Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշուղ Աշոտին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ. «Հաւասի» Աշուղական Համոյթը Երկրորդ Տարին Ըլլալով Կը Ներկայանայ Իւրայատուկ Համերգով

April 15, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

havasiԿազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աշուղ Աշոտին նուիրուած «Հաւասի» աշուղական համոյթին ելոյթը` ընկերակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներու եւ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ «Հաւասի» աշուղական համոյթին նպատակն է տարածել հայկական աւանդական աշուղական երգերը եւ պահպանել հայ ժողովուրդին մշակութային ժառանգութիւնը:

Ապա «Հաւասի» համոյթը Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբին ընկերակցութեամբ երգեց «Սիւնեաց սարեր»-ը: Պեթի Սուլեան մեներգեց «Մօր սէրը», որմէ ետք համոյթը ներկայացուց «Սարուորի երգ»-ը (մենակատար` Սէրլի Նեմշեհիրեան):

Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց աշուղական երգարուեստը, ինչպէս նաեւ գուսան Աշոտին գործունէութիւնը: Դոկտ. Թորիկեան մաղթեց, որ «Հաւասի» համոյթը շարունակէ իր գործունէութիւնը, որովհետեւ անոր անդամները «հայերէն կ’երգեն, հայերէն կը խօսին, հայերէն կը մտածեն, հայօրէն կը զգան»: Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Թորիկեան փափաք յայտնեց, որ համոյթը յառաջիկայ տարեշրջանին ներկայացնէ գուսան Հաւասիին նուիրուած համերգ մը:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Անճիկեար» երգով` մենակատարութեամբ «Հաւասի» համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու Գարմէն Աճեմեանին: Երգին մենապարով ընկերակցեցաւ Էւա Ղազարեան: Համոյթը Քրիսթին Պէքարեանի մենակատարումով երգեց «Սարի սիրուն եար»-ը:

Լիբանանահայ երգիչ Կարօ Կապուտակեան երգեց «Բարի հայրիկ»-ը, որմէ ետք համոյթը ներկայացուց «Կեանք տուր, կեանք առ» երգը (մենակատար` Նաթալի Աբոկեան): Լիբանանահայ երգիչ Գէորգ Պեպեճեան կատարեց «Յուշարձաններ»-ը, որմէ ետք Ճենիֆըր Քայիս, Կասիա Ժինեան եւ Սէրլի Մաթոյեան երգեցին «Իմ օրօրան»:

Երրորդ հիւր երգիչն էր Մանուկ Մինասեան, որ մեներգեց «Պախրա»-ն, իսկ Գօգօ Արոյեանը` «Աշուղ եմ»-ը: Կարինէ Ներսէսեան խումբին ընկերակցութեամբ մեներգեց «Հով գիշեր, զով գիշեր»-ը: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ «Սիւնեաց սարեր» երգին երկրորդ կատարումով` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներուն:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ «Հաւասի»-ն ամբողջովին իր առաքելութեան կը նպաստէ, երբ հայ աշակերտները հայ աշուղական երգարուեստին կը հետեւին ու կը կատարեն: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամախօս դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանին, համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու Գարմէն Աճեմեանին, հիւր երգիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` պրն. Գալուստ ըսաւ. «Մենք Քեսապը պիտի ազատագրենք, պիտի վերականգնենք եւ «Հաւասի» համոյթը Քեսապի մէջ պիտի ներկայացնենք»:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիլիվըրզ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Կիրօ Մանոյեանի Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.