Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ այսօր` հինգշաբթի, 6 փետրուարին կը մեկնի Սոչի (Ռուսիա)` ներկայ գտնուելու համար ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական բացման արարողութեան:
Բացման հանդիսութենէն ետք Համմամ եւ բոլոր մասնակցող երկիրներուն պատուիրակութիւններուն գլխաւոր անձերը եւ այլ անձնաւորութիւններ, ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը պիտի մեծարուին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախի կողմէ:
Այս ընթրիքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ:


