Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճեմարանի Մէջ Ծառատնկում Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

March 5, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

jemaran1-26022014Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի մեկնարկին 24-րդ տարեդարձին առիթով եւ   Արցախի հերոսներու յիշատակին նուիրուած ծառատնկում: Վիգէն Զաքարեանի յիշատակը յաւերժացնող ծառ մը զետեղուեցաւ Ճեմարանի բակերէն մէկուն մէջ:

ՋԱՀ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Յակոբ Գառնէշեան, որ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ  վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտներուն, յայտնեց, թէ  ՀՅԴ Լիբանանի ՋԱՀ յանձնախումբի այս ծառատնկումի ծրագիրը կը միտի աշակերտութեան մէջ բնութեան հանդէպ բծախնդրութեան, նախանձախնդրութեան ոգին բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած իւրաքանչիւր ազատամարտիկի յիշատակին նուիրուած այս ծառերը կը պարտաւորեցնեն մեզ իրենց հայրենասիրութեան ոգիով շարունակելու մեր սրբազան ճանապարհը` հերոսական Արցախէն Նախիջեւան, Ջաւախք, Արեւմտահայաստան, դէպի ամբողջական Հայաստան:

Jemaran-26022014Գառնէշեան ներկայացնելէ ետք Վիգէն Զաքարեանի կենսագրականն ու նահատակ հերոսի յատկանիշները, խօսքը ուղղելով աշակերտութեան` ըսաւ, թէ իբրեւ Վիգէնի գրասեղաններու վրայ նստած Ճեմարանական աշակերտներ` Վիգէնի օրինակով ազգին ծառայելու ջահը ձեզի կը փոխանցուի:

Գառնէշեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց  դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, Վիգէն Զաքարեան ընտանիքի ներկայացուցիչ` Հուրի Զաքարեանը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչ Նորայր Նաճարեանը, ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչ Անի Կիւօքճեանը եւ երկրորդական կարգի դասարաններէն երկու աշակերտներ` կատարելու համար Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին ծառի զետեղումը:

Ձեռնարկին աւարտին աշակերտութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին անունով Վաչէ Ծատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՋԱՀ յանձնախումբին` բարձր գնահատելով տարուած աշխատանքն ու իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը:

Նախորդը

Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճին Մէջ . Ծառատնկում` Արցախեան Ազատամարտի Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

«Արուեստի Եւ Մշակութային Գործի Կազմակերպչական Աշխատանքը Բարեգործութիւն Չէ, Իսկապէս Մասնագիտութիւն Պարտադրող Ռազմավարութիւն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մինաս Լուռեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.