Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլտանօղլու, Ալթուն Եւ Կիւլեկեչ Զեկուցեցին Պոլսահայ Գաղութի Մասին

April 14, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bolsahay-Kaghout2Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պոլսահայ գաղութին մասին հետաքրքրական ու շահեկան դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ ազգային, միութենական ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեան մը:

Համազգայինի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ յայտնեց, թէ վերջին տասնամեակին պոլսահայութիւնը կարեւոր ժամանակաշրջան կ՛ապրի, ուր ակներեւ են մտաւորականներու փոխադարձ այցելութիւնները Պոլսոյ եւ այլ գաղութներու միջեւ: Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր բանախօսները եւ խօսքը փոխանցեց Զաքարիա Միլտանօղլուի:

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի յօդուածագիր, ճարտարապետ, հասարակական գործիչ Զաքարիա Միլտանօղու ներկայացուց պոլսահայութեան այժմու իրավիճակը` թուելով տակաւին կանգուն ու գործող ազգային հաստատութիւններն ու միութիւնները: Պոլսոյ մէջ ներկայիս կան 35 եկեղեցիներ, որոնց թիւը եռապատիկ էր անցեալին: Բոլոր եկեղեցիներն ալ ունին իրենց յատուկ երգչախումբերը: 1915-ի 62 դպրոցներէն այժմ կը գործէ 18 դպրոց միայն: Կան 16 միութիւններ, 14 գերեզմանատուներ եւ երկու մարզական կեդրոններ` Թաքսիմի եւ Շիշլիի մէջ: Սահիկներու օգնութեամբ Միլտանօղլու ցոյց տուաւ կարգ մը հաստատութիւններու եւ եկեղեցիներու նկարներ, ինչպէս` Պոլսոյ Գումքափու թաղամասի պատրիարքարանի եկեղեցին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ կարեւոր դեր կատարած է 1915-ի դէպքերուն գաւառներէն Պոլիս ապաստանած հայ գաղթականներու պատսպարման մէջ: Նաեւ` Սկիւտարի Ս. Յովհաննու, Կէտիկփաշայի Ս. Խաչ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցիները: Սուլթան Մոհամետ Բ. Ֆաթիհի օրով հայեր մեծ մասամբ Պուրսայի մէջ կը գտնուէին եւ Ֆաթիհի կերտել տուած հայոց պատրիարքարանը հոն կը գտնուէր, միայն 120 տարիներ ետք է, որ պատիրարքարանը Պոլիս փոխադրուած է: Կան նաեւ Պեշիկթաշի Ս. Յակոբ, Պէյօղլուի Ս. երրորդութիւն, եկեղեցիները: Դպրոցներէն կան Կեդրոնական վարժարանը, որ կրթական, մշակութային կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, նաեւ` Սահակեան-Նունեան վարժարանը, ուր լոյս տեսած է Պոլսոյ առաջին հայերէն պարբերականը: Կայ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, որ բաւական մեծ է, կ՛ընդգրկէ եկեղեցի մը, ծերանոց, հոգեբուժարան եւ հիւանդանոց, ուր կը գործեն հայ, թուրք, յոյն եւ հրեայ բժիշկներ: Կան նաեւ` Եսայեան, Մխիթարեան, Գալֆայեան, Պեզճեան եւ այլ վարժարաններ:

Կայ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին վախճանեալ հայ պատրիարքներ: Կայ նաեւ Պալըգլիի գերեզմանատունը, ուր թաղուած է Հրանդ Տինք: Աւելի քան հարիւրամեայ` «Ժամանակ»-ը օրաթերթը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթը, «Արաս» հրատարակչատունը հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր կը հրատարակէ: Կայ նաեւ թրքալեզու «Փարոս» պարբերաթերթը: Կան «Ակօս» եւ «Նոր Զարթօնք» ձայնասփիւռի կայանները: Վերջին 3-4 տարիներուն հետզհետէ կը կազմուին Վագըֆլը, Տերսիմ, Սասուն եւ այլ հայրենակցական միութիւններ: Ունինք «Ժպիտ» հանդէսով: Այս հաստատութիւնները կը գործեն առանց ազգայն սահմանադրութեան, որ 1860-ական թուականներէն կը վարէր հայ հասարակական կեանքը: Բայց 1915-էն ետք չի գործեր:

Bolsahay-Kaghout1Միլտանօղլու իր զեկուցումը փակեց հարց տալով` «այս դատը ե՞րբ պիտի վերսկսի»: Ապա խօսք առաւ պոլսահայ հասարակական գործիչ, կրթական մշակ Տիգրան Ալթուն, որ իր կարգին խօսեցաւ պոլսահայութեան լաւ ու դառն օրերուն մասին, յատկապէս 1915-էն ետք: Ան խօսեցաւ Եղեռնի շրջանին գաւառներէն Պոլիս ապաստանած հայու բեկորներու ապրուստի դառն պայմաններուն, 1938-ի, 1955-56-ի, 1964-ի դէպքերուն հայոց վրայ ունեցած հետեւանքներուն մասին: Տիգրան Ալթուն նշեց, որ պոլսահայերը խորքին մէջ կը կազմեն դարերէ ի վեր Պոլսոյ մէջ հաստատուած, ազնուական, բարեկեցիկ, մշակութային հարուստ գործունէութեամբ ու ենթահողով իրակա՛ն պոլսահայերը եւ` գաւառներէն եկած խեղճուկրակ հայու բեկորները, որոնք թէեւ ժամանակի ընթացքին նիւթապէս բարելաւուեցան, սակայն մշակութային, հասարակական գործունէութեան ատակութիւնը կը պակսէր անոնց: Մինչեւ 1962 գործած Ազգային պատգամաւորական ժողովը իր հայկական սահմանադրութեամբ, որ պետական հարուածի շրջանին արգիլուեցաւ` «պետութեան մէջ պետութիւն» ունենալու պատրուակով: Ալթուն մտահոգութիւն յայտնեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքի առողջական կացութեան ու անոր հետեւանքներուն գծով: Ան խիստ բարձր գնահատեց պոլասահայ լրագրող, «Ակօս»-ի նախկին սեփականատէր, յունուար 2007-ին նահատակուած մտաւորական Հրանդ Տինքի ներգործօն դերը` նշելով, որ այսօր կարելի է ըսել «Հրանդ Տինքէն առաջ» եւ «Հրանդ Տինքէն ետք», այնպէս ինչպէս կ՛ըսենք` «Քրիստոսէ առաջ» եւ «Քրիստոսէ ետք»: Ալթուն ընդգծեց, որ ներկայիս պոլսահայութեան եւ համայն աշխարհի մէջ հայկական ամէնէն մեծ հաստատութիւնը Ս. Փրկիչ Ազգային` հիւանդանոցն է: «Պոլսոյ մէջ հայ ծնիլը դժբախտութիւն է, բայց հայ ծերանալը` բախտ»:

Երրորդ զեկուցաբեր-բանախօսն էր կրթական մշակ Սարգիս Կիւլեկեչ, որ մանրամասն զեկուցեց պոլսահայ կրթական մարզին մասին, ուր կան շուրջ երեք հազար հայ աշակերտներ եւ նոյնքան ալ` ոչ հակական օտար վարժարաններու մէջ:

Ապա զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

Ուրբաթ, 11 ապրիլին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, Զաքարիա Միլտանօղլու ներկայացուց «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն… 1794-1980» նիւթով դասախօսութիւն մը: Միլտանօղլու նկարներու ընկերակցութեամբ անդրադարձաւ 42 երկիրներու մէջ հրապարակուած հայերէն թերթերու, հանդէսներու, կնոջական, մարզական, գրական եւ այլ մարզերու պարբերաթերթերու:

Պոլսահայ Գաղութին Նուիրուած Ձեռնարկ`
Այնճարի Մէջ

Bolsahay-Kaghout_AinjarԿազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգային Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ գաղութին նուիրուած ձեռնարկ մը:

Ձեռնարկին զեկուցաբերներն էին Տիգրան Ալթուն, Սարգիս Կիւլեկեչ եւ Զաքարիա Միլտանօղլու:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան: Ան ըսաւ թէ այս ձեռնարկը կազմակերպելու նպատակը եղած է Լիբանանի հայութեան մօտէն ծանօթացնել պոլսահայ գաղութի իրավիճակը: Ապա ան ներկայացուց  զեկուցաբերները:

Լուսանկարներու ընկերակցութեամբ Զաքարիա Միլտանօղլու  ներկայացուց Կեսարիոյ եւ  Մուշի   աւերակ վիճակի մէջ  գտնուող հայկական եկեղեցիները, շուկաները, թաղամասերը, դպրոցները, վանքերը եւ տուները: Ան նաեւ ներկայացուց Պոլսոյ մէջ ներկայիս գտնուող հայկական կառոյցները, եկեղեցիները հիւանդանոցները, ակումբները եւ գործող միութիւններն ու  թերթերը:

Յաջորդ զեկուցաբերը եղաւ Տիգրան Ալթուն, որ ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ հայկական գաղութին ներկայ իրավիճակը: Ան ներկայացուց հայկական միութիւնները, դպրոցները եւ մշակութային կեդրոնները`  կեդրոնանալով անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ:

Ձեռնարկին աւարտին ներկաները առիթը ունեցան նիւթին առնչութեամբ տարբեր հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Յստակն Ու Անյստակը

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100–Ամեակի Ծրագիրներ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.