Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Պէյրութի Մարաթոնի Միութեան Նախագահ Մայ Խալիլի Հետ

March 29, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

May-Khalil-2803Ինյպէս ծանօթ է, կիրակի, 4 մայիս 2014-ին տեղի պիտի ունենայ «Վազէ՛ առաջ, բա՛ւ է ետդարձ կատարել» անունին տակ վազքի մրցում մը, որ յատկացուած է միայն իգական սեռին:

Կիներու վազքի այս մրցումը տեղի կ՛ունենայ երկրորդ անգամ ըլլալով` կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի:

Այս առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մայ Խալիլի հետ, որ որոշ բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ այս ուղղութեամբ:

Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Որոշ փոփոխութիւններ տեղի ունեցա՞ն նախորդ տարուան վազքին եւ այս տարի տեղի ունենալիքին միջեւ:

ՄԱՅ ԽԱԼԻԼ.- Բնականաբար` այո՛: Որեւէ տեսակի նախաձեռնութիւն, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ, անկասկած թերի կէտեր կ՛ունենայ: Նոյնն է պարագան կիներու վազքի այս մրցումին: Տարուէ տարի բոլոր սխալներն ու թերութիւնները անպայմա՛ն որ կը սրբագրուին:

Վաքի այս մրցումին գլխաւոր եւ առաջնահերթ նպատակն է պաշտպանել կիներու իրաւունքները: Ատկէ մեկնելով ուզեցինք, որ անոր մասնակցին իգական սեռի անդամները:

«Ա.».- Ինչ կը վերաբերի անոր ձեր տուած անունին, ի՞նչ ձեւով ընտրեցիք զայն:

Մ. Խ.- Անոր անունը որոշեցինք կոչել «Վազէ՛ առաջ, բա՛ւ է ետդարձ կատարել»:

Բոլորն ալ առաջնահերթ նպատակ պէտք է ունենան միայն ու միայն նայիլ առջեւ: Բնականաբար վազող մը դէպի ետեւ չի նայիր: Սակայն մեր ըսել ուզածը այն է, որ պէտք է վազել նպատակակէտ մը ունենալով, մոռնալ կատարուածը, այսինքն` եղածին մասին չմտածել եւ անոր ետեւէն չերթալ, այլ միշտ փնտռել նոր հորիզոն մը, որ ըլլայ պայծառ եւ լուսաւոր:

marathon-women-2803«Ա.».- Կ՛ակնկալէ՞ք, որ բաղդատմամբ նախորդ տարուան, մասնակցողներուն թիւը ըլլայ աւելի:

Մ. Խ.- Ասոր մէջ ո՛չ մէկ կասկած ունինք: Այս գծով մեր տուած մամլոյ ասուլիս ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ մը առաջ, նշմարեցինք, որ արդէն իսկ այդտեղ ներկայ գտնուողները պատրաստակամութիւն յայտնեցին անոր մասնակցելու: Վստահ եմ, որ մասնակցողներուն թիւը, բաղդատած նախորդ տարուան, եթէ ոչ կրկնապատիկը, պիտի ըլլայ մէկուկէս անգամը:

«Ա.».- Նիւթական պարգեւներ սահմանուա՞ծ են առաջին երեք դիրքերը գրաւողներուն:

Մ. Խ.- Ոչ միայն առաջին երեք դիրքերը գրաւողները, այլ նաեւ առաջին հինգ դիրքերը գրաւողները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ հետեւեալ ձեւով. 100, 700, 500, 300 եւ 200 ամերիկեան տոլար:

Բայց կու գամ շեշտելու, որ ասիկա կը վերաբերի միայն 10 քմ վազքի գլխաւոր մրցումին եւ ոչ թէ մնացեալներուն:

Ատկէ բացի, իւրաքանչիւր վազող, որ ժամանման գիծ կը հասնի, նաեւ պիտի ստանայ յիշատակի մետալ մը:

Կ՛ուզեմ նշել նաեւ, որ այն լիբանանցի վազողը, որ գլխաւոր մրցումին կը յաջողի կոտրել 22 հոկտեմբեր 2011-ին Նիւ Եորքի մարաթոնին լիբանանցի Մարիա Փիա Նաամէի հաստատած մրցանիշը (37′ 14″), պիտի ստանայ հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը:

«Ա.».- Արձանագրութեան համար որոշ կէտեր կամ կեդրոններ կը գտնուի՞ն:

Մ. Խ.- Արձանագրութեան համար նկատի առնուած թուականին առաջին օրն է ուրբաթ, 28 մարտը, «Վըրճըն-մեկասթոր»-ի բոլոր մասնաճիւղերուն մօտ, «Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէ» եւ անշուշտ` Պէյրութի մարաթոնի միութեան կեդրոնատեղին` Հազմիէ: Կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ թիւին` 05-959262 եւ կամ ե-նամակ ուղարկել հետեւեալ հասցէին. [email protected]:

«Ա.».- Այլ ըսելիք ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:

Մ. Խ.- Յատուկ եւ խորին շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին, որ մի՛շտ մեր բոլոր գործունէութիւններուն կ՛անդրադառնայ եւ մեր ձայնը լսելի կը դարձնէ հայ հասարակութեան մօտ: Կը մաղթեմ, որ վազքի այս մրցումին ներկայ ըլլան նաեւ հայ վազողներ: Շնորհակալութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – ՀՄՄ Եւ Սաֆա – ՀՄԸՄ Պէյրութ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ. Պաքու Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպասքեթը. Հայաստան Դիմում Կը Ներկայացնէ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Պաքու Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպասքեթը. Հայաստան Դիմում Կը Ներկայացնէ

November 25, 2026
Թենիս. Հայազգի 6 Թենիսմեններ` Լաւագոյն 1000-ին Մէջ
Մարզական

Թենիս. Հայազգի 6 Թենիսմեններ` Լաւագոյն 1000-ին Մէջ

November 25, 2026
Նոթս Քաունթիի Հայ Մարզիչ Տիգրան  Թադեւոսեան Լոնտոնի Հայեր Կը Մարզէ
Մարզական

Նոթս Քաունթիի Հայ Մարզիչ Տիգրան Թադեւոսեան Լոնտոնի Հայեր Կը Մարզէ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։