Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտինի Մէջ Քրիստոնեայ Թուրքերուն Դէմ Մահուան Սպառնալիք

February 11, 2014
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» 

Թուրքիոյ մէջ առաջին օրէն ի վեր, երբ կը խօսուէր քրիստոնեաներու մասին, կ՛ակնարկուէր յոյներուն, հայերուն եւ Թուրքիոյ այն միւս հաւաքականութիւններուն, որոնք թուրք չէին: Բայց հիմա այլեւս երբ կը խօսուի քրիստոնեաներու մասին, թերեւս կ՛ակնարկուի թուրքերու, որովհետեւ թուրք հաւաքականութեան մէջ ալ կան մեծաթիւ անհատներ, որոնք քրիստոնէութիւնը ընդունիլ սկսած են: Եւ դժուար չէ ենթադրել, որ քրիստոնեայ դարձած թուրքերը հաշտ աչքով չեն դիտուիր իրենց շրջանակներուն, մանաւանդ իրենց ընտանիքին միւս անդամներուն ու ազգականներուն կողմէ: Անոնք նոյնիսկ ծանր յարձակումներու կրնան ենթարկուիլ:

Այսպիսի նոր դէպք մը պատահեցաւ Մարտինի մէջ: Տ. Կ. անուն թուրք երիտասարդ մը, որ անցեալ տարի կրօնափոխ ըլլալով` քրիստոնեայ դարձած էր, Կաղանդէն երկու օր առաջ առեւանգուեցաւ իր ընտանիքին անդամներուն կողմէ: Զինք առեւանգողները դաշոյն մը դրին կոկորդին ու պահանջեցին, որ ան ետ դառնայ ու ընդունի մահմետականութիւնը: Ան ալ վախցաւ ու ընդունեց: Բայց լուրը տարածուեցաւ, ու այդ շրջանի քրիստոնեայ եկեղեցւոյ առաջնորդ Է. Փ. շարժման անցաւ Տ. Կ.-ն փրկելու համար: Երբ այդ նպատակով եկաւ ու Տ. Կ.-ն ալ հետը առնելով` կառք նստաւ, շրջապատուեցաւ անծանօթներու կողմէ, ու երկուքն ալ ծեծի ենթարկուեցան: Ոստիկանները հասան ու երկու քրիստոնեաները փրկեցին նախայարձակներու ձեռքէն, բայց մահուան սպառնալիքի վտանգը կը շարունակուի, ու անոնք կը գանգատին, որ ոստիկանական պաշտպանութեան տակ իսկ առնուած չեն:

Այս առիթով դիտել տրուեցաւ, որ քրիստոնեայ թուրքերու վրայ զանազան յարձակումներ գործուած էին անցեալ տարուան ընթացքին ալ: Քրիստոնեայ դարձած թուրքերը ո՛չ պաշտամունքի ազատութիւնը ունին, ո՛չ ալ մանաւանդ` կեանքի ապահովութիւն:

Նշենք, որ այստեղ, երբ քրիստոնեայ կ՛ըսուի, կը հասկցուին բողոքականները, որոնց թիւը բազմանալ սկսած է թուրք շրջանակներէ ներս: Բողոքական եկեղեցիներու միութեան կողմէ 2013 թուականի համար պատրաստուած Մարդու իրաւունքներու տեղեկագրին մէջ յիշուած են հետեւեալ պատահարները.

*14 յունուար 2013: Ըսուեցաւ, որ Իզմիթի բողոքական եկեղեցիին առաջնորդին դէմ մահափորձ պիտի սարքուէր, այս պատճառով հսկողութեան տակ առնուեցան եկեղեցական ժողովներուն մասնակցող 9 հոգի, մէկը ձերբակալուեցաւ: Հակառակ որ տարի մը անցաւ, անոր դէմ տակաւին դատ չէ բացուած:

*26 մարտ: Եալովայի Ըշըք անուն եկեղեցին Զատիկի նախօրեակին երեք օրուան տաղաւար մը բացաւ քրիստոնէութեան մասին ժողովուրդին տեղեկութիւն տալու համար: Բայց երկրորդ օրը զանազան անձեր հակազդեցութիւն ցոյց տուին, եւ միութեան ղեկավարները ապահովութեան տնօրէնութիւն կանչուեցան: Վերջն ալ, այն պատրուակով, թէ 30 մարտին վարչապետը պիտի այցելէ քաղաք, պահանջուեցաւ, որ տաղաւարը վերցուի:

*12 ապրիլ: Տիգրանակերտի բողոքական եկեղեցին, որպէսզի սրբագրէ ժողովուրդին մօտ քրիստոնէութեան մասին առկայ սխալ տեղեկութիւններն ու նախապաշարումները, տաղաւար մը բացաւ թաղամասին մէջ: Բայց կարգ մը անձեր յարձակեցան քրիստոնեաներուն վրայ եւ սպառնալիքներ ըրին` ըսելով. «Արիւն պիտի հոսի, վերցուցէք այս տաղաւարը»: Այնուհետեւ տաղաւարը վերցուեցաւ:

*27 ապրիլ: Գուրթուլուշ անուն եկեղեցիներու միութեան Աթաշեհիրի ներկայացուցիչներու կեդրոնին վրայ 30-40 հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը ցուցարարներ քարերով եւ հաւկիթներով յարձակեցան:

*5 մայիս: Սամսոնի Ակաբէ անուն եկեղեցւոյ միութեան շէնքին առջեւ բացուած գիրքի տաղաւարը ենթարկուեցաւ 10 երիտասարդներու յարձակման: Նախայարձակները Աստուածաշունչերը պատառ պատառ ընելով` փողոց նետեցին:

*5 նոյեմբեր: Սամսոնի Ակաբէ անուն եկեղեցւոյ առաջնորդը վերջին անգամ եկեղեցւոյ ժողովներու մասնակցող երիտասարդի մը կողմէ հեռաձայնով սպառնալիքի ենթարկուեցաւ: Բայց հսկողութեան տակ առնուած երիտասարդը շուտով ազատ արձակուեցաւ: Սպառնալիքները այսօր ալ կը շարունակուին:

*28 նոյեմբեր: Զիրվէ հրատարակչատան սպանդին ականատես անձ մը սպառնալիքներու ենթարկուեցաւ եւ գանգատ ներկայացուց: Նոյն օրը Անգարայի Գուրթուլուշ անուն եկեղեցւոյ առջեւ մէկը պոռալով եւ հայհոյելով եկեղեցի մտնել ուզեց: Ոստիկանները ուշացան, եւ այդ պատճառով կարելի չեղաւ ձերբակալել նախայարձակը:

*15 դեկտեմբեր: Անգարայի Գուրթուլուշ անուն եկեղեցին գող մը մտաւ եւ գողցաւ այն համակարգիչը, որուն մէջ ապահովութեան արձանագրութիւններ կային:

Նոյն թուականին Անգարայէն, Պոլիսէն, Ուրֆայէն եւ Այնթապէն հասան լուրեր, որոնք կը խօսէին սպառնալիքի եւ յարձակումներու մասին:

Տիգրանակերտի բողոքականաց եկեղեցին եւ Կետիկփաշայի հայ բողոքականաց եկեղեցին դիմում կատարեցին, որպէսզի գործածեն Տիգրանակերտի մէջ վերանորոգութեան ենթարկուած հայկական Սուրբ Փրկիչ բողոքական եկեղեցին: Բայց այս դիմումին համար ստացուեցաւ բերանացի ժխտական պատասխան: Եկեղեցին այնուհետեւ Սուրի նահանգապետութեան յանձնուեցաւ, որպէսզի հոն կիներու համար ձեռային աշխատանքի դասաւանդութիւն կատարուի:

*Կեսարիոյ մայր քաղաքապետութեան կողմէ գործածուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին համար դիմում կատարուեցաւ, որպէսզի հոն պաշտամունք կատարուի: Բայց պատասխան չստացուեցաւ:

*Գուրթուլուշ եկեղեցիներու միութիւնը երկար տարիներէ ի վեր Չանգայայի քաղաքապետութեան դիմում կը կատարէ, որպէսզի պաշտամունքի տեղ մը յատկացուի, բայց այս տարի եւս արդիւնք չստացուեցաւ: Առաջարկուած երկու տեղերէն մէկը արդէն մզկիթի վերածուեցաւ: Իսկ երկրորդին համար ըսուեցաւ, որ ան կը պատկանի պետական գանձին:

*Կիւնկէօրենի բողոքականաց եկեղեցին քաղաքապետութեան գրաւոր դիմում կատարեց, որպէսզի պաշտամունքի տեղ մը ունենան: Իշխանութիւնները չուզեցին այդ դիմումին ընթացք տալ: Ըսին, որ քաղաքապետութիւնը քաղաքային հիմնարկ է եւ այսպիսի հարցով չի կրնար զբաղիլ: Բայց եկեղեցւոյ առաջնորդը պնդեց, եւ այն ատեն դիմումը ընթացքի մէջ դրուեցաւ, ղրկուեցաւ, որպէսզի Կրօնից տեսչութիւնը կարծիք յայտնէ այս մասին: Մարտ 2013-ին արդէն եկաւ ժխտական պատասխան:

*Բազմաթիւ օտարահպատակ բողոքականներու խումբեր սպառնալիքներու տակ մնացին, չկրցան վերանորոգել իրենց կեցութեան արտօնագրերը կամ ենթարկուեցան երկրէն հեռանալու ճնշումներու:

 

 

Նախորդը

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Կը Միջամտէ Արցախեան Հակամարտութեան

Յաջորդը

Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններու Իրաւանց Նուիրուած Գիտաժողով

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.