Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Բանտարկուած Է Սեւան Նշանեանը

March 18, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

sevan_nishanyanՍտորեւ լոյս կ՛ընծայենք Թուրքիոյ «Ռատիքալ» եւ «Զաման» օրաթերթերու աշխատակից, նաեւ փաստաբան, լրագրող եւ մարդկային իրաւանց հարցերու ջատագով Օրհան Քեմալ Ճենկիզի մէկ յօդուածը:

Թուրքիան դրախտավայր մըն է, մասնաւորաբար  երբ հերթը կու գայ ապօրինի շինարարութեան:  Հազարաւոր շէնքեր կան Պոլսոյ մէջ, որոնք շինուած են առանց արտօնագրի, կամ շինուած են` հակասելով  քաղաքային արտօնագրի կանոնները: Զննէ՛ կաշառքի վերջին պարագաները, որ տեսնես, թէ շինարարութեան արտօնագրերը զեղծարարութեամբ կամ այլ ձեւերով ինչպէ՛ս ձեռք կը ձգուին:

Այո՛, ապօրինի շինարարութիւններու դրախտավայր է Թուրքիան, բայց կը թուի, թէ բանտարկած ենք միայն մէ՛կ անհատ, որ իր ունեցած հողին վրայ կարծեցեալ ապօրինի շինարարական շէնք մը կառուցած է: Եւ այդ անհատը Սեւան Նշանեանն է:

Նշանեանը շատոնց կ՛ապրի Զմիւռնիոյ Շիրինճի գիւղը: Կ՛ըսուի, թէ ան այս անյայտ շրջանը զբօսաշրջիկներու համար գլխաւոր ու գրաւիչ վայր մը դարձուց: Նշանեանը հայ ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մըն է: Ան այնպիսի հակադարձ մտաւորական մըն է, որ վրդովեց մեր ընկերութեան զանազան հատուածները: Քեմալականները, իսլամականները, ձախակողմեաններն ու իգական սեռի իրաւունքներուն ջատագով (ֆեմինիստ) եղող անհատները, եւ այս բոլո՛րն ալ ունին իրենց իւրայատուկ պատճառները ատելու Սեւան Նշանեանը: Նշանեանը  ծայրայեղօրէն բացայայտ անձնաւորութիւն մըն է, եւ  հոգը չէ, թէ իր մտածելակերպին պատճառով ուրիշներ զինք կ՛ընդունի՞ն, թէ՞ ոչ:

Ան շարունակաբար Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ կառավարութեան  ծրագիրներուն մէջ կը մտցնէ:

Եւ հիմա ան երկու տարի բանտարկութեան ենթարկուած է Թորպալի  բանտին մէջ: Սեւան Նշանեանը  բանտարկուած չէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըսած  իր խօսքերուն համար, ո՛չ ալ` իր արտայայտած այն մտքերուն,   որոնք ընդունուեցան իբրեւ անարգանք`  ուղղուած իսլամական կրօնին, եւ անոնց պատճառով իսկ ան 11 ամիս բանտարկուեցաւ:

Այսօր ան բանտարկուած է ապօրինի՜ շինարարութիւն մը իրագործած ըլլալուն  պատճառով…

Կրնա՞ք  հաւատալ:

Բանտ մտնելէ առաջ Նշանեանը  խօսած է վեթերան լրագրող Հասան Ճեմալի հետ: Դառն են իր խօսքերը եւ գրգռիչ: Նշանեանը ըսած է.

«Ամբողջ կեանքիս ընթացքին փորձեցի լաւ բան մը ընել մարդոց: Եւ փոխարէնը ի՞նչ ստացայ: Իշխանութենէն միշտ ստացայ կասկած, թշնամութիւն եւ բռնապետութիւն: Ստիպուած էի միշտ բարոյական եւ քաղաքական նախապաշարումներու հանդէպ անպատկառութեամբ եւ արհամարհանքով մօտենալ: Հինգ կառավարութիւններ, ութ ենթակառավարիչներ, եւ չեմ գիտեր քանի՜ նախարարներ եւ քաղաքապետներ փոխուեցան: Երբեմն քանի մը պարկեշտ մարդիկ կու գան եւ նոր յոյսեր կը ծագին մեր մէջ. բայց յետոյ… ոչի՛նչ կը փոխուի»:

«Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ նախապէս իր ըրած դիտողութիւններով Նշանեանը վերլուծած է իսկական շարժառիթը իր բանտարկութեան: «Ակներեւ է, որ իմ հայ ըլլալս դեր կը խաղայ այս գործին մէջ: Թուրքիոյ մէջ ան, որ տուփէն դուրս ելլէ, կը պատժուի, նոյնիսկ եթէ զուտ թրքական մականուն ունենայ: Իսկ եթէ տուփէն դուրս ելլողը հայ է, պատիժը կը բազմապատկուի»:

Թերեւս հարցը հետեւեալ ձեւով պէտք է դնել:

Եթէ Նշանեանը հայ չըլլար, եթէ ան Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսած չըլլար, եւ եթէ ան իր արտայայտութիւններով իսլամականները խռոված չըլլար, այսօր ան միթէ բանտարկուած պիտի ըլլա՞ր:

Սոսկալին այն է, որ այլ պարագաներ, խնդիրներ ալ կան, որոնք  նոյնպէ՛ս կը դատապարտեն Նշանեանը կարծեցեալ ապօրինի շէնքեր կառուցած ըլլալուն համար: Եթէ ասոնցմէ ամէն մէկուն համար նոյնպիսի պատիժ մը ստանայ, ան իր ամբողջ կեանքը բանտին մէջ կրնայ անցընել:

Պատմական հեգնանք մը ըլլալ կը թուի կառավարութեան ըրածը: Որովհետեւ մինչ հոս` պետական իր ազդեցութեան եւ կարողութեան մէջ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելով  կառավարութիւնը կը փորձէ սանձել խոշոր կաշառակերութեան մը խուզարկման խնդիրը (միլիոնաւոր տոլար արժող կաշառակերութիւն մը` շինարարական արտօնագրեր ձեռք ձգելու համար…), իսկ հոն` Սեւան Նշանեանը բանտ կը նետուի իրեն պատկանող 40 քառակուսի մեթրի վրայ շէնք մը կառուցած ըլլալուն համար: Կարծես կատակ մըն է … Բայց այս կատակը ահռելի հետեւանք ունի: Որովհետեւ կը ձգտի լռեցնել քննադատող այնպիսի ձայն մը, եւ այնպիսի մէկ պահուն, որուն կարիքը զգալի է առաւելապէս նոյն այդ պահուն:

Գրեց` ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ

«Զաման»

Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Ազատ Բեմ – Տեսակէտ. Ղարաբաղը Մեր Հոգին Է, Իսկ Սիրտը` Գիւմրին

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Շահում Ու Կորցնում Հայաստանը Ուքրանական Ճգնաժամից

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.