Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Շէնքը Միջոց Է Սոսկ. Մեր Միաբանութեան Նպատակը Ծառայութիւն Է»

April 8, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

13665911213_6f3ea86b58_cԱյս բառերով Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները եւ բարերարները, որոնք եկած էին Պիքֆայա շաբաթ, 5 ապրիլին ներկայ գտնուելու միաբանութեան նոր շէնքին բացման արարողութեան:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Շէնքը որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ, արժէք չէ ինքնիր մէջ. արժէք կը դառնայ ան, երբ նպատակի մը ի խնդիր` աղօթքով ու հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով շնչաւորուի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանները ի՜նչ տագնապալից օրեր ապրեցան անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին. ջարդ, աքսոր, գաղթականութիւն եւ աղքատութիւն իրար յաջորդեցին. իսկ Անթիլիասի մէջ նիւթական ահաւոր դժուարութիւնները, մեր գաղութներուն դիմագրաւած բազմազան կարիքները մղեցին, որ մեր միաբանները ապրին առօրեայ կեանքին ամենախեղճ պայմաններուն մէջ: Ես կը յիշեմ տակաւին քանի մը տասնամեակներ առաջ երեք-չորս միաբաններ կը քնանային նոյն սենեակին մէջ: Սակայն մեր միաբանները երբեք չդժգոհեցան, այլ ընդհակառակն` անոնք աւելի նուիրումով ծառայեցին մեր ժողովուրդին, որովհետեւ մեր կոչումը ծառայել էր»:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ճշմարիտ բարերար է այդ անձը, որ կու տայ առանց հաշիւի, առանց ակնկալութեան, առանց փառքի ու պատիւի մարմաջի. կու տայ նուիրական նպատակի մը` մասնակից դառնալով եկեղեցւոյ ու ազգին առաւել պայծառութեան եւ հզօրութեան հաւաքական առաքելութեան: Այսպիսի բարերար են տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան ամոլը: Ո՛վ չի ճանչնար մեր եկեղեցւոյ ու ազգին իրենց նուիրական ծառայութիւնը եւ անսակարկ բարերարութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ Ղարաբաղ, Լիբանանէն մինչեւ Քեսապ, Քուէյթէն մինչեւ Արաբական Էմիրութիւններ, կատարած այս զոյգը: Անմիջապէս որ պրն. Հրայր եւ տիկին Մակիին դիմեցի, որ ստանձնեն միաբանութեան շէնքին այս մեծածախս բարերարութիւնը, անոնք սիրով ընդառաջեցին: Ահա ճշմարիտ բարերարի տիպար օրինակ մը»:

Ապա վեհափառ հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեանի: Միաբանական նոր շէնքին բացման արարողութենէն ետք դպրեվանքի սաները իրենց հոգեւոր ու ազգային երգերով ծաղկեցուցին մթնոլորտը Պիքֆայայի բարձունքին: Նոյն օրը կէսօրին վեհափառ հայրապետը եւ միաբան հայրերը ճաշեցին դպրեվանքին մէջ` ներկայութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեանի:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ջաւախքէն Ժամանած Տաղանդաւոր Պատանիներ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ոչ Թէ Հիւրընկալում, Այլ` Առեւանգում

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.