Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ՉՈՒԶԵՑԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԴԱՌՆԱԼ ՏՆԱՀԱ՛Ն ԵՒ ԱՔՍՈՐԵԱ՛Լ…»

June 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, խորագրեալ խօսքը շանթահարիչ դրսեւորումն է իմ հօրս ներաշխարհին մէջ յիսունէ աւելի տարիներու հոլովոյթով մնացած լուռ կոտտանքին…:

Այսօր կը տօնենք «Հայրերու օր»ը, որոնց նախատիպն է Հայր-Աստուած: Երկուքին` թէ՛ մարդկային անձին եւ թէ՛ աստուածային Անձին ամէն մարդ, մեծ ու պզտիկ, կրնայ ըսել եւ կրկնել. «Հա՛յր»:

Հայրն է պատճառը զաւակին էութեան, գոյութեան ու կեանքին: Անո՛ր որդին եմ ես: Ան ի՛մ հայրս է: Ո՞վ կրնայ «Հա՛յր» իմացութեան մէջ պարփակուած բոլոր զգացումները, տպաւորութիւններն ու մտածումները երեւակայել եւ դրսեւորել…:

Բառերուն ճշմարտագոյն բառն է: Այդ պատճառով Յիսուս Քրիստոս, յաւիտենական Խօսքը սկսաւ զաւակ մարդերուն Տէրունական աղօթքը «Հա՛յր» բառով: Դեռ աւելի, «Հա՛յր» բառով ստեղծեց այն կապը, որ կը վերածէ երկուքը մէկին. «Հայրը եւ ես մէկ ենք» (Յվհ. 10:30):

«Հա՛յր»ի առթած այս մէկութիւնը գիտէր իմ պարզ եւ անուս հայրս, որ կը հաւատար. «Տղա՛ս, երբեք չմոռնաս, որ Աստուած մեր Հայրն է: Իւրաքանչիւրի՛ս Հայրը»: Ստուգիւ, ի՛մ Հայրս, որ զիս կը սիրէ անհունօրէն, քանի անոր անփոխարինելի զաւակն եմ:

Աստուծոյ հայրութեան հաւատացած իմ ատանածին հայրս` Կարապետ Մ. Թոփալեան (1917-2002), որ իր Մկրտիչ հօր, իր Թերեզա մօր,  իր Մարի քրոջ, իր Առաքել, Յովհաննէս, Անդրանիկ եւ Սամուէլ եղբայրներուն հետ աքսորականն եղաւ քեմալական հալածանքներուն, միշտ երջանկութեամբ ու հպարտանքով ակաղձուն էր իր հայկականութեան համար:

Ատանացի-լիբանանահայ հայրս իր ջերմ հայկականութեան արժանավայել կեանք մը ապրեցաւ իր համեստութեամբ, իր աշխատասիրութեամբ եւ իր բարեպաշտութեամբ: Յայտնեմ, որ շատ չկրցայ վայելել իմ հայրս` քսանհինգ տարիներու պանդխտութեան մէջ ուսումնառութեանս եւ առաքելագործութեանս բերումով:

Ամէն անգամ, սակայն, որ տեսնէի իմ ընտանեսէր, պարտաճանաչ ու փութաջան հայրս, կը մտաբերէի մեր աստուածային Վարդապետին այս հրահանգը. «Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդերու աչքերուն, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան ձեր երկնաւոր Հօր» (Մտթ. 5:16):

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 1975-1976 տարիներուն` հայրս, զէնքը եւ վարդարանն իր ձեռքին, պաշտպանեց իր տունն ու շրջանը: Զղարթայի մէջ, քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներ շարունակ կը կրկնէին այս յորդորը. «Կարապետէն` այդ լիբանանցի հայէն գացէ՛ք, սորվեցէ՛ք պարտաճանաչութիւն եւ հաւատարմութիւն»:

Տարիներ ետք, երբ իր մօր կողմէն հայ իմ քեռիս` դոկտ. Ճորճ Ֆարշախ (ատենին հեռատեսիլի խօսնակ եւ լրագրող, այսօր` հեղինակ ու վիպասան բազմաթիւ յօդուածներու եւ գիրքերու), իր հիացումին մէջ հետաքրքիր, ուզած էր իմանալ պատճառը յոյժ բարի ու մարդասէր հօրս հայավայել այդ անդրդուելի տոկունութեան եւ դիմադրական կամքին, անկէ ստացած էր այս կտրուկ ու վճռակամ պատասխանը. «Չուզեցի երկրորդ անգամ դառնալ տնահա՛ն եւ աքսորեա՛լ»…:

Ընդհանրապէս, հայ մեր հայրերու, ու  յատկապէս, մեր «տնահան, աքսորեալ» պապերու եւ հայրերու դիմանկարը գեղագծելու յարգընծայ երկիւղածութեամբ առլցուն` կը մէջբերեմ Ս. Ընտանիքը ներկայացնող «Այնճար, 14 յունիս 2004» թուակիր յուշապատկերին այս որդիական ձօներգս. «Հայրս արդար էր, ինչպէս Ս. Յովսէփ: Երկրորդին երբ նայէի, կը տեսնէի դէմքը առաջինին»:

Պատի՜ւ մեր պապերուն, որոնք ծնան մեր հայրերը քաջարի:

Փա՜ռք մեր հայրերուն, որոնք ապրեցան իրենց կեանքը հայավարի:

Յաւերժութի՜ւն մեր ժողովուրդին, որուն զաւակներն ըլլալու արժանիքն ունենա՛նք նման մեր նախահայրերուն…:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Նախորդը

ՁՕՆ ՄԻՀՐԱՆԻՆ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐԱԾ «ԴՈՒՆ ՁՈՒԿ ՉԵՍ ՈՐ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ` «ԲՈԼՈՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՆ ԱԼ ԱՆԽՏԻՐ ՊԷՏՔ Է ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԵԼ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։