Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին. Տեղի Ունեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «Օրֆընզ Աֆ Տը Ճենոսայտ» Ժապաւէնին Առաջին Ցուցադրութիւնը

January 24, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bared4Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 23 յունուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի «Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» («Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ») վաւերագրական ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով անգլերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նարինէ Պուլղուրճեան: Ան նշեց, որ միայն կրնանք երեւակայել, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը ինչպիսի՛ արհաւիրքներ տեսած են, զարմանալ անոնց վերապրումին մասին եւ մեր գլուխը խոնարհեցնել` յարգելով անոնց յիշատակը, Հայ դատի ջահը վառ պահելնուն եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելնուն համար:

Նարինէ Պուլղուրճեան
Նարինէ Պուլղուրճեան
Ցոլեր Թալաթինեան
Ցոլեր Թալաթինեան

«Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը չկրցան Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը տեսնել, սակայն որբերուն շառաւիղները այսօր ականատես կը դառնան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի արշաւին մէջ թրքական կառավարութեան ներդրած հսկայական գումարներուն», ըսաւ Պուլղուրճեան:

Ապա ՀՅԴ տեղեկատուական-քարոզչական գրասենեակի պատասխանատու Ցոլեր Թալաթինեան կարդաց վաւերագրական ժապաւէնի գլխաւոր հովանաւոր Ալեքքօ Պէզիքեանի արաբերէն խօսքը, որուն մէջ ան նշեց.

«Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայութիւնը կը պատրաստուի արժանավայել ձեւով նշելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

«Լիբանանը Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն մէջ Ցեղասպանութենէն ետք վերապրած որբերու առաջին կեդրոններէն հանդիսացաւ: Այստեղ էր, ուր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ որբերը մեծ դժուարութիւններու, չարչարանքներու մատնուելով, հասակ առին, որբանոցներէն դուրս գալով արհեստ սորվեցան, ուսում ստացան, հայկական ընտանիք կազմեցին, եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ հիմնեցին եւ մանաւանդ հայկական պահանջատիրութեան ոգին վա՛ռ պահեցին:

«Որբերու սերունդն էր, որ ապրելով Ցեղասպանութիւնը, կորսնցնելով ծնողք եւ ամէն ինչ, վերստին կրցաւ յարութիւն տալ մեր ազգին` մոխիրներէն վերյառնելով եւ թշնամիին ծրագիրը ձախողցնելով:

«Անթիլիաս, Ղազիր, ժիպէյլ, Անթուրա: Ահաւասիկ այն կեդրոնները, ուր հակառակ թշուառութեան, հակառակ անօթութեան, հակառակ հոգեբանական ծանր պայմաններուն, անոնք հայօրէ՛ն եւ պատուով կրցան յաղթահարել իրենց ճակատագիրի դառն  վիճակը եւ կերտել լիբանանահայ գաղութը:

«Այն գաղութը, որ ահաւասիկ 100-ամեակէ մը ի վեր բարձր կը պահէ պահանջատիրութեան դրօշակը: Այս գաղութն է, որ  կը շարունակէ պատրաստել եկեղեցականներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, գործիչներ: Այս գաղութն է, որ հսկայածաւալ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէ եւ թշնամիէն կը պահանջէ իր եկեղեցիները, կալուածներն ու հողերը:

«Այս ժապաւէնին հերոսներուն կարեւոր մէկ մասը Լիբանանի մէջ հաստատուած որբերն են: Այս ժապաւէնին բեմադրիչը լիբանանահայ  է: Այս ժապաւէնին հովանաւորը լիբանանահայ է, որուն  հայրը այդ որբերէն մէկն էր եւ որ իր պատասխանը տուաւ ցեղասպանին հա՛յ ընտանիք կազմելով, հայերէն խօսելով, հայերէն աղօթելով եւ հայերէն պայքարելով:

«Մենք  բոլորս, այն ինչ որ ենք իբրեւ հայկական գաղութ եւ  իբրեւ սփիւռք, կը պարտինք այդ որբերուն սերունդին: Այդ սերունդն է, որ այս ժապաւէնով կը ծանօթացուի աշխարհին: Այս ժապաւէնը պէտք է շրջի աշխարհի տարբեր երկիրներ, որպէսզի մարդկութիւնը իմանայ հայ որբերուն պատճառ դարձած Ցեղասպանութեան մասին եւ որպէսզի թշնամիէն պահանջուի հատուցում հայ ժողովուրդի բոլո՛ր իրաւունքներուն:

Պարէտ Մարոնեան
Պարէտ Մարոնեան

«Այդ որբերու սերունդի յիշատակին մենք մինչեւ վերջ պիտի շարունակենք պահանջել մեր իրաւունքները»:

Վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացնէ հայ որբերուն կեանքը, պատմական իրողութիւնները փաստերով եւ վկայութիւններով: Վերապրողներու զաւակներ եւ թոռնիկներ կը պատմեն իրենց ծնողներու չարչարանքը, թէ ինչպէ՛ս հասած են Միացեալ Նահանգներ, Քանատա կամ Լիբանան:

Ժապաւէնը կը նկարագրէ որբանոցներուն պատմութիւնը, որբերուն իրավիճակը եւ գոյատեւելու պատճառը:

Բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան ցուցադրութենէն ետք յայտնեց, որ ժապաւէնը նկարահանած է Ֆրեզնոյի, Նիւ Եորքի, Մոնրէալի եւ այլ քաղաքներու մէջ` աւելցնելով, որ 3 տարի տեւած է ժապաւէնին պատրաստութիւնը, որուն իրականացման մէջ իր ներդրումը ունեցած է Պէզիքեան ընտանիքը, որուն միջոցով կարելի եղած է աւարտին հասցնել ժապաւէնը:

Ան այս առիթով դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Պէզիքեան ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ժապաւէնին պատրաստութեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ արդէն կը պատրաստէ «Ուումըն աֆ 1915» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ ոչ հայ կիները, որոնք օժանդակած են հայերուն: Այս ժապաւէնին մէջ եւս Լիբանանը ներառուած է` նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ լիբանանցի կիներ օգնած են հայերուն, շեշտելով, որ Լիբանանը իսկապէս ամէնէն հիւրընկալ երկիրն է:

Մարոնեան Վաչէ Ծատուրեան
Մարոնեան Վաչէ Ծատուրեան

Իր խօսքի աւարտին Մարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան:

Ապա Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ Վաչէ Ծատուրեան յուշանուէր մը յանձնեց Պարէտ Մարոնեանին` առ ի գնահատանք անոր տարած ազգանուէր աշխատանքին:

 

Նախորդը

Կրօնական Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Համացանցը Աստուծոյ Պարգեւը Նկատած Է

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.