Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաւաքական Հաւատքով Ու Միասնական Ոգիով Պիտի Դիմագրաւենք Ամէն Տեսակ Տագնապ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

March 27, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vehapar_S.Neshan26032014Չորեքշաբթի, 26 մարտ 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի տեսչութիւնը եւ դպրեվանքի ուսանողութիւնը:

Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով առաջնորդ սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի հայոց թեմին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, ընդառաջած էր իրենց հրաւէրին: Ապա հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղելու հաւատացեալներուն:

Վեհափառ հայրապետը, ողջունելէ ետք լիբանանահայութիւնը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լիբանանի հայ գաղութի բոլոր մարմիններուն ու զաւակներուն: Այս տարի, վեհափառ հայրապետը իր հոգեւոր խորհրդածութեան առանցքը դարձուց  Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն խօսքը` «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»: Վեհափառ հայրապետը բնաբանին ակնարկելով ըսաւ. «Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ամէն անգամ որ կեանքի դժուարութիւններուն ու փորձանքներուն դիմաց գտնուեցան Քրիստոսի աշակերտները եւ իրեն հետեւողները, Աստուծոյ Որդին անոնց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէք: Քրիստոս ոչ միայն խօսեցաւ հաւատքի կարեւորութեան մասին, այլ իր կեանքի օրինակով, Բեթղեհեմէն մինչեւ Գողգոթա ցոյց տուաւ մարդոց, թէ հաւատքը հզօրութեան աղբիւր է, եւ թէ հաւատքի ուժով կարելի է յաղթահարել կեանքի ամէն տեսակ փորձութիւն ու տագնապ»:

Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ «նոյն այս հաւատքի զօրութեամբ մեր ժողովուրդը յաղթահարեց ամէն տեսակ տագնապ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Փոթորիկներով լեցուեցաւ մեր կեանքը. շատ քիչ առիթներով մեր կեանքի երկնակամարին վրայ խաղաղութեան ծիածանը տեսանք: Սակայն, հաւատքի ուժով զօրացած, մենք մնացինք կանգուն ու քալեցինք դէպի վերականգնում ու վերածաղկում` թէ՛ իբրեւ ազգ եւ թէ՛ իբրեւ եկեղեցի ու հայրենիք: Նայեցէ՛ք պատմութեան. ցեղասպանութեան ընթացքին մէկուկէս միլիոն զոհ տուինք, հայրենիք կորսնցուցինք, սակայն դարձեալ մնացինք, դարձեալ հայրենիք ունեցանք»:

Հայրապետական իր պատգամի երկրորդ բաժինին մէջ, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապին ու յատկապէս վերջին օրերուն Քեսապի մէջ ստեղծուած տագնապալից կացութեան: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Սուրիոյ հայութիւնը միշտ կը մնայ հաւատարմօրէն կապուած սուրիական հայրենիքին ու անոր գերագոյն շահերուն: Անձեր ու իշխանութիւններ ժամանակաւոր են. մնայունը` հայրենիքն է` իր ժողովուրդով ու իր արժէքներով: Մենք միշտ կը մնանք երախտապարտ սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին: Ինչ որ պատահեցաւ Քեսապի մէջ, մենք անոր ետին կը տեսնենք նոյն արիւնարբու թշնամին: Ահա երրորդ անգամ ըլլալով ցեղասպան թուրքը գաղթական կը դարձնէ մեր ժողովուրդի զաւակները Քեսապէն: Այս կացութեան դիմաց մեր ժողովուրդը չի կրնար լուռ մնալ: Քեսապի մեր ժողովուրդը պէտք է շուտով վերադառնայ Քեսապ եւ տէր կանգնի իր տուներուն, գործատեղիներուն, ազգային կառոյցներուն»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան ըսաւ. «Ցեղասպանութենէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տէր կանգնեցաւ գաղթական դարձած մեր ժողովուրդին: Եւ այսօր այդ նուիրական պարտականութեան լծուած ենք մենք` իբրեւ կաթողիկոս ու կաթողիկոսութիւն: Ու հազար փառք Աստուծոյ, որ այսօր մեզի հետ են մեր հայրենիքը եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները: Ո՛չ ոք կրնայ մեզ հեռացնել մեր իրաւունքներէն: Թող վստահ ըլլայ Քեսապի հայութիւնը, որ մենք պիտի մնանք իր կողքին` թէ՛ քաղաքական գետնի վրայ եւ թէ՛ ընկերային աջակցութեան ծիրին մէջ միշտ զօրավիգ կանգնելու Քեսապի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն»:

Ապա, աւանդութեան համաձայն Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ նախաճաշի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց դպրեվանքի սաներուն երգեցողութիւնը, ապա անդրադարձաւ դպրեվանքի կարեւորութեան` շեշտելով մարդուժի պատրաստութեան գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին վիճակուած կարեւոր դերը եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները ղրկելու դպրեվանք:

 

Նախորդը

Համազգայինի Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին Միջեւ Գործակցութեան Համաձայնագիրի Շնորհահանդէս. Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան Զեկուցեց «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-ու Հեռաուսուցման Համակարգին Մասին

Յաջորդը

Նշմար. Երբ «Թուիթըր»-ը Աւելի Կարեւոր Է, Քան Հազարաւոր Մարդոց Ճակատագիրը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները
Գաղութային

Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։