Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ, 7 փետրուարին, Սոչիի մէջ (Ռուսիա) ազդանշանը տրուեցաւ 22-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն:
1998-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հիւրընկալ երկիրը ձախողեցաւ խաղերուն առաջին օրը մետալի մը տիրանալ:
Առաջին ոսկի մետալին տիրացողը հանդիսացաւ ամերիկացի Սակը Քոթսենպըրկ (20 տարեկան), որ տղոց սնոպորտի մրցումներուն արձանագրեց 93,5 արդիւնք մը:
Սակայն հիւրընկալ երկիրը խաղերուն երկրորդ օրը տիրացաւ իր առաջին ոսկի մետալին` շնորհիւ Եուլիա Լիփնիցքայայի, որ աղջկանց ֆիկիւր սքէյթինկի մրցումին ապահովեց 67 կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները ապահովեցին 56 (Քանատա) եւ 50 (Միացեալ Նահանգներ) կէտ:


