Հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը ընդունեց իսլամ կրօնաւորներու համախմբումի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին շէյխ Ալի Խազեմ, շէյխ Իպրահիմ Պրէյտի, շէյխ Շարիֆ Տահեր եւ շէյխ Հիւսէյն Ղապրիս: Անոնք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ փոխանցեցին հրաւէր մը` մասնակցելու հոգեւոր վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մայիս 2014-ին, ապա նաեւ խնդրեցին հոգեւոր տիրոջմէ նշանակել մնայուն անդամներ խորհրդակցական հանդիպումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան նախապատրաստական շրջանին:
Հանդիպումին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ Քեսապի աղէտալի դէպքերուն եւ տագնապալի կացութեան: Իսլամ կրօնաւորները դատապարտեցին ծայրայեղական երեւոյթները եւ ցաւալի նկատեցին Քեսապի մէջ պատահածը:
Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, Ապպուտ Պօղոս եւ Անթուան Գալայճեան:


