Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Սայտայի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փաքիստանը:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրող` Լիբանանի յաղթանակով, 3-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ Լիբանան յառաջիկայ շաբաթ բանակում մը պիտի կատարէ Պանքոքի մէջ:


