
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար Ժընեւէն (Զուիցերիա) վերադարձաւ Պէյրութ` Միջազգային պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին տուած իր եռօրեայ այցելութենէն ետք:
Ան Ժընեւի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Միջազգային պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Իվան Մանինիի, անոր ընդհանուր քարտուղարին` Փաթրիք Պոմանի եւ այլ կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ:
Նասսար անոնց տեղեկացուց այն դրական եւ շինիչ քայլերուն մասին, զորս ֆետերասիոնը գործադրեց եւ կը շարունակէ գործադրել` առաջնահերթ նպատակ ունենալով Լիբանանի դէմ սահմանուած պատիժին վերացումը, որպէսզի Լիբանանի ազգային խումբերը վերստին մուտք գործեն միջազգային ասպարէզ:
Ան ըսաւ, որ այս գծով յաւելեալ փոփոխութիւններ ձեռք պիտի բերուին 16 ապրիլին, երբ տեղի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին համագումարը:
Նասսար շեշտեց կարեւորութիւնը արձանագրուած յառաջխաղացքին, որուն մէջ իր գործօն դերակատարութիւնը կ՛ունենայ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Յակոբ Խաչերեան:
Եռօրեայ այդ հանդիպումներուն աւարտին, Նասսար իր այդ այցելութիւնը որակելով արդիւնաւէտ յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Միջազգային պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահին, ընդհանուր քարտուղարին եւ ուրիշներու:


