Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն . Քեսապահայութեան Վերականգնումի Մարմին

April 16, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական տագնապի զարգացման հոլովոյթով, սուրիական Քեսապի եւ քեսապահայութեան վիճակուած դժբախտ իրավիճակին, ներխուժման հետեւանքով կատարուած տեղահանութեան, զանգուածային գաղթականութեան հետեւանքով ստեղծուած ահագնօրէն ծանր կացութեան դիմաց, համայն հայութեան ցուցաբերած սրտակցութեան համար մնալով շնորհակալ, յանուն քեսապահայութեան` համայն հայութեան եւ աշխարհին կը յայտարարենք.-

ա.- Քեսապն ու քեսապահայութիւնը սուրիական հայրենիքի ամբողջութեան մաս կազմելով, այսօր ենթարկուած են սուրիական տագնապի ահաւոր հետեւանքներուն:

բ.- Սուրիական տագնապին մէջ արտաքին միջամտութիւններու անառարկելի փաստով, դրացի Թուրքիան աշխարհաքաղաքական նոր ձեւակերպումներով սատար հանդիսացաւ Քեսապի այս իրավիճակի ստեղծման` սեփական հակահայ իր մոլուցքի կոպիտ բացայայտումով, ինչպէս միշտ, այս անգամ օգտագործելով սուրիական տագնապը:

գ.- Քեսապահայութիւնը, ինչպէս համայն սուրիահայութիւնը, քաղաքացիական գիտակցութեամբ հաւատարիմ էր եւ է սուրիական հայրենիքի ամբողջութեան, միասնականութեան եւ առկայ քաղաքական միջոցներով, երկխօսութեամբ, խաղաղութեամբ ու արտաքին միջամտութիւններէ հեռու խնդիրի լուծման:

դ.- Քեսապի եւ քեսապահայութեան տարաբախտ իրավիճակը մարդասիրական թէ ինչ-ինչ պիտակներու ներքեւ հանրութեան ներկայացնելով, գոյութեան մեր խնդիրէն դուրս նպատակներ հետապնդող կողմերը էապէս կը վնասեն այլապէս ծանր իրավիճակի մէջ գտնուող քեսապահայութեան եւ համայն սուրիահայութեան:

ե.- Երախտապարտ մնալով մեր ցաւին սրտակից դարձած բոլորին նկատմամբ, կը յայտնենք, որ քեսապահայութիւնը, այժմ Լաթաքիա կեդրոնով, իր ամբողջական կարողականութեամբ արդէն կը գործէ արտակարգ իրավիճակի իր համապատասխան կառոյցներով` «Քեսապահայութեան վերականգնումի մարմին» անուան ներքեւ, որ միակ վաւերական իրաւասուն է Քեսապի եւ քեսապահայութեան առնչուած խնդիրներու կարգաւորման եւ յանձանձման:

զ.- Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին հետ համագործակցաբար` «Քեսապահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը ունի օժանդակութիւններ ստանալու իր յատուկ հաշուեհամարը.-

Bank: FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon

Name of Account: CATHOLICOSSAT ARMENIEN
DE CILICIE

LIBAN: LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501

SWIFT Code: FSAB LB BX

է.- Նպատակային է, որ «Քեսապահայութեան վերականգնումի մարմին»-ին հետ համադրուին Քեսապի առնչուած բոլոր խնդիրները, յանուն ընդհանրական գործի բարեյաջող ընթացքի ապահովման:

Վերոնշեալ տրամադրութիւնները հանրութեան ներկայացնելով այժմ գաղթական դարձած քեսապահայութիւնը կ՛ակնկալէ, որ տագնապահար ժողովուրդի գոյութենական խնդիրը չվերածուի անհեռատես քարոզչութեան նիւթի:

Քեսապահայութիւնը միահամուռ կառչած է իր դարաւոր հողին, երախտապարտ է համայն հայութեան եւ կը վստահի մեր ժողովուրդի շրջահայեացութեան եւ զօրակցութեան:

Լաթաքիա` 15 ապրիլ 2014

Յանուն քեսապահայութեան`

ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

 

 

Նախորդը

Հրթիռարձակում` Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կից «Փարոս» Վարժարանին Վրայ. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.