Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Ենք` Մեր Ցաւերը. Հողիկ Մ՛Իսկ Կորսնցնելու Իրաւունք Չունինք

April 15, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը դարձեալ դէմ յանդիման է ցեղասպանին, ա՛յն ցեղասպանին, որ հարիւր տարի առաջ իր գործած ու շարունակած ցեղասպանութիւններուն համար ոչ միայն արժանի պատիժը չէ ստացած եւ չէ հատուցած, այլեւ զօրակցութիւնը վայելած է մեծապետական կարգ մը երկիրներու ռազմաքաղաքականութեան:

Արար-աշխարհի սառնասիրտ հայեացքներուն առջեւ ցեղասպանը անարգել ազատութեամբ մուտք գործեց հայաւան Քեսապ, խաղաղ բնակչութիւնը տեղահանեց, թալանեց, քանդեց ու պղծեց:

1915-ի պատկերը կրկնուեցաւ, երբ (ան) քաղաքակիրթ Արեւմուտքին առջեւ ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանուեցաւ, տարագրուեցաւ, հայաթափական ու բռնագրաւական բարբարոսութեամբ:

Այսօրուանը երէկէն տարբեր չէ:

Երէկուանը այսօրէն տարբեր չէ:

Նո՛յն ցեղասպանը, նո՛յն ցեղասպանութեամբ:

Նո՛յն անմարդկային վերաբերմունքը, նո՛յն  «հանդիսատես»-ներու դաւադրութեամբ:

Ցեղասպանութեամբ, բռնաբարումներով, արշաւանքներով, յափշտակութիւններով ու կողոպուտներով չյագեցած արիւնարբու թուրքը, նորօրեայ էրտողաններու ու տաւուտօղլուներու վոհմակներով, Քեսապ խուժելով, անգամ մը եւս ապացուցեց իր վայրենաբարոյ եւ աւազակաբարոյ դիմագիծը:

Լկտիութիւնը այն աստիճանի հասաւ, որ Թուրքիոյ տխրահռչակ արտաքին գործոց նախարարը անամօթաբար ու շնականօրէն յայտարարեց, թէ պատրաստ է… ընդունելու քեսապցիներ եւ օժանդակութիւն տալու անոնց:

Դժբախտաբար ոչ մէկ (ան)արժանապատիւ պետութիւն պարկեշտութիւնը ունեցաւ մատնանշելու թրքական գործօնին դատապարտելի միջամտութիւնը, իսկ եթէ եղան քեսապահայութեան նկատմամբ արտայայտութիւններ, ատոնք մնացին իրենց ընդհանրութեան մէջ, բացի Ռուսիայէն, որ օրակարգի վրայ պահեց զայն` հարցը հետապնդելու վճռակամութեամբ:

Ի դէպ, այն բոլոր երկիրները (քրիստոնեա՜յ), որոնք իրենց քիթը մխրճեր են Սուրիոյ ներքին հակամարտութեանց մէջ, պահիկ մ՛իսկ խպնելու առիթ եւ զգացում չունեցա՞ն ի տես սուրիացի քրիստոնեաներուն դէմ գործուած հալածանքներուն, սրբատեղիներու աւերումին ու տեղահանական գործողութիւններուն, գերազանցապէս փայլելով իրենց համրութեամբ ու հաւկուրութեամբ, նոյնիսկ ամբարտաւանօրէն շարունակելով ահաբեկիչ ու ռազմամթերք ղրկեն հոն:

Հալէպի դէմ շղթայազերծուած ահաբեկչական յարձակումները ի՞նչ էին, եթէ ոչ հալէպահայութիւնը ֆիզիքապէս, նիւթապէս ու բարոյապէս հաշուեյարդարի ենթարկել` թուրք-թաթարներու, ազերի-չեչեններու մեղսակցութեամբ:

Այս մէ՞կն ալ չտեսան, չլսեցին Ամերիկան եւ իր դաշնակիցները, երբ յոխորտացին ու կը յոխորտան, թէ վարչակարգ պիտի տապալեն` զինելով ահաբեկիչներ, օգնելով ահաբեկիչներու, անմեղներու սպանութեան ու տեղահանութեան գնով:

Այն` ինչ որ կարելի չեղաւ իրականացնել այլուր, այժմ Քեսապն է, որ կը դարձուի թիրախ, որովհետեւ ոչ ոք զսպուածութեան ու զգաստութեան կոչ ուղղեց Անգարայի վարիչներուն, իսկ վատայուշ թուրք վարչապետը, որ մինչեւ գլուխը խրուած է գայթակղութիւններու ու չարաշահութիւններու մէջ թրքական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու ընչաքաղցութեամբ, ուզեց Քեսապի պարպումով ինքզինք հաստատել, գիտնալով, որ ոչ ոք կրնայ հակառակիլ իրեն, յատկապէս` քրիստոնեայ (՞) աշխարհը, որուն հետ ունէր (եւ ունի) հասարակաց դաւադրական ու շահադիտական ծրագիրներ:

* * *

Այս արագ անդրադարձումի լոյսին տակ, արդեօք հայութիւնը, որ դառն փորձութիւններ ունեցած է թրքական վանտալիզմին հետ ու մորթին վրայ զգացած` անոր գազանութիւնները, երբեք կանխատեսումը չունեցա՞ւ նման ստորնագոյն ներխուժումէ մը:

Եթէ ոչ` ապա կը նշանակէ, թէ ատիկա քաղաքական անհասունութիւն էր, ռազմական կարճատեսութի՞ւն, իրողական միամտութիւն, պարզապէս անոր համար, որ ճիշդ ատոնց հակառակ սկզբունքներով կամ մեկնակէտերով պէտք էր գործէր ու վերաբերուէր հայութիւնը` ի վերջոյ խուսափելով թրքական ակնկալուող «անակնկալէ» մը:

Հարցը երբեք առնչուած չէ քեսապահանութեան, ոչ ալ մեր վերոյիշեալ ակնարկութիւնը կ՛երթայ անոր, այլ սփիւռքահայ ազդեցիկ ոլորտներուն, որոնք սուրիական տագնապը դիտելով արտաքին կողմերէն ու հաղորդակից դառնալով պատահելիք հաւանականութիւններուն` կրնային դիմել համապատասխան նախաքայլերու, լծուիլ նախաձեռնութիւններու, թեկուզեւ յուշերու եւ յիշեցնելու կարգով, կազմակերպելու ու կազմակերպուելու հեռանկարով:

Իսկ ատոնք երբեք ալ դժուարութիւն կամ անկարելիութիւն չէին, եթէ որդեգրուէր աչալուրջ ու հետեւողական մօտեցում, հայաստանեան թէ սփիւռքեան չափանիշներով:

Հայ ժողովուրդը, բարեբախտաբար, ունի այնպիսի միջոցներ ու կազմակերպութիւններ, առիթներ ու կարելիութիւններ, որոնց միջոցով կրնար (ու կրնայ) հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու, իր պետական, քաղաքական, կառավարական յարաբերութիւններով, բարեկամութիւններով ու մտերմութիւններով, ջուրը «աղբիւր»-ներէն խմելու եւ, ըստ այնմ, վերլուծելու ու կողմնորոշուելու, հուսկ` նախապատրաստուելու:

Եթէ այս պատրաստուածութեամբ ու մտածողութեամբ չեն ձեւաւորուած մեր քաղաքական միտքն ու հասունթիւնը, անխուսափելի պիտի դառնան ցնցումներն ու աղէտները, իսկ հայ ժողովուրդը իրաւունք չունի չկանխատեսելու թրքական այս եւ այլ (շարունակելի) ասպատականութիւնները, քանի այլեւս մեզի արգիլուած է պատառիկ մը հող կորսնցնել, հայրենական թէ հայաւանային, գաղութային թէ համայնքային մակարդակներով:

Ի դէպ, Քեսապի իրադարձութիւններու հարցով Հայաստանի իշխանութիւններու արագ հակազդեցութիւնը` տէր ու պաշտպան կանգնելու Քեսապին եւ քեսապահայութեան, ընդհուհ` խորհրդարանական բարձր աստիճան պատուիրակութիւն մը գործուղելով Դամասկոս ու Լաթաքիա, արժանի է խոր յարգանքի եւ երախտագիտութեան, որովհետեւ պետական մակարդակով ալ այս գերխնդիրը արծարծուեցաւ ու հետապնդուեցաւ:

Բարենշելի է, որ հայ ժողովուրդը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, անտարբեր ու կրաւորական չմնաց, այլ իր ներկայութիւնը զգացնել տուաւ, սակայն որքա՜ն ողջունելի ու ծափահարելի պիտի ըլլար, եթէ աւելի ազդու, միասնական ու համախումբ ըլլային, աւելի կազմակերպչական ու զանգուածային, աւելի ծրագրուած ու հետեւողական:

Կարելի չէ ընդունիլ, ոչ ալ համակերպիլ կարգ մը խժալուր ձայներու կամ ձախաւեր գրիչներու, որոնք աժան դասեր տալու, խակ վերլուծումներ կատարելու ու եսական տեսակէտներ արտայայտելու սոփեստութիւններու անյաջող փորձութիւններու մատնուեցան, երբ Քեսապի վիճակուած ճակատագիրի ծանրակշութեան հետ անլրջութեամբ մօտեցան:

Քեսապը ազգային արժանապատուութիւն է.
Քեսապը հայկական հողատարածք է.
Քեսապը հայութեան պարծանքն է.
Քեսապը վերականգնելի է.
Քեսապը անտէր ու անտիրական չէ.
Քեսապը քաղաքացիական հաւատարմութեան նմուշ է.

Քեսապը մնայուն իրականութիւն է:

Այս պէտք է ըլլայ մեր հաւատամքը ե՛ւ Քեսապի, ե՛ւ Այնճարի, ե՛ւ որեւէ հայապատկան կամ հայաշատ շրջանի նկատմամբ:

Ասկէ դուրս չի՛ք ճշմարտութիւն:

 

 

 

Պէյրութ, 8 ապրիլ 2014

Նախորդը

Յաղթանակ Մկրտութեամբ

Յաջորդը

Քեսապի Հայաթափումը – Ահազանգի Ղօղանջներ. Թուրքիան Եւ Հայկական Դիմադրականութիւնը Տկարացնելու Քաղաքականութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.