Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատանի» Մը` Անջրպետին Մէջ

January 25, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

antchrbed2013 թուականի վերջաւորութեան Անջրպետի միջազգային կայանը տօնեց իր 15-րդ տարեդարձը: Այս հսկայական փազըլին կազմութիւնը դիւրին չէ եղած:

20 նոյեմբեր 1998-ին ռուսական հրթիռ մը անջրպետ կը տանէր Անջրպետի միջազգային կայանին առաջին կտորը: Ներկայիս անիկա անջրպետին մէջ մարդուն կողմէ կազմուած ամէնէն մեծ առարկան է:

Այս կայանը շինուած է իբրեւ երկրագունդի եւ անջրպետի դիտարան մը:

Մեր գլուխներուն վրայ, 387 քմ բարձրութեան վրայ, անիկա բազմաթիւ երկիրներու կարելիութիւն կու տայ կատարելու իրենց գիտական ուսումնասիրութիւնները եւ փորձերը:

* * *

Անոր շինութիւնը եղած է հանգրուաններով, ինչպէս, օրինակ, լեկոյով խաղալիքի մը շինութիւնը:

Տասնեակներով հրթիռներ ղրկուած են անջրպետ` ամէն անգամ իրենց հետ կտոր մը տանելով: 2003 թուականին կայանին շինութիւնը կեցած է «Քոլոմպիա» անջրպետանաւի արկածէն ետք, որուն ընթացքին մահացան ամերիկացի եօթը աստղանաւորդներ:

Կայանին առաջին անձնակազմը, որ բաղկացած է 3 աստղանաւորդներ է, հոն կը հաստատուի նոյեմբեր 2000-ին: Կայանին շինութիւնը կ՛ամբողջանայ 2011 թուականին, երբ կը հաստատուի «Լէօնարտօ» վերջին անջրպետամեքենան: Այս տարի «Նոքա» անջրպետամեքենան պիտի փոխարինէ 2001-ին դրուած ուրիշ անջրպետամեքենայ մը: Այո, Անջրպետի միջազգային կայանը կը ծերանայ: Ըստ գնահատումներուն, անիկա պիտի շարունակէ աշխատիլ մինչեւ 2020, նոյնիսկ` մինչեւ 2028 թուական:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

– 2000 թուականէն ի վեր Անջրպետի միջազգային կայանը ընդունած է 39 անձնակազմ եւ 211 այցելու, որոնցմէ 7-ը անջրպետի զբօսաշրջիկներ էին: 2005 թուականէն ի վեր, հոն միաժամանակ կրնան մնալ 6 անձեր` 3 անձերու փոխարէն:

– Կայանը մեր մոլորակին շուրջ կը դառնայ միջին հաշուով 90 վայրկեանէն:

– Ամէն օր ան կը կտրէ երկրագունդէն լուսին երթուդարձի հաւասար հեռաւորութիւն մը:

– 2000 թուականէն ի վեր աստղանաւորդները 1000 ժամ անցուցած են կայանէն դուրս:

– Աւելի քան 1500 գիտական փորձեր կատարուած են հոն: Այդ փորձերէն մաս մը կարելիութիւն տուած է երկրագունդին վրայ մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրելու, օրինակի համար, մարդամեքենաներու կողմէ կատարուած վիրաբուժական գործողութիւններուն մարզին մէջ:

– Կայանին մէջ մնացող աստղանաւորդները կը փոխուին ամէն 6 ամիսը անգամ մը, եւ երբեմն անոնք իրենց հետ կը բերեն տարօրինակ առարկաներ, ինչպէս, օրինակի համար… ողիմպիական ջահը կամ «Քիրոպօ» մարդամեքենան:

 

Ո՞ր Մէկն Է Արեւուն Ամէնէն Մօտ Մոլորակը

payladsouՓայլածուն

  • Տրամաչափ` 4900 քմ
  • Արեւէն հեռաւորութիւն` 58 միլիոն քմ
  • Գտնուած է հին ժամանակներէն
  • Արբանեակներու թիւ` 0

Անունը

Հռոմէացիներուն մօտ փայլածուն (Մերքիւր) վաճառականութեան եւ ճամբորդութեան աստուածն էր: Նոյն ժամանակ ան աստուածներու պատգամաբերն էր: Հաւանաբար մոլորակը իր լատիներէն այս անունը ստացած է, որովհետեւ ան շատ շուտ կը դառնայ արեւուն շուրջ, 88 օրէն (մինչ երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ 365 օրէն):

payladsou-02Մոլորակին մասին

Փայլածուին շուրջ յատուկ մթնոլորտ մը գոյութիւն չունի: Միայն կազի բարակ խաւ մը կը շրջապատէ մոլորակը:

Անոր մակերեսը ծածկուած է փոսերով, լուսինի մակերեսին նման: Այս փոսերը յառաջացած են, երբ երկնաքարեր ինկած են մոլորակին վրայ: Այս փոսերէն ամէնէն մեծը կոչուած է «Քալորի աւազանը»: Անիկա ունի 1300 քմ տրամաչափ: Սակայն Փայլածուիpayladsou-01ն վրայ կան ուրիշ հարթ շրջաններ. անոնք հաւանաբար հալած լաւայի մնացած հետքերն են:

Փայլածուին մակերեսի խաւը շատ հաստ է, մօտաւորապէս` 1000 քմ: Ներքին խաւը համեմատաբար բարակ է եւ` ժայռերէ կազմուած: Վերջապէս, Փայլածուն ունի հեղուկ երկաթէ կազմուած հսկայ կորիզ մը: Անիկա կը ներկայացնէ ամբողջ մոլորակին 70 առ հարիւրը:

Փայլածուի վրայ օրը կը տեւէ մեր երկրագունդին 6 ամսուան տեւողութեան չափ: Ան ինքն իր վրայ դառնալու համար 6 ամիս կը դնէ, մինչ արեւուն շուրջ դառնալու համար` նուազ քան 3 ամիս:

 

Մատիտը Բոյսի Կը Վերածուի

madidՍփրաութ մատիտը (որ անգլերէն կը նշանակէ` «ծիլ») միայն տարօրինակ անուն մը չէ: Անիկա բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի:

Անոր առաջին առաւելութիւնը այն է, որ անիկա 100 առ հարիւր բնական է` շինուած մայրիի փայտով:

Ասոր կողքին, այս պարզ դասական մատիտի մը նման ան կը գործածուի գրելու համար, գծելու համար…

Եւ երբ Սփրաութ մատիտը կը հասնի իր կեանքի վերջաւորութեան, կարելի է զայն պարզապէս քիչ մը հողի մէջ ցանել:

madid-01

 

 

 

Հոս է, որ անակնկալը կը յայտնուի: Ան ծայրը պարզ ռետին մը ունենալու փոխարէն` ունի հատիկներով լեցուն եւ ջուրին մէջ հալող պզտիկ պատեան մը: Պզտիկ թաղարի մէջ այդ մատիտը կը վերածուի բոյսի մը կամ գեղեցիկ ծաղիկի:

 

Դրօշակը Կը Վերածուի
Դպրոցական Պայուսակներու

trochagԱշխարհի ամէնէն մեծ դրօշակը 101.000 մեթր քառակուսի է: Անիկա հաւասար է 19 ֆութպոլի դաշտերու մեծութեան: Անիկա ներկայացուած է դեկտեմբեր 2013-ին, Քաթարի մէջ, երկրին ազգային տօնին առիթով: Այս ձեւով ան արձանագրուած է «Կինես»-ի գիրքին մէջ:

Դրօշակը մութ կարմիր եւ ճերմակ է եւ կը կշռէ 10 թոն:

Զայն շինելու համար գործածուած կտորը 3 օդանաւերով փոխադրուած է: Այժմ դրօշակը պիտի վերամշակուի: Անիկա պիտի գործածուի դպրոցական պայուսակներ շինելու համար: Այդ պայուսակները պիտի բաժնուի կարիքաւոր 200 հազար աշակերտներու, 60 երկիրներու մէջ:

 

Ռուփի` Աշխարհի Գագաթին Վրայ

everestԽեղճ Ռուփի շան կեանքը դիւրին չէր սկսած: Անոր տէրը` նախկին կոլֆ խաղցող մարզիկ Ժոան Լեֆսըն զայն գտած էր շատ խեղճ վիճակի մէջ, Թիպեթի մէջ, աղբանոցի մը մօտ:

Ան կրցած է անասունին հոգ տանիլ. Ռուփի իր ուժերը վերագտած եւ սկսած է Ժոանին ընկերանալ ամէն տեղ:

Ժոան յղացած է իւրայատուկ գաղափար մը, շունը իրեն հետ տանիլ` մագլցելու աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթը` Էվերեսթը: Ան այս ձեւով ո՛չ միայն ուզած է Ռուփիի հետ ապրիլ այս արկածախնդրութիւնը, այլ` այս միջոցով մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել անասուններու հետ վատ վերաբերումին վրայ:

Այս ձեւով, հոկտեմբեր 2013-ին Ռուփի եղած է առաջին ընտանի անասունը, որ մագլցած է Էվերեսթը: Ան շատ լաւ դիմացած է բարձրութեան դժուարութիւններուն: Ժոան կը կարծէր, թէ ինք ստիպուած պիտի ըլլար զայն շալկել կարգ մը տեղեր, սակայն անասունն է, որ խումբին գլուխը անցնելով` ուղղած է դէպի գագաթ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող 17 անբնական մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող 17 անբնական մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեւով ներկէ 3-ով բաժնուող թիւերը` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Սեւով ներկէ 3-ով բաժնուող թիւերը` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը տախտակին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը տախտակին մէջ:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1964)

Յաջորդը

Քարլոս Սայադեան. Հայրենի Ժամանակակից Գեղանկարչութեան Նշանակալի Դէմքերէն

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.