած է աւերակ. բայց հաստատ գիտէ, թէ ինք որքան հզօր է, իր փոքր ծիծեռնակները այնքան հզօր են, իր իննսունամեայ հայրը որքան հզօր է, ան հաստատ գիտէ, որ տկար պահերուն իր հոգեւոր հովիւի աչքերէն ուժ ու կամք պիտի ամբարէ, հաստատ գիտէ, որ իր քեսապցի հարազատներուն պիտի օգնէ եւ իր հարազատներն ալ իրեն պիտի օգնեն, կրկին կեանք պիտի շողայ բոլորին բոյներէն, կրկին կեանք պիտի շողայ Քեսապէն: Ան հաստատ գիտէ, որ այս բոյնը իրն է: Քեսապը մերն է: Կը մերժէ յանձնուիլ տկարութեան ու մահին…

 

Քեսապցի ծիծեռնակը եւս բռնի ուժով հեռացուած է իր տունէն, բայց կրկին սկսած է նոր բոյն շինել, այս անգամ իր հին տունը կը յիշէ ժպիտով, յաղթական է ան, քաջ գիտէ, թէ քանի տակաւին շունչը չեն խլած իրմէ, պիտի պայքարի ու յաղթահարէ բոլոր ցաւերն ու փորձանքները ու դառնայ իր գեղեցիկ բոյնը, իր Քեսապը, կրկին Չալմայի բարձունքներուն պիտի ուրախանայ «Վանայ Ձայն»-ի հայկական երգերով, իր նորահաս ծառերուն մէջ կանգնած` բարձր պիտի կանչէ` Քեսապը մե՛րն է…

 

Նախորդը

Վանքուվըրի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին

Յաջորդը

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Մենք Ի՛նչ Ժառանգեցինք Շուշուայ Սխրանքէն (9 Մայիս 1992)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.