ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ ձեր սիրած մէկ անձը վշտացուցած էք, մի՛ ամչնաք ներողութիւն խնդրելու: Ան պիտի ներէ ձեզի, իսկ դուք պիտի զգաք հոգեկան թեթեւութիւն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Փոքր ծախսով պիտի կարենաք ստեղծել հաճելի մթնոլորտ, երբ ձեր հիւրերը գիտակից անձեր են եւ գիտեն գնահատել հոգեկան արժէքները: Օրը պիտի ներշնչէ ձեզ` գոհանալ մնայուն արժէքներով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հին նկարներ, յիշատակներ արթնցնող երազկոտ տրամադրութիւն պիտի ունենաք: Աշխատանքի օրուան ընթացքին նման զգացումներ կը կաշկանդեն. սթափեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրամը ամէն ինչ է եւ ամէն ինչ չէ նոյն ատեն: Ջանացէք ձեր մէջ զարգացնել արժանիքներ, որոնք կեանքը կը գեղեցկացնեն: Լաւատես եղէք: Ուրախ կ՛ըլլաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ քննադատէք առանց լաւապէս տեղեակ ըլլալու այն հարցէն, որուն մասին աննշան տեղեկութիւն ունիք: Արդարամիտ մնացէք: Այս կը սպասուի ձեզմէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուրիշներէ մի՛ սպասէք ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնելը, դուք պէտք է կարենաք ձեր իրատեսութեամբ ձեր կեանքը հաճելի դարձնել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ նայեցէք ձեր շուրջը, ուր կրնաք գտնել միայն ձեր փափաքածը: Հեռու վայրերը հրաշքներ չեն ստեղծեր: Զարգացուցէք դիտելու եւ ապա դատելու ձեր գիտակցութիւնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոյն վայրին մէջ երկար ժամեր մնալը կը տրտմեցնէ: Դուրս ելէք ձեր սովորական շրջանակէն, հետամուտ եղէք նորութիւններու, որպէսզի տեսնէք ձեր առօրեային միօրինակութիւնը: Հետեւեցէք զուարթ անձերու օրինակին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր շուրջիններէն տարբեր կերպար ունենալու տենչ մը ունիք, փափաք մը, որ ինքնին չի գոյանար: Խոնարհութիւնը լաւագոյն միջոցն է եզակի անձ մը նկատուելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աննշան պատճառներով մի՛ մոռնաք ձեր ստանձնած պարտականութիւնը, որպէսզի մնաք վստահելի անձ մը: Աւարտեցէք այն աշխատանքը, որ ձեզի յանձնուած է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռու երկրէ մը լուրեր պիտի ստանաք ձեր վաղեմի մէկ բարեկամէն, որուն հետ երկար ատենէ ի վեր ձեր կապը կտրուած կը նկատէիք: Բարեկամը չի մոռցուիր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մէկ ձեռքով երկու աշխատանք չի տարուիր, ինչպէս որ կ՛ըսեն` մէկ ձեռքով չես կրնար երկու ձմերուկ բռնել: Այս կը նշանակէ, որ ձեր ստանձնած աշխատանքին հետ թեթեւամտութեամբ պէտք չէ վարուիք: Օրը ունի նպաստաւոր պահեր, օգտուեցէք:
