Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Յակոբ Պալեան Եւ Կարօ Յովհաննէսեան Զեկուցեցին «Հայ Մարդը Հայեցի Դաստիարակութեան Դիմաց» Նիւթով Կլոր Սեղանի Զրոյցի Ընթացքին

March 22, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ous-21032014Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ազգային առանցքային նիւթ նկատուող շահեկան զրոյց մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ հայկական վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, կրթական մշակներու եւ համալսարանականներու:

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները` սփիւռքահայ մտաւորական Յակոբ Պալեան եւ կրթական մշակ Կարօ Յովհաննէսեան: Անթոյեան ապա խօսքը փոխանցեց օրուան զրուցավար, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ դպրեվանքի ուսուցիչ Քրիստափոր Միքայէլեանի:

Շուրջ երկու ժամ տեւած կլոր սեղանի զրոյցի ընթացքին զրուցավար Քրիստափոր Միքայէլեան կատարեց զանազան հարցադրումներ` «Հայ մարդը հայեցի դաստիարակութեան դիմաց» առանցքային նիւթին շուրջ:

ous1-21032014
Կարօ Յովհաննէսեան, Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Յակոբ Պալեան

Զեկուցաբեր-բանախօսներ Յակոբ Պալեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան յաջորդաբար անդրադարձան արծարծուած հարցերուն: Շինիչ քննադատութեան առարկայական մօտեցումով անոնք պարզեցին լիբանանահայ կրթական մարզի եւ յատկապէս հայեցի դաստիարակութեան մարզի իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Պալեան եւ Յովհաննէսեան անհրաժեշտ նկատեցին հայեցի դաստիարակութեան վերանայումը, կրթական ազգային քաղաքականութեան եւ ռազմավարութեան ծրագրում-մշակումը, ղեկավարութեան ցուցաբերած մօտեցումի եւ մտայնութեան վերանայումը:

Կարօ Յովհաննէսեան իր կատարած հարցադրումներուն կողքին ներկայացուց համապատասխան առաջարկներու տարազներ` ուսուցիչներու վերաորակաւորում, «Մշակոյթի ամսուան» վերակենդանացում եւ այլն: Յովհաննէսեան շեշտեց հայ մօր դերակատարութիւնը` հայեցի դաստիարակութեան թէ օտար վարժարան դիմելէ խուսափելու գծով:

Նմանապէս, Յակոբ Պալեան շեշտը դրաւ ղեկավարութեան մակարդակի համակարգումի անհրաժեշտութեան վրայ, օրինակ` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին փոխարէն յառաջացնել «Լիբանանահայ վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդ», ժողովուրդը մօտեցնել իմաստասիրութեան եւ այլն:

Կլոր սեղանի շահեկան այս զրոյցին ընթացքին իրենց տեսակէտները պարզեցին նաեւ համալսարանականներ, որոնք իրենց համալսարանական կեանքի փորձառութենէն մեկնելով ներկայացուցին համապատասխան առաջարկներ:

Իրենց կարգին, ներկաներէն ոմանք  արտայայտեցին իրենց տեսակէտները` հայեցի դաստիարակութեան, հայ ուսուցիչի արժանավայել ու անաչառ գնահատման, հայեցի դասանիւթերու ուսուցման, գիրքերու պատրաստութեան հայ ուսուցիչի առաքելութեան, եւ այլ հարցերու շուրջ:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գնահատելով զրոյցի կազմակերպման նախաձեռնութիւնը, դրուատեց նախորդ սերունդներու ճիգերը` հայրենիքէն հեռու հայապահպանման իրենց առաքելութեան յաջողութեան մէջ: Շահէ սրբազան մաղթեց, որ միասնաբար գործելով կարելի ըլլայ յաղթահարել թուլութեան շրջանը եւ ստեղծել զարթօնքի նոր առիթ:

 

Նախորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Մուշեղ Իշխանի Քերթուածներուն Միջդպրոցական Արտասանական Մրցանք

Յաջորդը

Մտածումի Թափառումներ. Կեցցէ՛ Յաղթանակը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.