Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ…

July 4, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ Ընթերցող, մեր Եկեղեցին երէկ նշեց «Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին ելն ի վիրապէն» հայակե՛րտ տօնը:

Այս տօնը խաւարին հալածումն է լոյսէն, ճշմարտութեան պայքարն է սուտին դէմ, հոգեկանութեան յաղթութիւնն է տեսլականին ի խնդիր եւ գոյատեւումին ճանապարհն է դէպի յաւերժութիւնը:

Լոյսին, ճշմարտութեան, հոգեկանութեան ու գոյատեւումին ռահվիրայ դափնեկիրն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ իր բանտարկութեամբ, չարչարանքով ու գործունէութեամբ հանդիսացաւ խաւարը հալածողն եւ սուտին դէմ պայքարողը, ինչպէս նաեւ տեսլապաշտ յաղթականն ու յաւերժացոյց ճանապարհորդը:

Այս գրութիւնը ունի անձնապատկան շեշտաւորում մը, քանի կ՛ուզէ ըլլալ դոյզն անձնական վկայութիւն մը «նուիրուածութեան մարմնացումը» եւ «անցեալը ներկային կամրջող սուրբը» հանդիսացող Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին մասին:

Ծնունդով` հայազգի՛ եմ, բայց արաբախօս էի: 1960-ին` տասը տարեկանիս, Հազմիէ, Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացայ հայատառ աթութաներուն: Վիեննա, Մխիթարեան մայրավանքին մէջ, սորվեցայ հայերէնը. նախ` աշխարհաբարը, ապա` գրաբարը:

Հայ մարդուս երկրորդ մեծագոյն գիւտն եղաւ Հայաստան` սէ՛րս, որուն հետ առաջին հանդիպումս կայացաւ 1991-ին: Սակայն, անկէ երեսուն տարիներ առաջ` 1961-ին, հայ հոգեմտաւորիս առաջին մեծագոյն գիւտը եղաւ մեծասքանչը, որուն այբուբենին անմահական եւ անմահացուցիչ հեղինակին` Մաշտոցին կը պարտիմ իմ ծանօթացումս Ս. Գրիգոր Պարթեւին հետ:

Առանց Ս. Մեսրոպին, հայերս պիտի չունենայինք Ագաթանգեղոսը` պատմիչը մեր հաւատքին Հօր ու կենսագիրը մեր առաքեալին: Նոյնպէս, առանց Ս. Լուսաւորչին, հայերս 2001-ին պիտի չունենայինք 1700-ամեայ յոբելեանը մեր ամբողջական քրիստոնէացումին ու Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօնի հռչակման:

Վիեննական Մխիթարեան վարդապետներուն` Հ. Մ. Գարագաշեանի 1893-ին հրատարակած դասագիրքը, առնելէս յետոյ եւ Հ. Վ. Չալըխեանի-Հ. Ա. Այտընեանի 1885-ին տպուած քննականը ըմբոշխնելէ ետք,  մասնագիտանալուս ընթացքին կարդացի Եղիշէն ու Ագաթանգեղոսը, ինչպէս նաեւ` մնացեալ ոսկեդարեան ու դասական մատենագիրները:

Առաջինը` «Աւարայրի պլպուլը», հրահրեց զիս հաւատաբորբ հայրենասիրութեամբ` էութեանս մէջ կոփելով անհուն սէր եւ հիացում Վարդան Մամիկոնեանին ու զինակիցներուն հանդէպ: Երկրորդը` «Բարի հրեշտակը» ջամբեց ինծի խոր երկիւղածութիւն մը` նկատմամբ մեր Ս. Լուսաւորչին:

Ագաթանգեղոս հասաւ իր նպատակին, երբ նախ` ներգործեց իմ մէջս այն առարկայական համոզումը, թէ «Հայրը մեր հաւատքին» առաքելատիպ հետեւորդն է տիրոջ` ապրելով Քրիստոսի այս  խօսքը.«Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը   եւ հետեւի ինծի» (Մտթ. 16,24):

Ագաթանգեղոս հասաւ իր նպատակին, երբ երկրորդ` գոյացուց իմ մէջս «Քրիստոսի մեծ խոստովանող»ին հանդէպ հոգեմտաւոր ակնածանքը, որ, իր կարգին, իմացական ներաշխարհիս մէջ ստեղծեց անշէջ իղձը` հետեւելու անոր:

Ագաթանգեղոս հասաւ իր նպատակին, երբ երրորդ` կայացուց իմ մէջս մեծագոյն զմայլանքը, հանդէպ «մեր առաքելաջան առաջին Կաթողիկոս»-ին` ի՛ր առաքելութեան նկատմամբ ունեցած աննկուն հաւատքէն եւ ի՛ր նպատակին աննահանջ հետապնդումէն:

Այս անձնական վկայութիւնս նկատուելու է մերօրեայ համադրում մը հայադրոշմ դարերու ընթացքին այն հայազգի դէմքերուն, որոնք խօսքով եւ գրիչով վկայեցին «Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին», որուն «ելն ի վիրապէն» տօնը բնութագրեցի «հայակե՛րտ»:

Հայութիւնը կերտող այս տօնին առիթով իմ սրտաբուխ մաղթանքս է, որ, քրիստոնէական «մարդակերտումի եւ հայակերտում»ի ճանապարհին վրայ, ի խնդիր լոյսին ու ճշմարտութեան իրենց տարած գոյամարտին մէջ Հայաստանը եւ սփիւռքը յաղթանակեն միասնաբար` ապահովելով եւ ընթանալով յաւերժուղին լուսաւորչական…:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 26 Յունիս 2011

Նախորդը

ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՆՈՐ ԱԼԻՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՁԱԽՈՂԵԼ Է ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԼԱՒԱՊԷՍ ԱՊԱՔԻՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՌՈՊԵՐԹ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԵՐԵՔ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.