Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խխունջը, Տարօրինակ, Փոքրիկ Կենդանի Մը

March 15, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

khekhountch-1503Ան շատ գեղեցիկ չէ, դանդաղ է եւ կպչուն: Սակայն խխունջը ունի ձիրքեր: Ան կրնայ ընտիր ճաշի մը վերածուիլ կամ գեղեցկութեան սերի մը:

Թուլամորթներուն ընտանիքին մէջ (որուն մաս կը կազմեն խխունջները, նաեւ ընգղաները), նման սահող անասուններէն միայն քանի մը տեսակներ ցամաք ելած են:

Անոնցմէ է խխունջը, որ երկրագունդին վրայ երեւցած է 600 միլիոն տարիներ առաջ:

Հակառակ իր ոչ շատ ախորժակ բացող տեսքին, խխունջը շատ շուտ փնտռուած ուտելիք մը պիտի դառնայ: Խխունջը իբրեւ ուտելիք գործածուելու սկսած է Ք. Ա. 10,000 տարիներէն:

***

Հռոմէացիները
Շատ Կը Սիրէին

khekhountch-1Սակայն յատկապէս հին ժամանակներու շրջանին է, որ ան մեծ հետաքրքրութիւն կը գտնէ: Յոյները եւ հռոմէացիները շատ կը սիրեն խխունջ ուտել: Անոնք կը հաստատեն խխունջի առաջին անասնաբուծութիւնները, որոնք կը կոչուէին քոքլէարիա: Ապա խխունջ ուտելու նորոյթը վերիվայրումներ կ՛արձանագրէ:

19-րդ դարուն է, որ խոհարարները կը սկսին առաջարկել «Ա լա պուրկինիոն» խոհագիրը, պատրաստուած կարագով, սխտորով, ազատքեղով եւ սոխի տեսակով մը: Այդ ժամանակէն ի վեր, խխունջ ուտել շքեղ սովորութիւն մը դարձած է: Ինչպէս գորտի ոտքեր կամ ոստրէ ուտելը լաւ ճաշեր ուտել սիրողներուն համար անհրաժեշտ փորձ մըն է:

***

Գեղեցկութեան Սեր Մը

khekhountch-2Ան մորթին համար տարօրինակ հոգատարութեան նիւթ մըն է, սակայն զայն գործածող կիները շատ գոհ են:

Այս հոգատարութեան միջոցը շատ տարածուած է Ճափոնի մէջ եւ սկսած է ընդունուիլ ամբողջ աշխարհին մէջ: Խխունջները կը դրուին դէմքին վրայ, եւ անոնց լորձունքը կը թափանցէ մորթին մէջ` զայն աւելի պայծառ եւ փայլուն դարձնելու համար:

Խխունջին լորձունքը հարուստ է ջուրով, հետեւաբար ան այդ ջուրը մորթին մէջ անցնելու յատկութիւնը ունի: Նոյն ատեն ան կնճիռներու դէմ կը պայքարի եւ զանոնք սպիացնելու կարողութիւն ունի: Իսկ անոնց համար, որոնք չեն սիրեր, որ այս սահող փոքրիկ անասունները պտտին իրենց դէմքին վրայ, կան նաեւ խխունջի լորձունքով պատրաստուած սերեր:

Ինչո՞ւ Անոնք Այդքան
Լորձունք Կ՛արտադրեն

Քալելը դիւրին չէ, երբ ոտքեր չունիք տեղափոխուելու, խխունջը պէտք է իր ոտքերուն մէջ գտնուող մկանները կծկէ: Սակայն գետնին վրայ կան տեսակաւոր առարկաներ, որոնք կրնան զայն վիրաւորել:

Հետեւաբար, աւելի դիւրին սահելու եւ պաշտպանուելու համար խխունջը կ՛արտադրէ մեծ քանակութեամբ լորձունք: Այս լորձունքը արտադրելու համար ան պէտք ունի ջուրի: Այս պատճառով է, որ երբ սաստիկ անձրեւ ըլլայ, խխունջները իրենց ծակերէն դուրս կ՛ելլեն: Այս պատճառով է նաեւ, որ անոնք անմիջապէս կը պահուըտին երբ օդը կը սկսի տաքնալ: Անոնք կը մտնեն իրենց պատեանին մէջ` աւելի լաւ եւ անձրեւոտ օրեր սպասելով…

Սակայն խխունջին լորձունքը անոր կը ծառայէ նաեւ իր թշնամիները վախցնելու: Երբ ան ինքզինքը վտանգի մէջ կը զգայ, ան կրնայ լորձունքի պղպջակներու ամպ մը արտադրել, որպէսզի վրան չի յարձակին:

 

Գիտէի՞ր, Թէ

  • kideir-te-1-1503Բնութեան մէջ խխունջը կ՛ապրի միջին հաշուով 10 տարի:
  • Խխունջը կը յառաջանայ 1 վայրկեանուան մէջ 6 սմ արագութեամբ:
  • Խխունջը ունի 4 շրթներ, սակայն միայ 1 մէկ ակռայ:
  • Այդ ակռան անոր կ՛օգնէ ուտելիքները բռնելու: Ապա լեզուն է, որ գործի կ՛անցնին: Ան օժտուած է հազարաւոր մանր ակռաներով:
  • kideir-te-2-1503Խխունջը բեռնէն չի շնչեր, այլ մորթէն: Ան այնքան բարակ է, որ խխունջը կրնայ նոյնիսկ անոր ընդմէջէն խմել:
  • Հակառակ իր շօշափուկներուն ծայրը զետեղուած աչքերուն, խխունջը շատ գէշ կը տեսնէ, եւ ոչ գունաւոր: Իր ճամբան գտնելու համար ան կը գործածէ յատկապէս իր հոտառութիւնը:
  • Խռնջայլներն ալ պատեան մը ունին: Սակայն ան շատ մանր է, եւ զետեղուած մորթին տակ:

 

Քալիֆորնիացի Զոյգ Մը
Կը Հարստանայ
Իր Շունը Պտտցնելով

kantseՔալիֆորնիոյ մէջ, Սաքրըմենթոյի Կոլտ Քաունթրին շրջանին մէջ, երիտասարդ զոյգ մը գտած է իր շունը պտտցնելու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ պահուած գանձը:

Ճիշդ այս շրջանին մէջ ալ էր արդէն, որ տեղի ունեցած էր դէպի ոսկիի հանքերը խուժումը 19-րդ դարուն: Տէր եւ տիկին մը, որոնք ուզած են իրենց անո՞ւնը չյայտարարել, նշմարած են, որ «ժանգոտած մետաղեայ տուփի մը ծայրը գետնէն դուրս ցցուած էր` ծառի մը տակը»: Անոնք սկսած են գետինը փորել փայտի կտորով մը: Շատ աւելի խորունկ փորելով, անոնք կրցած են գտնել 8 տուփեր, որոնց մէջ կան 1427 հազուագիւտ ամերիկեան ոսկի դրամներ: Գանձին ընդհանուր արժէքը կը հասնէր 10 միլիոն տոլարի, ոսկիէ 20 տոլար դրամի ձեւի տակ: Անոնք մնացած են 19-րդ դարու կէսերէն: Այս պահուած դրամը հազուագիւտ է ո՛չ միայն իր արժէքով, այլ նաեւ իր որակով: Ճիշդ է, որ այդ կտորները թաղուած են աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, սակայն անոնք շատ լաւ վիճակի մէջ մնացած են: Անոնցմէ կարգ մը կտորներ այնքան լաւ մնացած են, որ կարծէք անոնք նոր տպուած են:

Մօտաւորապէս 15 կտորներ կը ներկայացնեն մինչեւ հիմա գտնուած նման հին դրամներու ամէնէն գեղեցիկ նմուշները: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը հաւանաբար տպուած է 1866-ին եւ անոր արժէքը կը հասնի մօտաւորապէս 1 միլիոն տոլարի:

 

Կարմիր Ձուկ Մը Գործողութեան
Սեղանին Վրայ

tsoug-1503Ֆրանսայի հարաւը ապրող եւ հանգստեան կանչուած ծերունի մը գտած է անասնաբուժ մը, որ ընդունած է գործողութեան ենթարկել իր 6 տարեկան կարմիր ձուկը` Ռոմէօ, որ ուռ մը ունէր:

Եւ որովհետեւ անկարելի էր կարմիր ձուկը ջուրին մէջ դարմանել, բժիշկը ամէն անգամ ձուկը ջուրէն 1 վայրկեան դուրս կը հանէր, անոր ուռը լէյզըր ճառագայթով դարմանելու համար:

Վիրահատութեան ծախս` 150 եւրօ: Դժբախտաբար ուռը դարձեալ յայտնուեցաւ: Ռոմէօ դարձեալ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ: Բժիշկը ստիպուած անոր կռնակի լողակը հանեց: Ըստ վերջին լուրերուն, ձուկը կրցած է դարձեալ լողալ:

Ասիկա բժշկական փոքր քաջագործութիւն մըն է, եւ մեծ թեթեւութիւն անասունին տիրոջ համար:

 

Առաջին Սրճարանը…
Շուներու Յատուկ

srdjaran-1503

 

Շուներու յատուկ առաջին սրճարանին մէջ շունիկները կրնան իրենց մազերը սանտրել տալ, մինչ անոնց տէրերը սուրճ կը խմեն: Այս սրճարանը զետեղուած է Լոնտոնի շքեղ թաղամասերէն մէկուն մէջ: Հո՛ն է նաեւ, որ քանի մը ամիսներ առաջ բացուած էր կատուներու առաջին սրճարանը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Գետնառիւծին լեզուն կրնայ ընթանալ ժամական 21 քմ արագութեամբ:
  • Մարդասպան կոչուած միջատ մը երբեմն իր մարմնին վրայ սատկած մրջիւններ շալկած կը քալէ աւելի մեծ երեւելու համար:
  • Փիղերուն օրական խմած ջուրը հաւասար է 800 գաւաթի:
  • Ուղտերը ծագումով եկած են հիւսիսային Ամերիկայէն:
  • Ճափոնի մէջ կարելի է գնել ընգղայի համով պաղպաղակ:
  • Ամէն օր աշխարհի մէջ աւելի շատ Այֆոն հեռաձայններ կը ծախուին, քան` մանուկներ կը ծնին:
  • Ամերիկայի Օրեկոն նահանգին մէջ գոյութիւն ունի քաղաք մը, որուն անունը Պորինկ (ձանձրացուցիչ) է:
  • Ուղեղ մը կրնայ համակարգիչէն 100 անգամ աւելի տեղեկութիւններ ամբարել:
  • Ձուկերը երբեմն կը հազան:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու թիթեռնիկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու թիթեռնիկները:
Կրնա՞ս գտնել միսի կտորին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել միսի կտորին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս այս 12 մանրամասնութիւնները դնել իրենց համապատասխանող տուփիկներուն մէջ` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս այս 12 մանրամասնութիւնները դնել իրենց համապատասխանող տուփիկներուն մէջ` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել վերի կերպարին հայելիին մէջի նկարը:
Կրնա՞ս գտնել վերի կերպարին հայելիին մէջի նկարը:
Կրնա՞ս գտնել հաւկիթին վրայ գրուած թիւը` կոտրտուած կտորները իրենց համապատասխանող տեղերը դնելով:
Կրնա՞ս գտնել հաւկիթին վրայ գրուած թիւը` կոտրտուած կտորները իրենց համապատասխանող տեղերը դնելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.