Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓԱՌԱՏՕՆ Ի ՔԱՂԱՔՆ ՎԱՆ» ՆԻՒԹՈՎ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՓԱԿՄԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

July 4, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 2 յուլիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի 2010-2011 տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ հոգեւորականներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ականներու, ծնողներու եւ սկաուտներու:

Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն նիւթն էր «Փառատօն ի քաղաքն Վան»: Երիտասարդներ կ՛ուզեն արձակուրդի համար դիմել զբօսաշրջութեան եւ կը մերժեն Թուրքիա կամ Ֆրանսա մեկնիլ ու կը նախընտրեն այցելել Վան:

Հայրենիքի մէջ երիտասարդները կը ծանօթանան հայկական պարարուեստին, երաժշտութեան, երգերուն եւ ճաշերուն, երբ սկաուտները կ՛ունենան բազմատեսակ կատարումներ: Գեղարուեստական յայտագիր-թատրոնը հանդիսատեսին տարաւ ազատագրուած Վան, ուր հայութիւնը կ՛ապրի իր մշակոյթով եւ արժէքներով: Միջանկեալ` ծաղկավաճառին եւ աշուղին տեսարանները կը ստեղծէին համապատասխան հաճելի մթնոլորտ:

Իւրայատուկ ոճով եւ ազգային պատգամներով ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը փակեց սկաուտական իր տարեշրջանը:

Ձեռնարկին պատգամաբերներն էին մոկլիները, գայլիկներն ու արծուիկները եւ արիներն ու արենուշները:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան, որ շեշտեց, թէ ներկայացումը Պատմական Հայաստան տարաւ իւրաքանչիւր դիտող եւ թելադրեց զօրավիգ կանգնիլ հայութեան տեսլականին` ազատագրելու բռնագրաւեալ հողերը:

Տէր հայրը ըսաւ. «Պիտի գայ օրը, երբ մեր բանակներով պիտի մտնենք Վան»: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղը, որ կազմակերպած է նմանօրինակ որակաւոր եւ պատգամ փոխանցող եզրափակիչ հանդիսութիւն մը:

Նախորդը

ՃԱՏՐԱԿ. ՏՎՈՐՔՈՎԻՉԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Յաջորդը

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 165-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.