Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտահայերէնին Անդրադարձող Բազմալեզուութեան Միջազգային Գիտաժողով. «Արեւմտահայերէնը Վտանգուած Է՛ Եւ Չէ՛ Լիբանանի Մէջ» Ըսաւ Լեզուագիտական Հետազօտող Անգը Պաթէյնէ

April 10, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC09313Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի անգլերէնի բաժանմունքին եւ յարակից հետազօտական կեդրոնին ու գործակցաբար Ֆրանսական լեզուագիտական ու յարակից հետազօտական կեդրոններու, երէկ` չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ բազմալեզուութեան առնչուող միջազգային եռօրեայ գիտաժողովի եզրափակիչ նստաշրջանը:

7-էն 9 ապրիլի միջեւ գումարուած այս գիտաժողովին երրորդ եւ վերջին օրուան նիստը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Արծարծուեցաւ արեւմտահայերէնի իրավիճակը Լիբանանի մէջ: Ծագումով ամերիկացի, լեզուագիտական դոկտորայի թեկնածու Անգը Պաթէյնէ շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ զեկուցեց «Արեւմտահայերէնը վտանգուա՞ծ է Լիբանանի մէջ» խորագիրով նիւթին շուրջ:

Բանախօսը խօսեցաւ աւելի քան տարիէ մը ի վեր Լիբանանի թէ այլ գաղութներու հայկական պատկան մարմիններուն եւ կեդրոններուն մէջ իր տարած պրպտումի աշխատանքներուն մասին: Այցելելով հայկական կրթական զանազան հաստատութիւներ (Համազգայինի Լիբանանի թէ Մարսէյի ճեմարաններ…)` ան նշեց հայ կրթական կեդրոններու եւ դպրոցներու դերը մայրենիի, իմա` Արեւմտահայերէնի պահպանման հոլովոյթին մէջ:

Ամերիկացի բանախօսը դրուատեց հայ դպրոցին ներգործօն դերը այս իմաստով` ընդգծելով պատկան մարմիններու նախանձախնդրութիւնը` մաքուր եւ կատարեալ արեւմտահայերէնի ուսուցման գծով: Ան անդրադարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այն տեսակէտին, թէ` «Արեւմտահայերէնը վտանգուած է Միջին Արեւելքի երկիրներէն Լիբանանի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրաքի մէջ»: Մեկնելով իր կատարած տեսական հետազօտութենէն եւ գործնական պրպտումներէն, Պաթէյնէ թեր ու դէմ կարծիքներ փոխանցեց այս գծով: Առարկայական հիմնաւորումներվ հարուստ իր մատնանշումներուն մէջ ան տեսականօրէն վտանգուած նկատեց արեւմտահայերէնը, մինչ որդեգրուող քայլերու եւ միջոցառումներու դիտանկիւնէն ան աւելի դրական մօտեցում ցուցաբերեց` ընդգծելով, որ այնքան ալ մտահոգիչ կերպով վտանգուած չէ անիկա: Թուելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տեսակէտին տուն տուած եւ անոր որդեգրած լեզուագիտական չափանիշները` Պաթէյնէ նշեց, որ Լիբանանի մէջ այնքան վտանգաւոր չէ արեւմտահայերէնի ապագան, որքան նկատի առնուած միւս շրջաններուն (Թուրքիա) մէջ:

«Ճշգրտօրէն պատասխնելու համար նշեալ հարցումին` նախ անհրաժեշտ է նշել, թէ ի՞նչ կը հասկնանք արեւմտայերէն, վտանգ, լիբանան, ըսելով», մատնանշեց Պաթէյնէ:

Զրոյցի աւարտին ներկաներէն ելոյթ ունեցաւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեան, որ շեշտեց, որ հայերը անցնող հազարամեակին հայոց լեզուի պահպանման գծով եղած են աւելի պաշտպանողական դիրքի վրայ եւ փորձած են միշտ կառչած մնալ իրենց հայրեինքին ու մայրենի լեզուին: Անդրադառնալով հայոց լեզուի պատմական ենթահողին` Վասիլեան ընդգծեց պատմութեան գործօնի կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ նստաշրջանի յաջորդ նիւթը անդրադարձաւ «Քաշքայ» լեզուին, զոր ներկայացուց իրանցի մասնագէտ, Սոհրապ Տոլաթխայ: Այս նիւթի աւարտին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ֆրանսահայ այցելու դասախօս դոկտ. Տօնապետեան խիստ շահեկան մեկնաբանութեամբ արծարծեց «Արցախի տէ ֆաքթօ անկախ հանրապետութեան մէջ հայոց լեզուի պահպանման հոլովոյթը, հակառակ նախապէս բանեցուած խորհրդային թէ ազրպէյճանական ուղղակի թէ անուղղակի ճնշումներուն»: Տօնապետեան այս գծով բաղդատական եզրեր նկատեց Արցախի թէ Քաշքայի պարագային` ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ մայրենի լեզուի պահպանման կարեւորութեան գծով:

Աւելցնենք, որ այս գիտաժողովին արծարծուած նիւթերուն շուրջ դասախօսութիւնները պիտի հրատարակուին առանձին հատորով:

 

 

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ` Ապրիլեան Ոգեկոչումներ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 94-րդ Լսարանի Ծիրին Մէջ. «Այսօր Նահանջը, Արցախի Կորուստը Մեզի Համար Համազօր Է Հայութեան Բնաջնջման» Ընդգծեց Փրոֆ. Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.