Լիբանանի փինկ փոնկի փարալիմփիք ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացաւ 2 պրոնզ մետալի, առաջինը` անհատական, իսկ երկրորդը` խմբային մրցումներուն:
Էլի Ռահպանի, որ դասուած է 88-րդ, հասաւ մինչեւ կիսաւարտական, ուր սակայն պարտուեցաւ եգիպտացի Եուսեֆ Սըլմանէն (63-րդ):
Իր կարգին, խմբային մրցումներուն Լիբանան հասաւ կիսաւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ Յորդանանէն:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 90 երկսեռ խաղացողներ` հետեւեալ 11 երկիրներէն. Եգիպտոս, Իրաք, Յորդանան, Քուէյթ, Հոլանտա, Ռուսիա, Ֆրանսա, Հնդկաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Փղոսկրեայ ափունք եւ Լիբանան:


