Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղեռնի Նահատակներու Յարգանք` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Կողմէ

April 24, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2304badaniՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, ընդհանուր վարիչ մարմինի հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Չորեքշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան, 40 պատանի ներկայացուցիչներ` տարբեր պատանեկան միութիւններէ, հաւաքուեցան Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին` առ ի յարգանք ցեղասպանութեան նահատակներուն: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ վեր առաւ պատանիներուն կամքը` անդամակցելու պատանեկան միութիւններուն, հաւատքը` գործօն մասնակցութիւն ունենալու բոլոր աշխատանքներուն մէջ եւ յարատեւութիւնը` շարունակելու եւ ընդլայնելու այդ աշխատանքները նաեւ գաղութի իրականութեան մէջ: «Եւ ահա դուք, մեր գաղութի նոր սերունդը մասնիկներն էք Հայ դատին: Դո՛ւք էք, որ պիտի պայքարիք օտարամոլութեան դէմ, դո՛ւք էք, որ պիտի պահանջէք հայ ժողովուրդի իրաւունքները® Մնանք հաւատարիմ Քրիստափոր Միքայէլեանի գրիչին,  մեր գործերով արթնցնելու օտարացած հայերը, մեր գործերով փաստելու մեր ժողովուրդին հզօրութիւնը, մեր մնայուն ներկայութեամբ դարձեալ զարմացնելու թուրքը, մեր աշխատանքներով հաւատարիմ մնալու մեր նպատակներուն», ըսաւ ան: «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգելով պատանիները միասնաբար ուխտեցին շարունակել իրենց երթը` եռանդուն եւ վճռական քայլերով:

Նոյն օրը, պատանի ներկայացուցիչներ, Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց մատրան դիմաց նաեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ` ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին, որմէ ետք միանալով իրենց պատանեկան միութիւններուն, մասնակցեցան կեդրոնական քայլարշաւին` այս անգամ դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ:

Իսկ Այնճարի մէջ, «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիները խիտ շարքերով մասնակցեցան ԼԵՄ-ի կազմակերպած հսկումին եւ ջահավառութեան` Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին դիմաց:

Պէտք է նշել, որ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները նաեւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայկական շրջաններուն մէջ կատարուող ապրիլեան յիշատակի ձեռնարկներուն` իբրեւ պատանեկան միութիւններու դաստիարակչական եւ քարոզչական աշխատանքներու համալրում:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը Կը Նշէ Ցեղասպանութեան 99-Ամեակը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.