ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզի պարտական անձ մը պիտի վճարէ իր պարտքը: Այս ձեւով կրնաք քիչ մը բարելաւել ձեր նիւթական վիճակը: Յոյսով ապրեցէք միշտ, կարեւոր է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի պիտի առաջարկուի լաւ պաշտօն մը: Ընդունեցէք եւ ուշադրութեամբ գործի անցէք, միշտ` շրջահայեաց եւ կեդրոնացած: Բախտաբեր է օրը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ամէն մարդ իր աշխատանքը կատարէ եւ մասնակցի օրուան գործին, բնականաբար ամէն ինչ լաւ եւ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ: Այսօր բարգաւաճ է օրը, պիտի վարձատրուիք լաւ ձեւով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Քիչ մը մարզանք եթէ կատարէք, կը մեղմանայ ձեր յոգնածութիւնը եւ կը ձերբազատիք սթրեսէ: Ուրեմն մի՛ ծուլանաք: Մարզանքը լաւագոյն դարմանն է առողջ եւ կայտառ մնալու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եռանդով մասնակցեցէք ձեր ընտանեկան կեանքի գործունէութեան: Պիտի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն, նաեւ` նիւթական ապահովութիւն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուրախ տրամադրութիւն ունիք, յաջողութիւն մը արձանագրած էք: Զուարթախոհ եւ սրամիտ պահեր պիտի ունենաք ձեր շրջանակին մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տնտեսական տեսակէտէն պիտի ունենաք որոշ շահաբեր գործունէութիւն, այնպէս որ պէտք չունիք մտահոգուելու վաղուան մասին: Օրը քաջալերական է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ամէն տեղ եւ ամէն պարագայի, դուք ձեզ պիտի գտնէք տեղաւորուած հանգիստ: Միշտ ձեր ներկայութիւնը պիտի փնտռուի, հետեւաբար օրը բախտաբեր է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր սրտին հետ խօսելով միայն պիտի կարենաք ընձեռել ձեր փափաքածը: Մնացէք իմաստութեամբ որոշում տուող անձը, որպէսզի գոհանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Իտէալ տրամադրութեամբ եւ համոզումով մնացէք ընկերային շրջանակի մէջ, ինչպէս նաեւ` սիրոյ յարաբերութեան պարագային: Բնական մնացէք դուք ձեզի հետ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ստանձնած աշխատանքին վերաբերեալ կատարեցէք յարատեւ սերտողութիւն եւ փորձեր: Այսպիսով կրնաք հասնիլ յաջողութեան: Օրը քաջալերական է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի ստանաք նամակ մը, որ պիտի խօսի ձեր սրտին եւ պիտի ազդուիք: Քիչ մը մտածեցէք այս մասին եւ ապա պատասխանեցէք քաղցր տրամադրութեամբ:
