Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Հարցով Հայաստան-Թուրքիա Ճակատում` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ

February 24, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախանշելով յաջորդ տարուան` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները, 29 յունուարին Հայոց ցեղասպանութեան հարցը առաջին անգամ ըլլալով քննարկուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան Ապահովութեան խորհուրդի նստաշրջանին ելոյթ ունենալով` «Պատերազմն ու անոր դասերը. մնայուն խաղաղութեան որոնումը» խորագիրով քննարկման ընթացքին, խօսքին սկիզբը նրբօրէն Թուրքիոյ ակնարկութիւն կատարեց` ՄԱԿ-ի խաղաղարար դերակատարութեան առնչութեամբ. «Ժողովուրդներուն միջեւ կերտել աւելի խոր հաշտութիւններ` ընդհանուր պատմութեան եւ տագնապալի անցեալի յիշողութեան հիման վրայ: Յաճախ այս գործընթացը կ՛ենթադրէ աւելին, քան պարզապէս` հռչակագրերու եւ բանաձեւերու ընդունումը, այցելութիւններն ու ծաղիկներ զետեղելը զոհերու յուշարձաններուն կամ պայմանագրերու եւ արձանագրութիւններու ստորագրութիւնն ու ձեռքսեղմումները: Որպէսզի հաշտութիւնը մնայուն ըլլայ, անհրաժեշտ է հաշուեյարդար կատարել անցեալին հետ, ճանչնալ եւ ընդունիլ կատարուած յանցագործութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:

Հայոց ցեղասպանութենէն դասեր քաղելուն մասին խօսելով` դեսպան Նազարեան յատկապէս նշեց, որ «հաշտեցման գործընթացը կրնայ ձգձգուիլ տասնամեակներ կամ նոյնիսկ սերունդներ: Ասիկա արդի ժամանակաշրջանի առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որ կատարուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի քողին տակ»: Հայաստանի ներկայացուցիչը շարունակեց. «Զանգուածային դաժան յանցագործութիւններու անպատժելիութեան վերացումը էական է արդարութեան վերականգնման համար»:

Դեսպան Նազարեան նաեւ ընդգծած է այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են ժողովուրդներուն միջեւ իսկական հաշտութեան համար. «Հաշտեցման հարցով յաջողութեան հասած ազգերն ու ժողովուրդները սովորաբար արդարութեան վերականգնման համար անցած են ընդարձակ գործընթացէ մը, որ կը ներառէ նաեւ փոխհատուցում զոհերուն եւ անոնց ժառանգներուն` անոնց ազգային արժանապատուութեան եւ ինքնութեան վերականգնման նպատակով: Նաեւ հրամայական է միաձայնութեամբ դէմ արտայայտուիլ պատմութեան աղաւաղման, պատմական ոճրագործութիւններու մերժման եւ ժխտողականութեան»:

Զարմանալի չէ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Հալիթ Չեւիքը իր պատասխան խօսքին մէջ հիմնականօրէն կեդրոնացաւ ապագային, եւ ոչ թէ իր երկրի արիւնոտ անցեալին վրայ: Չգիտակցելով, որ ինք կը դատապարտէ իր իսկ երկիրը, թուրք պատուիրակը պնդեց. «Բոլոր անոնք, որոնք պատասխանատու են շատ ծանր ոճիրներու, մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու, ցեղասպանութեան եւ պատերազմի յանցագործութիւններու, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»: Այնուհետեւ դեսպան Չեւիքը, շարունակելով խօսքը, կրկնեց իր կառավարութեան մաշած ժխտումները` հաստատելով. «1915 թուականի իրադարձութիւններուն առնչուած Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումները երբեք օրինականօրէն կամ պատմականօրէն հիմնաւորուած չեն եղած: Նոյն ծիրին մէջ չկայ քաղաքական, իրաւական համաձայնութիւն` այդ իրադարձութիւններուն բնոյթին վերաբերեալ: Մենք կը կարծենք, թէ պատմութենէն թշնամութիւն քաղելով, փորձելով ուրիշներուն վրայ բեռցնել մեղադրական եւ անցեալի վերաբերեալ միակողմանի տեսակէտ եւ կոչ ուղղելով ընտրովի կարեկցանքի` ճիշդ ճանապարհ չէ յարգանքի տուրք մատուցելու համար բազմաթիւ թուրքերու, հայերու եւ այլոց յիշատակին, որոնք կորսնցուցած են իրենց կեանքը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին: Ուստի, կարեւոր է առերեսուիլ պատմութեան ամբողջականութեան հետ, եւ պատմական փաստաթուղթերու եւ արխիւներու անկողմնակալ գիտական ուսումնասիրութեան միջոցով հաւանաբար կարելի ըլլայ ճիշդ դասեր քաղել պատմութենէն ու հասնիլ հասարակաց արդար յիշողութեան»:

Դեսպան Նազարեան, օգտուելով պատասխանի իր իրաւունքէն, խորին ափսոսանք յայտնեց` լսելով թուրք ներկայացուցիչին «խեղաթիւրուած բացատրութիւնները` Հայոց ցեղասպանութեան անհերքելի փաստին առնչութեամբ, որ խլած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ երիտթուրքերու տիրապետութեան օրօք ապրած 1.5 միլիոն հայ մանուկներու, կիներու եւ տղամարդոց կեանքը… Անիկա սկսած էր 1915 թուականի ապրիլ 24-ին եւ շարունակուած` մինչեւ 1923 թուականը. ատիկա ողջ ժողովուրդի մը համակարգուած եւ ծրագրուած սպանդ էր»:

Մանրամասնօրէն նկարագրելով տեղահանութիւններն ու ջարդերը` ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութիւն, դեսպան Նազարեանը հաստատեց. «Այս ոճրագործութիւնը ճանչցուած է (ՄԱԿ-ի) բազմաթիւ անդամ պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու, ներառեալ` ՄԱԿ-ի ու անոր ստորադաս մարմինի` Խտրականութեան վերացման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովին կողմէ»:

Դեսպան Նազարեանին ուղղուած իր երկրորդ պատասխանին մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը աւելի զգուշ եղաւ իր ժխտողականութեան մէջ. «Մենք չենք ըսեր, որ 1915 թուականին ոչինչ տեղի ունեցած է: Այդ իրադարձութիւնները չեն համապատասխաներ (ՄԱԿ-ի) 1948 թուականի համաձայնագիրով սահմանուած ցեղասպանութեան նկարագրութեան: Այժմ Հայաստանի պատուիրակութիւնը 1915 թուականի իրադարձութիւնները կը յարուցէ իբրեւ ցեղասպանութիւն` առանց անոր վերաբերեալ որեւէ բանաձեւի կամ Միջազգային դատարանի որոշման: Ուրեմն, ի՞նչ կ՛ակնկալէք, որ մենք…», նախքան իր յայտարարութիւնը աւարտելը հնչեց թուրք դեսպանին բջիջային հեռախօսը` ընդմիջելով անոր նախադասութիւնը:

Շատ հաւանական է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ բազմաթիւ նման ճակատումներ տեղի ունենան Թուրքիոյ հետ: Կը թուի, որ թուրք պաշտօնեաները չեն ալ գիտակցիր, թէ որքան շատ ժխտեն եւ ընդդիմանան հայկական գործողութիւններուն, այնքան աւելի շատ կը նպաստեն Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու տարածման: Մինչ այդ, շնորհիւ թրքական պատուիրակութեան կողմէ դեսպան Նազարեանի յայտարարութեան տուած երկու պատասխաններուն, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը լայնօրէն քննարկուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Ինչո՞ւ Է Վրաստանը Կենսական. Նոյեմբերեան` Հայաստանի Զարկերակը

Յաջորդը

Ռունի Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2019

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։