Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օրը

March 14, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորութիւն մը չէ մարտ 8-ին, համաշխարհային մասնակցութեամբ տօնակատարուող այս «Օր»-ը, որ աւելի քան մէկ դար առաջ կը համախմբէր արեւմտեան աշխարհի կիները, միակամ ու կազմակերպ, լսելի դարձնելու իրենց ձայնը` կնոջ համահաւասար իրաւունքներու ճանաչման միջազգային դրօշին տակ: Արդարեւ, 1908-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ցուցատախտակներ պարզած 1500 կիներ կը քալէին որպէս պահանջատէր` ի խնդիր աշխատանքի ժամերու կրճատման, թոշակներու յաւելման ու, մինչ այդ իրենց զլացուած, քուէարկելու  իրաւունքին: Նոր աշխարհի նոյ՛ն այդ քաղաքին մէջ` ուր երկու տարի ետք, Ակնունիի  ջանքերով կեանքի պիտի կոչուէր հայ կիներու կուռ կազմակերպութիւն մը, որ այսօր համայն աշխարհին ծանօթ է որպէս Հայ օգնութեան միութիւն:

Միջազգային ընկերվարական շարժման համընթաց, Կիներու միջազգային օրը ստացաւ համաշխարհային ճանաչում` տարիներու ընթացքին սատարելով կիներու մարդկային եւ ընկերային իրաւունքներու օրինականացման Եւրոպայի եւ ամերիկեան ցամաքամասի յառաջադէմ երկիրներուն մէջ: Հոս, հպարտօրէն կրնանք նշել, թէ այդ երկիրներէն շատերէն առաջ, 1018 թուին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը արդէն կը հաստատէր սեռերու հաւասարութեան սկզբունքը` քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու անկապտելի իրաւունքներով:

Հակառակ ցարդ իրականացուած յառաջդիմութեան, դեռ երկար ճանապարհ կայ կտրելիք` հասնելու համար օրինականացած սկզբունքներու իսկակա՛ն գործադրութեան` ըլլա՛յ ընկերային ու տնտեսական, ըլլա՛յ քաղաքական մարզերուն մէջ, ուր կիներու իրաւունքները յաճախ կը մնան անտեսուած: Այս ուղղութեամբ, տարիներէ ի վեր, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որուն Տնտեսական եւ Ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC) կ՛անդամակցի Հայ օգնութեան միութիւնը, ամէն տարի կը կազմակերպէ Կիներու իրավիճեակի քննարկման միջազգային համաժողով մը, որուն իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՕՄ-ը:

Այս առթիւ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր լաւագոյն մաղթանքները կը յղէ իր աշխարհասփիւռ  միաւորներուն, սփիւռքի թէ հայրենի ոստաններու  բազմազբաղ, ժրաջան ու լուռ աշխատանքի լծուած մեր մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն, նոյն ատեն կոչ ուղղելով անոնց` պաշտպան կանգնելու իրենց անկապտելի իրաւունքներուն` յանուն մեր ժողովուրդի ու պետականութեան յառաջադէմ ընթացքին դէպի արդար ու բարգաւաճ ապագայ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կանանց Օրուան Առթիւ.- Նուրբ Ձեռքերը, Սուրբ Ձեռքերը…

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. «Արցախ Ֆոնտ» Լիբանան 2013 Տարուան Տեղեկագիր

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.