Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Սումկայիթի Զոհերու Հոգեհանգիստ` Անթիլիասի Մէջ

February 24, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

gatoghigԿիրակի, 23 փետրուար 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մայր տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»-ին մէջ: Դամբարանը կառուցուած է 1964-ին եւ հոն ամփոփուած են Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անթիլիասական շրջանի հայրապետներու եւ վախճանեալ միաբաններու աճիւնները:

Սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ միաբան հայրերէ եւ դպրեվանքի ուսանողներէ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ Մայր տաճարի հիւսիսային կողմը, ուր կառուցուած է դամբարանը:

Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հայոց հայրապետներու եւ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներու ճամբով ծաւալած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր առաքելութեան, որուն շարունակողն է կիլիկեան Ս. աթոռի այժմու գահակալը` Արամ Ա. կաթողիկոս, շրջապատուած` կիլիկեան Ս. ուխտի միաբանութեամբ:

Դամբարանին մէջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յիշուեցան Անթիլիասի մէջ հանգչող հայրապետներու եւ միաբան հայրերու անունները, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի զոհերը:

Հաւաքական սոյն հոգեհանգիստը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով կատարուող հայ եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան:

Նախորդը

Համազգայինի Բարերարներու Այցելութիւնը «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն Եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ

Յաջորդը

Պատերազմ Էր Հաւատքի Եւ Հայրենեաց Փրկութեան… «Հաւատքի Պատերազմը» Երգախառն Թատրոնի Ներկայացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։