
Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի կազմը այս ամսուան ընթացքին օժտուեցաւ երկրորդ նորեկ մարզիկով մը, երբ Ասթոն Վիլայի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էշլի Եանկ միացաւ ախոյեանին: 25 տարեկան Եանկ, որ շուրջ 15 միլիոն փաունտի գումարով մը միացաւ մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմին, հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Նշենք, որ այս ամսուան սկիզբը Մանչեսթըր միացած էր (Պլեքպըրնէն) Անգլիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի յետսապահ Ֆիլ Ճոնզ:
Հակառակ անոր որ 2010-ի Մոնտիալի Եանկ նկատի չառնուեցաւ Անգլիոյ մարզիչ Ֆապիօ Քափելլոյի կողմէ, սակայն ան ազգային խումբին շապիկը կրած է 15 անգամ:


