Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէրը Պէտք Է Դարձնենք Մեր Կեանքին Ու Գործին Առանցքը» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

April 18, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1704vodnlvaՈտնլուայի արարողութիւնը կատարելով Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց սիրոյ հրամայականը մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ: Վեհափառը ըսաւ. «Կ՛ուզէ՞ք սիրոյ վաւերական իմաստը գիտնալ, նայեցէ՛ք մեր Երկնաւոր Հօր: Ան սիրով մղուած ստեղծեց այս տիեզերքը մարդուն համար: Ան սէրէն մղուած աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին, դարձեալ մարդուն համար»: Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը դարձեալ ըսաւ. «Դիտեցէք կեանքն ու առաքելութիւնը Քրիստոսի: Ան սիրոյ կարեւորութիւնը միայն չշեշտեց, այլեւ իր կեանքէն ու առաքելութենէն արեւու լոյսին նման ճառագայթեց սէրը` ուղղուած մարդուն: Իբրեւ սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն, Քրիստոս նոյնիսկ իր արիւնը թափեց մարդուն համար: Ահա թէ ինչու Քրիստոս իր հետեւորդներուն պատգամեց զիրար սիրել»: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց հաւատացեալներուն, թէ` «քրիստոնեայ ըլլալ` հետեւիլ է Քրիստոսի ու հետեւիլ Քրիստոսի կը նշանակէ սիրել զԱստուած, մեր ազգը, մեր նմանը: Ու սիրել կը նշանակէ աղքատին, հիւանդին, զրկեալին օգտակար ըլլալ: Հետեւաբար, սիրելը նուիրում, յանձնառութիւն, ինքնընծայում կ՛ենթադրէ: Ոտնլուայի այս արարողութիւնը պատգամ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին` սէրը դարձնելու մեր կեանքին ու գործին առանցքը», պատգամեց վեհափառ հայրապետը:

Հայ եկեղեցւոյ տօնակարգին համաձայն, Աւագ հինգշաբթի առաւօտեան Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, իբրեւ յիշատակ Քրիստոսի վերջին ընթրիքին, իր աշակերտներուն հետ: Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, եւ ապա, գիշերը մինչեւ ուշ ժամ` հսկումի արարողութիւն, միշտ նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին: Բոլոր արարողութիւններուն ընթացքին Անթիլիասի մայրավանքի Մայր տաճարն ու բակը լեցուն էին հաւատացեալներով, որոնք եկած էին օրուան հոգեպարար արարողութիւններուն ճամբով վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբաններ Թեմերուն Մէջ Աւագ Շաբթուան Առիթով

Յաջորդը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան. «Դէպի 100-Ամեակ Եւ Անդին` Թուրքիա Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն-Զրոյց

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.