Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 16 –ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

July 4, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայրապետական մաղթանքը` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

Երէկ` կիրակի, 3 յուլիս 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16-րդ տարեդարձին առիթով:  Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին միաբան հայրեր յատկապէս ընտրուած աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին` բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով վեհափառին եւ անսասանութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Պատարագիչ Արտակ աբղյ. Արապեան իր քարոզին մէջ օրուան խորհուրդը ներկայացնելէ ետք վեր առաւ վեհափառի նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները` քաջ հովուապետի պատկերին մէջ: Պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն` Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16-րդ տարեդարձին նուիրուած: Դպրեվանքի երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մակար վրդ. Աշգարեանի, կատարեց հայրապետական իշխանութեան ծաղկման խորհուրդը ունեցող շարականներ: Ապա, Նորայր եպս. Աշըգեան ասմունքեց այն արձակ բանաստեղծութեամբ գրուած ուղերձը, զոր լիբանանահայ գրագիտուհի Շահանդուխտը յատկապէս այս առիթով ձօնած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Վեհափառը նախ իր գնահատանքը յայտնեց իր անձին նկատմամբ արտայայտուած բոլոր բարեմաղթանքներուն համար: Անցնող տարիներուն կատարուած աշխատանքին եւ իրագործուած բոլոր ծրագիրներուն պատիւը ընծայեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Ան յատկապէս իրարու միազանգուած տեսաւ աթոռն ու աթոռակալը, որոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն: «Աթոռն ու աթոռակալը իրարմէ տարբեր չեն կրնար ըլլալ: Աթոռակալին նպատակը ո՛չ թէ աթոռով բարձրանալն է, այլ աթոռը բարձրացնելը: Մեր Ս. աթոռին բոլոր աթոռակալներն ալ ապրեցան, գործեցին, ծառայեցին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. աթոռը բարձրացնելու համար: Անոնց աշխատանքը եղաւ հաւատքով, նախանձախնդրութեամբ լեցուն ու ծառայութեամբ արժեւորուած: Եւ այս ծառայական երթը կը շարունակուի հաւաքական աշխատանքով: Մենք աթոռ ըսելով միայն աթոռակալը չենք հասկնար, այլեւ միաբանութիւնը, ժողովական կառոյցները, թեմերը եւ կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ աթոռին շուրջ համախմբուած ամբողջ ժողովուրդը», ըսաւ վեհափառը: Ապա, խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին, ըսաւ. «Դուք էք մեր եկեղեցին: Եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է: Անցնող 16 տարիներուն Մենք նոյն հաւատքով, նոյն նուիրումով շարունակեցինք Մեր առաքելութիւնը: Եւ Աստուած ինչքան որ կեանք տայ Մեզի, նո՛յն նուիրումով պիտի շարունակենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. աթոռը առաւել եւս ծաղկեցնել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ» ըսաւ վեհափառը:

«Ամէն հայի» եւ «Կիլիկիա» երգերու, ինչպէս նաեւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգի կատարումներէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս պահպանիչով օրհնեց ներկաները: Ապա բոլորը աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին վեհափառին:

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔԸ` Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16-րդ տարեդարձին առիթով, երէկ` կիրակի, 3 յուլիսին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց եւ այս առիթով հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Ան նկատել տուաւ, որ երբ վեհափառին հայրապետական մաղթանք կ՛ուղղենք, հայ եկեղեցին է, որ մեր ուշադրութեան առարկան կը դարձնենք: «Այսօր կը խորհինք նաեւ հայ եկեղեցւոյ ընդհանուր գործին, կարեւորութեան, դերակատարութեան մասին. ան ոչ միայն կրօնական եւ քրիստոնէական ուսուցումները յանձն առած է հոգեւոր կերպով փոխանցել, այլեւ պատմութեան ընթացքին այդ կրօնականին տուած է հայկական այնպիսի նկարագիր մը, որ հայ ժողովուրդի եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կարելի չէ բաժնել իրարմէ, անոնք միացած են», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այսօր մենք հրաւիրուած ենք ճանչնալու, անդրադառնալու եւ արժեւորելու հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Գեղամ արք. Խաչերեան նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հոգեւոր եւ ազգային հովուութիւն կատարեց ժողովուրդին համար, եւ իր առաքելութեան մէջ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է ըլլալու հոն, ուր կարիք ունի ժողովուրդը:

«Մենք այսօր հայրապետական մաղթանք կը կատարենք վեհափառ հայրապետին համար, որ ստանձնած է բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու իր անձով, մտքով, անձնաւորութեամբ կ՛առաջնորդէ եւ կը հովուէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խնամքին յանձնուած մեր ժողովուրդը` աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն մէջ», եզրափակեց Գեղամ արք. Խաչերեան:

Յայտնենք, որ երէկ հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի հայ առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Նախորդը

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 165-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.