Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ազգային հաւաքականը բաւական լաւ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացաւ մէկ արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալի:
74 քկ դասակարգին մէջ արծաթ մետալին տիրացաւ Վահէ Թամրազեան, որ թէեւ հասաւ մինչեւ աւարտական, սակայն զիջելով վրացի իր մրցակիցին` Տաթօ Մարսակիշվիլիին, հանդիսացաւ երկրորդ:
55 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալին տիրացաւ Մատթէոս Սարոյեան, որ յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Մեհմետ Սոլիերին, հանդիսացաւ երրորդ:
Վերջապէս, 66 քկ դասակարգին մէջ Գրիգոր Գրիգորեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` յաղթելէ ետք հունգարացի իր մրցակիցին:
Այսպիսով, խմբային պայքարին մէջ Հայաստան գրաւեց 5-րդ դիրքը: Լաւագոյնը Ռուսիոյ եւ Վրաստանի հաւաքականներն էին:


